ԶՈՀԵՐՈՒ ԹԻՒԸ ԱՐԴԷՆ 16
Երեւանի «Սուրմալու» մեծածախ առեւտուրի կեդրոնի ընդարձակ համալիրէն ներս շաբաթավերջին պատահած սաստիկ պայթումը արդէն յեղաշրջած է հայ իրականութեան օրակարգը։ Մէկ կողմէ դէպքին պատճառած ցնցումն ու անխուսափելիօրէն օրակարգի վրայ եկած մտահոգիչ հաւանականութիւնները, իսկ միւս կողմէ մարդասիրական ծանր հետեւանքները ստեղծած են այնպիսի համայնապատկեր մը, որու վրայ ծնունդ կ՚առնեն բազում հանգամանքներ։ Ժամերը որ կ՚անցնին, արդէն աղէտի համազօր այս ողբերգութեան հանրագումարը հետզհետէ կը ծանրանայ։ Ըստ պաշտօնական աղբիւրներուն, պայթումի հետեւանքով զոհուածներու թիւը արդէն 16-ի բարձրացած է։ Հայաստանի Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան բանբեր Հայկ Կոստանեան այս առաւօտ տեղեկացուց, որ 16 զոհերէ 13-ին ինքնութիւնը արդէն պարզուած է։ Զոհերու շարքին գտնուած են յղի կին մը եւ իր երեխան։ Ըստ վերջին տուեալներուն, ներկայիս կորսուածներու թիւն է 9։ Երեւանեան աղբիւրներու հաղորդումներով, զոհերու շարքին կան նաեւ օտարերկրեայ քաղաքացիներ։ Այսպէս, 16 զոհերու շարքին 7-ը Ռուսաստանի Դաշնակցութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան քաղաքացի է։
Բնականաբար, այս ծանր պահուն մարդիկ մէկ կողմէ կորուստներու ցաւը կը սգան, իսկ միւս կողմէ ամբողջ թափով եւ հեւքով որոնողափրկարարական աշխատանքներ յառաջ կը տարուին։ Նոյն եռանդն ու վճռականութիւնը կը ցուցաբերուի նաեւ վիրաւորներու դարմանման նպատակով։
Հայաստանի հրշէջ գունդը երէկ տեղեկացուց, որ պայթումի հետեւանքով ծագած հրդեհը արդէն ամբողջութեամբ մարուած է։ Այժմ փլատակներու վերացման ուղղութեամբ յամառ աշխատանք կը տարուի։ Սա ամենադժուար ու ծանր փուլերէն մին է, որովհետեւ ամէն ինչ կ՚ընթանայ ժամանակի դէմ։ Իւրաքանչիւր վայրկեանի խնայումը կրնայ նշանակել փլատակներու տակ մնացած վիրաւորի մը կեանքին փրկութիւնը։ Հետեւաբար, լարուած, պրկուած ձեւով կ՚ընթանայ ամէն ինչ։ Փլատակներու այն հատուածներէն ներս, ուր տեղեկութիւն կայ, թէ կրնան ըլլալ մարդիկ, մեծ սարքաւորումներ չեն օգտագործուիր եւ աշխատանքները, ըստ էութեան, կը կատարուին ձեռքով։ Իր կարգին, Հայաստանի Արտակարգ իրավիճակներու նախարար Արմէն Փամպուխչեանն ալ երէկ տեղեկացուցած էր, որ որոնողափրկարարական աշխատանքները համալրուած սարքաւորումներով յառաջ կը տարուին։ Ան յայտնեց, որ փրկարարներու պակաս խնդրոյ առարկայ չէ եւ դաշտի վրայ որոնողափրկարարական աշխատանքները կ՚իրականացուին առանց դադարի։ Միեւնոյն ժամանակ, երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ նախարարը բացառած էր այս դէպքին ահաբեկչութիւն մը ըլլալու հաւանականութիւնը։ Հայաստանի Առողջապահութեան նախարար Անահիտ Աւանէսեանն ալ երէկ յայտնեց, որ հիւանդանոցներու մէջ դարմանման տակ առնուած վիրաւորներու ընդհանուր կացութիւնը առայժմ կը համարուի բաւարար։ Այս առաւօտ հասած լուրերուն մէջ ալ արդէն նկատելի դարձած է, որ կարգ մը վիրաւորներու դարմանումը աւարտած է։ Հիւանդանոցներու մէջ բուժուած վիրաւորներու վերաբերեալ վիճակագրական տուեալները կ՚ապացուցանեն, որ անոնց թիւը կը նուազի։ Ըստ վերջին լուրերուն, հիւանդանոցներու մէջ դարմանման տակ մնացած է 7 վիրաւոր։
Հայաստանի Քննչական կոմիտէն ալ երէկ երեկոյեան ժամերուն հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը։ Այս առթիւ շեշտուեցաւ, որ պատկան մարմինները անյետաձգելի գործողութիւններով կը ջանան պարզել դէպքին վերաբերեալ բոլոր հանգամանքներն ու մանրամասնութիւնները։ Պայթումին զուգահեռ ձեռնարկուած հարցաքննութեան ծիրէն ներս շուրջ երկու տասնեակ անձ հարցաքննուած է։ Հարցաքննութիւնը ընթացքի մէջ է։
Միւս կողմէ, ստեղծուած ծանր իրավիճակին մէջ արտաքին աշխարհէն ալ զօրակցութեան պատգամներ կը հասնին Հայաստանին՝ մասնաւորապէս դէպքին ամենաբարձր մակարդակի վրայ արձագանգած են Ռուսաստանի, Ֆրանսայի եւ հարեւան Վրաստանի ղեկավարութիւնները։
ՆՈՐ ԱՀԱԶԱՆԳ
«Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնէն ներս պատահած պայթումը Երեւանի մէջ կեանքը տակնուվրայ ըրած է։ Հանրային կարծիքը մտահոգութեան մէջ է եւ իր մտքին մէջ առկայ են բազում հարցականներ, հակառակ պաշտօնական մարմիններու հերքումներուն կամ յորդորներուն։ Այս առաւօտեան ժամերուն Երեւանի մեթրոյի կայարաններուն մէջ պայթուցիկ սարքերու տեղադրուած ըլլալուն վերաբերեալ ահազանգներ հասան։ Ուղեւորներու փոխադրումը ժամանակաւորապէս դադրեցուեցաւ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան պատկան յատուկ նշանակութեամբ ջոկատները իսկոյն աշխատանքի ձեռնարկեցին՝ կացութիւնը պարզելու համար։