ՁԵԶԻ ՀԵՏ Կ՚ԱՊՐԻՄ…

Սիրելի հայաստանաբնակ հայորդիներ,

Ապրած եմ Լիբանանի պատերազմի արհաւիրքը։ Ապրած եմ «մահուան շուքի ձորի մէջէն» անցնելու փորձառութիւնը։ Տեսած եմ հարազատներու եւ բարեկամներու մահն ու ռումբերու եւ պայթումներու պատճառած քանդումներն ու անոնց հոգեկան եւ հոգեբանական հետքը՝ վախը եւ ցաւը, բոլորիս ներաշխարհին վրայ։

Մեր հայրենիքը կ՚ապրի շատ մը մարտահրաւէրներ եւ անոնց վրայ եկաւ աւելնալու «Սուրմալու»ի ահաւոր պայթումը։ Ունինք զոհեր, վիրաւորներ եւ փլատակներու տակ կորսուած հայորդիներ։ Կ՚ապրիք պայթումին ահն ու սարսափը։ Կը հասկնամ ձեր ցաւը եւ վախը, որովհետեւ անձնապէս ապրած եմ այդ բոլորը։

Ձեզի հետ կ՚ուզեմ բաժնել Աստուածաշունչէն Պօղոս առաքեալի նամակներէն հետեւեալը, որ ինծի համար եղաւ մղիչ ուժ՝ տոկալու պատերազմի դժուար պայմաններուն. «Վասնզի Աստուած մեզի երկչոտութեան հոգի չտուաւ, հապա զօրութեան ու սիրոյ եւ զգաստութեան» (Բ. Թուղթ առ Տիմոթէոս 1.7)։

Քրիստոսի հոգին մեզի կու տայ զօրութիւն, որպէսզի կարենանք յաղթել ցաւին եւ մահուան՝ ինչպէս Ինք յաղթեց խաչին վրայ։

Քրիստոսի հոգին մեզի կու տայ սէր, որպէսզի կարենանք շինել նորը՝ ինչպէս ինք շինեց նորը իր յարութեամբ։

Քրիստոսի հոգին մեզի կու տայ զգաստութիւն, որպէսզի կարենանք որոշել, թէ ի՞նչ պիտի ընենք՝ ինչպէս ինք որոշեց եւ ըրաւ, երբ աշխարհ եկաւ, որպէսզի մեզի կեանք շնորհէ։

Թող որ Քրիստոսի այս հոգին մեզ գօտեպնդէ այսօր, որպէսզի կարենանք մեր երկչոտութիւնը՝ իմմա ցաւերը, վերածել հաւատքի. այն հաւատքը, որ մեզ պիտի ապրեցնէ։ Եւ այս հաւատքով կերտենք յոյսը՝ նոր կեանքի ու ապագայի տեսլականով։

Սուրբ Հոգիին մխիթարութիւնը կը հայցեմ բոլոր սգաւորներուն։ Վիրաւորներուն շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթեմ եւ կը յուսամ կորսուած հայորդիներուն շուտով գտնուիլը փլատակներուն տակէն։

Կ՚ապրիմ ձեզի հետ՝ ձեր ցաւը, բայց նաեւ յոյսը։

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 17, 2022