ԽԱՒԱՐ ՈՒ ԼՈՅՍ

-Այս ի՞նչ ծուխ է: Մեր տան մօտերը հրդեհ մը բռնկած է: Արեւիկ, չըլլա՞յ դուն տունը հրդեհեցիր, կատակով հարցուց Արին:

-Սպասէ յիշեմ՝ կազօճախը գոցա՞ծ եմ: Այո՛, գոցած եմ: Կը յիշեմ՝ կաթին տակը մարեցի, վերջը տունէն դուրս ելայ, վստահ պատասխանեցի ես ու խորունկ շունչ մը քաշեցի: Վստահաբար վառուողը մեր տունը չէ:

-Տեսնես ո՞ւր կը վառի, բարձրաձայն խորհեցաւ Արին ու մենք շարունակեցինք մեր ճանապարհը:

Սուրբ Մարիամ Աստուածածինի Վերափոխման տօնն էր: Ինչպէս ամէն կիրակի՝ շտապած էինք եկեղեցի: Սուրբ եւ անմահ պատարագին մասնակցելէ վերջ նախապէս որոշած էինք սրճարանի մը մէջ նախաճաշել: Ամուսինս՝ Արին, զիս կ՚ուզէր ուրախացնել: Ես ալ սիրով ընդունեցի հրաւէրը:

Մեր տունը «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնէն հարիւր մեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի: Երեկոյեան դրացիները պատմեցին, թէ պայթիւնի պահուն մեր շէնքը ցնցուած է. ուր որ է պիտի կոտրէին պատուհանները: Մարդիկ շատ վախցած են: Իսկ մենք այդ ընթացքին Տիրոջ կը մատուցէինք մեր սրբազան պարտքը:

Արին իր հեռաձայնը քիչ մը քչփորելէ վերջ յայտնեց, թէ պայթիւնը տեղի ունեցած է «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ: Թերեւս, անուշադրութեան, անփութութեան պատճառաւ խանութի մը մէջ հրդեհ բռնկած է, խորհեցանք մենք:

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն մինչեւ Հիւսիսային պողատայ, գրեթէ մէկ քիլօմեթր ճամբան անցանք ճեմելով: Ինչպէս միշտ, Երեւանը աշխոյժ էր: Բազմաթիւ զբօսաշրջիկներ ու տեղացիներ այս ու այն կողմ կը պտտէին, կ՚երթային ու կու գային: Մարդոց դէմքերը նոյնն էր, ոչ մէկ տխրութիւն կամ անհանգստութիւն կը նշմարուէր մայրաքաղաքիս մէջ:

Ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս ճանապարհին հանդիպեցայ Հայաստանի մեծահարուստներէն, ազգադաւ իշխանութեան ծառաներէն՝ պատգամաւոր Խաչատուր Սուքիասեանին: Միեւնոյն ժամանակ, այս նիւթապաշտ որկրամոլը, կը հանդիսանայ իմ դրացին. մեր տան պատուհանէն կ՚երեւի անոր շքեղ ու հսկայական դղեակը: Վերջինիս հետ մեր ճանապարհները յաճախ կը սերուին: Եւ ամէն անգամ ես կ՚ունենամ տրամադրութեան անկում:

Հինգ-վեց թիկնազօրով, քիթը վեր տնկած, մեծ փորը ցցած, ինքնագոհ ու ինքնաբաւ, խաղաղ կը ճեմէր Կրզոն: Յայտնի երեսփոխանի կեղծանունն է Կրզօ: Թշշացող պատերազմէն կը բուրէր խաղաղութիւն: Անհանգիստ ժամանակներուն մարդիկ իրենց հոգիները հասցուցած են խաղաղութեան, կողպելով զայն անտարբերութեան կողպեքով:

Մինչեւ ուշ երեկոյ մենք ալ ունեցանք խաղաղ ու ներդաշնակ երեկոյ մը՝ մինչեւ տուն հասնիլը: Օրուան ընթացքին հրդեհը մեր միտքին մէջ էր: Կը համբերէի տուն հասնիլ ու պարզել պատճառը:

Երանի մեր անհոգ ու անվտանգ ժամանակներուն, տարիներուն, որ այդպէս ալ գնահատել չսորվեցանք: Հայաստանը այլեւս անվտանգ ու խաղաղ չէ: Անտեսելով ու արհամարհելով բոլոր արհաւիրքներն ու դժուարութիւնները՝ մենք պիտի շարունակենք ապրիլ ու արարել մեր աստուածատուր հայրենիքին մէջ: Այս բոլոր ողբերգութիւններն ու դաժանութիւնները տեսակ մը կը կոփեն իմ սիրտն ու հոգին: Ամէն ցաւի ու աղէտի հետ միասին, ա՛լ աւելի կը զօրանայ իմ սէրն ու հաւատքը առ Աստուած ու առ հայրենիք: Ամէն օր աւելի շատ կը սիրեմ ու կը փայփայեմ վիրաւոր հայրենիքս:

Աշխարհը փուլ եկաւ գլուխիս, երբ բացի դիմատետրի էջս: Ուրեմն Հայաստանը արնաքամ կ՚ըլլար, իսկ մենք կը վայելէինք մեր կիրակին: Ուրեմն, ժամեր շարունակ մայրաքաղաքիս մէջ մտահոգ, տխուր, տամուկ աչքեր չտեսանք: Տէր իմ, այս ո՞ւր հասանք: Այս ի՞նչ տեսակ արարածներ ենք մենք: Այդ երբուընէ՞ ի վեր ազգային ողբը, սուգը, մեր ամէնքինը չէ: Բազմաթիւ զոհեր ու վիրաւորներ, անյայտ կորածներ... Երկիրս, սրբավայրս արնաքամ կ՚ըլլայ, ամէնուր արեան գետեր են: Մինչեւ ե՞րբ... Այս հարցերուն պատասխանը ես ունիմ:

Երկիրս կը շարունակէ արիւնահոսիլ, ողբերգութիւնը ողբերգութեան ետեւէն: Այս մէկը վստահաբար միւսներուն պէս՝ փայլուն կերպով կազմակերպուած ու իրականացուած է: Կը փորձեն այս ամէնը մատուցել, փաթեթաւորել դժբախտ պատահարի ծրարին մէջ՝ ապարդիւն: Մեր ողբերգութեան մէջ իրենց ներգրաւածութիւնը ունի արտաքին աշխարհը: Այստեղ կը գործէ յայտնի ձեռագիր մը, որ կը շարունակէ մնալ քօղարկուած:

Այս բոլորին մէջ առաւել մեծ ցաւ պատճառեց մարդոց, հայերուն անտարբերութիւնը: Երեւանի մէկ հատուածին մէջ մարդիկ կը մահանան, իսկ քանի մը քիլօմեթր անդին համերգ է՝ քէֆ ուրախութիւն: Եւ ռուս աղջիկն է, որ ամօթանք կու տայ համերգի մասնակիցներուն: Իսկ մասնակիցները կը ծաղրեն վերջինս: Ցաւէն այլեւս խենթացեր ու անզգայ դարձեր ենք: «Սուրմալու»ի յարակից տարածքէն ուշ երեկոյեան կը լսուին հրավառութեան ձայներ. տեղ մը հարսանիք է՝ կամ ծնունդ: Բնաւ չենք ամչնար, որ մեր ուրախութեան աղաղակները եւ անտարբերութեան սառնութիւնը կը հասնին փլատակներուն տակ մնացածներու ականջներուն: Միւս կողմէ ալ հարիւրաւոր կամաւորներ, աշխատանքային օրուան աւարտին, գերյոգնած հրշէջներուն օգնութեան կը շտապեն: Բազմաթիւ երիտասարդներ ինքնամոռաց լծուեցան որոնողական աշխատանքներուն:

Խաւարը կը շարունակէ հետապնդել մեր ժողովուրդը, սակայն Աստուծոյ կամօք նորէն պիտի յառնենք:

Թող Աստուած լուսաւորէ բոլոր զոհերուն հոգիները, վիրաւորներուն ընծայէ առողջութիւն, իսկ մեր ազգին ու անյայտ կորածներու ընտանիքներուն՝ յոյս, հաւատք ու համբերութիւն:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 17, 2022