ՅԵՏՄԱՐԴԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆԸ

Յետմարդասիրութիւնը (posthumanism) կը քննադատէ դասական մարդասիրութիւնը եւ կը կարեւորէ կեանքը, ոչ թէ մարդիկը։ Անդրմարդասիրութիւնը (transhumanism) կապ չունի յետմարդասիրական հայեացքներու հետ։ Ցաւօք, երկու հասկացութիւնները յաճախ կը շփոթուին թեքնոլոժիի պատճառով։ Յետմարդասէրներ թեքնոլոժին կը տեսնեն՝ որպէս ուղեկից եւ այդպէսով կը դիտարկեն բնութիւնը, մինչդեռ անդրմարդասէրներ մահուան դէմ թեքնոլոժին յառաջ կը քշեն եւ գրեթէ կը սրբացնեն զայն։

Անդրմարդասիրութիւնը յետմարդասիրութեան մէկ մասն է։ Անդրմարդասիրութիւնը նպատակ ունի բարձրացնել մարդու բանականութիւնը, իմաստութիւնը եւ մարմնի ծինական յատկութիւնները։ Սակայն, յետմարդասիրութիւնը փիլիսոփայութիւն է, որ կը ներառէ բարոյական արժէքներ։ Մարդասիրութիւնը բանականութեան եւ մարդկութեան տիեզերքի կեդրոնին տեղադրումն է եւ հիմնականին կը հակադրուի կրօնական համոզումներուն։ Ահա թէ ինչո՛ւ մարդասիրութիւնը ուղղակիօրէն յանգած է «ժողովրդավարացման», գաղութացման, անհատականացման եւ վայրենի դրամատիրութեան արդարացման ու բնականոնացման։

Մարդը միայն ինքզինք տեսած է բնութեան եւ տիեզերքի կեդրոնին եւ ենթադրած է, որ ամէն ինչ կարելի է հասկնալ միայն մարդկային բանականութեամբ։ Մէկ խօսքով՝ մարդիկ իրենց եւ այլ կենդանի էակներու միջեւ պատնէշ սահմանած են եւ «բանականութիւն» անուան տակ վնասած՝ բնութիւնը, շրջակայ միջավայրն ու միւս կենդանիները։

Յետմարդասիրութիւնը, միւս կողմէ, կը զննէ մարդասիրութեան թերութիւնները։ Մարդասիրութիւնը կը պնդէ, որ մարդկային միտքը օժտուած է տիեզերքի գերագոյն բանականութեամբ, սակայն յետմարդասիրութիւնը յառաջ կը քշէ, թէ մարդկային միտքը սահմանափակուած է ուղեղով։ Թէեւ մարդասիրութիւնը բարոյապէս վտանգ կը սպառնայ այլ կենդանի արարածներու եւ աշխարհի գոյութեան, սակայն յետմարդասիրութիւնը հետամուտ է յաղթահարել այդ խնդիրները, մարդիկը մօտեցնել բնութեան եւ մարդոց միջեւ վէճերու կամ պատերազմներու պատճառ դարձող տարբերութիւնները հեռացնելով հասնիլ հասարակաց յայտարարի։

Հաշուի առնենք կատարուած բոլոր անբարոյական արարքները։ Մեզմէ ոմանք կը կարծեն, թէ այդ անբարոյականութիւնը պայմանաւորուած է «մարդկային բնոյթով»։ Ահաւասիկ, յետմարդասիրութիւնը նպատակ ունի վերացնել այդ արատները։ Միւս կողմէ, անդրմարդասիրութիւնը միջոց մըն է լուծելու խնդիրները, որոնք կը յառաջանան միայն մարմնական թերութիւններէն։

Մէկ խօսքով՝ եթէ անդրմարդասիրութիւնը ֆիզիքական նպատակ մըն է, ապա յետմարդասիրութիւնը՝ փիլիսոփայական, բարոյական։ Անդրմարդասիրութիւնը իր էութեամբ, փիլիսոփայականօրէն մարդասիրութեան զարգացման այդքան ալ չի նպաստեր, սակայն յետմարդասիրութիւնը նպատակ ունի մարդկութիւնը բարձրացնել դէպի նոր դարաշրջան։ Մարդկութեան շարունակութեան համար յետմարդասիրութիւնը գաղափարախօսութիւն մըն է, որ պէտք է ընդունուի բոլորի կողմէ, որպէսզի աւելի խաղաղ, աւելի համերաշխ կեանք մը կառուցուի աշխարհի վրայ։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ուրբաթ, Օգոստոս 19, 2022