ԳԻՆԵՄՈԼՈՒԹԻՒՆԸ

Ո՞վ չ՚ուզեր ունենալ ընկեր, որ մի՛շտ իր քով ըլլայ թէ՛ ուրախութեան եւ թէ՛ տխրութեան պահերուն: Մարդկային կեանքի մէջ նման ընկերներ գտնել կարելի է թէ ոչ՝ չեմ գիտեր, սակայն կայ բան մը, որ մարդկութեան հետ է այսօր թէ՛ տխրութեան եւ թէ՛ ուրախութեան պահուն:

Օղի՛ն եւ գինին:

Ի՜նչ տարօրինակ բաներ են, չէ՞. ուրախութեան ժամանակ մարդ կը խմէ այն օղին, որ օրեր առաջ խմած էր իր տխրութեան ժամանակ: Տարօրինակ են օղին ու գինին, որովհետեւ մարդուն հոգեվիճակին հետ յարմարիլ գիտեն եւ հաւանաբար ա՛յդ է պատճառը, որ շատեր իրենց կեանքի անբաժան ընկեր կ՚ընտրեն զանոնք՝ գիտնալով անոնց հաւատարիմ ընթացքն ու վարմունքը:

Անցեալին հրատարակուող թերթեր յաճախ խօսելով գինեմոլութեան մասին՝ որպէս հիմնական պատճառ յայտնած են ճնշող պայմաններու տակ ապրիլը, քաղաքական եւ տնտեսական ծանր պայմանները, շահագործուած ըլլալու հոգեբանութիւնը։ Մեր գրողներուն մօտ եւս խմիչքը յաճախ կը ներկայացուի որպէս ցաւերու ամոքիչ դեղ ու միջոց: Տակաւին շատեր կը ներկայացնեն որպէս բժշկարար հրաշք. ծայրայեղ գինեմոլ մը ոգելից ըմպելիքին առողջապահական ըլլալը կրնայ փաստել մինչեւ իսկ Աստուածաշունչով՝ այն խօսքով, որ Պօղոս առաքեալ Տիմոթէոսին կը գրէ. «Այսուհետեւ միայն ջուր մի՛ խմեր, այլ քիչ մը գինի խառնէ՝ ստամոքսի եւ յաճախակի տկարութիւններուն դէմ» (Ա. Տիմ. 5.23):

Տակաւին ամոքելու եւ բժշկելու շնորհքի կողքին կայ խմելու «պատիւ»ի հարց մը, որ թէ՛ անցեալին, թէ՛ ներկայիս գոյութիւն ունի։ Յակոբ Պարոնեան իր «Քաղաքավարութեան վնասները» աշխատութեան մէջ կը ներկայացնէ Գամիկ աղան, որ կը մերժէ Մարկոս աղայի խմելու առաջարկը, որուն դիմաց վերջինս կ՚ըսէ. «Կնիկ ես, ի՞նչ ես, պէ մա՛րդ, օղին չի խմուի՞ր»:

Ամերիկեան ուսումնասիրութեան կենդրոններէն մին կը յայտնէ, որ աշխարհի բնակչութեան աւելի քան 2.2 միլիառը ոգելից ըմպելիք կը գործածէ, որոնցմէ 107 միլիոնը ծայրայեղ գինեմոլներ են: Բժշկական այլ կազմակերպութիւն մը ուսումնասիրութեամբ կը յայտնէ, որ տարեկան աւելի քան 95-140 հազար մարդ կը մահանայ՝ գինեմոլութեան պատճառով:

Ցաւ ի սիրտ, նկատենք թէ ոչ, կամաց կամաց ոգելից ըմպելիքի գործածութիւնը կը սկսի վերջին տասնամեակին ի յայտ գալ նաեւ պատանիներուն մօտ. նախապէս խմողները ընդհանրապէս տղամադրիկ կ՚ըլլային։ Պարոնեանի «կնիկ ես, ի՞նչ ես»ը այսօր ի զօրու չէ, որովհետեւ այսօր իւրաքանչիւր 25 կինէն 1 հոգին գինեմոլ մըն է:

Ինչպէս թմրամիջոցը, նոյնպէս ալ ոգելից ըմպելիքը որոշ կեղծ «հաճոյք» մը կը պատճառէ մարդուն։ Բարեբախտաբար թմրամիջոցներու արգիլուած ըլլալը որոշ զսպում կը յառաջացնէ, սակայն գինեմոլութիւնը առաւել եւս կը տարածուի՝ նկատի ունենալով անոր «արտօնեալ» ըլլալը:

Մեր թուականէն 117 տարի առաջ՝ 1905 թուականին Պոլսոյ մէջ հրատարակուած «Բիւրակն» հանդէսը իր 8 հոկտեմբեր 1905 թուականի 41-րդ թիւին մէջ կը հրատարակէ «Գինեմոլութեան վարձքը» խորագրեալ յօդուած մը, որու հեղինակը՝ Պ. Մանուկեան կը գրէ. «Եթէ մտադրած ես ինքզինք մեռցնել՝ գինեմոլ մը եղիր, քանզի այդ է կորուստի ապահով ճամբան»:

Ոգելից ըմպելիքը որոշ ժամանակ կը զուարճացնէ հոգին, սակայն միւս կողմէ կը քայքայէ մարդը՝ թէ՛ մարմնապէս եւ թէ՛ հոգեպէս:

Մարմնապէս գինեմոլութիւնը տակնուվրայ կ՚ընէ մարդուն ներքին կազմուածքը, բարձր արեան ճնշում կը պատճառէ, կը խանգարէ սիրտին անկանոն բաբախիւնը, վնաս կը պատճառէ լեարդին՝ զանազան հիւանդութիւններ փոխանցելով, ծայրայեղութեան պարագային կրնայ քաղցկեղ յառաջացնել՝ մանաւանդ գլուխին եւ վիզին շուրջ, կը խանգարէ շնչառութիւնը, կը խաթարէ տեսողութիւնը եւ կորսնցնել կու տայ գիտակցութիւնը: Գինեմոլներու մօտ կը նկատուի յիշողութեան պակաս:

Այս բոլորը վերջին տասնամեակին չէ որ մարդ արարած սկսաւ հասկնալ. հազարամեակներ առաջ Աստուածաշունչը կ՚ըսէր. «Գինին անառակութեան կը մղէ, յարբեցողը՝ թշնամութեան եւ ով որ անձնատուր կ՚ըլլայ՝ խելացի չէ»:

Գինեմոլութիւնը ճանչցուած է որպէս մարդկութեան մեծագոյն թշնամին, որովհետեւ իմաստունը՝ ապուշ, զօրաւորը՝ տկար, ուրախը՝ տխուր:

Գիտէ՞ք Հայաստանի մէջ ամէն ամիս ինչքա՜ն մարդասպանութիւն կը կատարուի՝ գինովութեան պատճառով. մի քանի ամիսներ առաջ գինեմոլ մը մինչեւ իսկ ծեծով սպաննած էր իր հարազատ մայրը. գինով վիճակին մէջ մարդ ատակ է ամէ՛ն բան ընելու, որովհետեւ գինովութիւնը մարդու դատողութիւնը կը կորսնցնէ: Գինովութեան այդ պահը յաճախ մարդուն ընել կու տան այնպիսի արարքներ, որոնց հետեւանքը կրնան ամբողջ կեանք մը կրել։ Այսօր աշխարհի բանտերը լեցուն են գինովութեան ընթացքին չարագործութիւն կատարած մարդոցմով, որոնք սթափ ու ոչ-գինով վիճակին հաւանաբար բարի մարդիկ են: Գինեմոլ մարդը թմրամոլէն բանով մը չի տարբերիր. իր ամբողջ ունեցած գումարը կը մսխէ խմիչք ձեռք բերելու համար։ Որոշ ժամանակ ետք կ՚առաջնորդուի գողութեան՝ դարձեալ գոհացնելու արբեցութեան կիրքը եւ առանց նկատելու կը նետուի չարագործութեան գիրկը, արժանապատուութեան կողքին կորսնցնելով նաեւ շրջապատը, բարեկամներն ու հարազատները:

Այս բոլորը գիտնալով է, որ Տէրը Յովէլի մէջ կ՚ըսէ. «Արթնցէ՛ք ով գինովներ ու լացէ՛ք». լացէ՛ք, որովհետեւ լալիք վիճակ մը ունի գինեմոլը:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -28-

Հայաստան նոր եկած ժամանակ որոշ շրջան մը որպէս վարորդ աշխատեցայ: Գիշեր մը գինով յաճախորդ մը նստաւ ինշնաշարժս եւ խնդրեց, որ «դէպի տուն» քշեմ: Փորձեցի բացատրել, որ եթէ հասցէ չնշէ, տան տեղը չեմ կրնար գիտնալ:

Մնաց անդրդուելի եւ պնդեց, որ զինք «տուն տանիմ»։ Սկսայ ինքնաշարժը քշել՝ առանց գիտնալու, թէ ուր է ուղեւորիս տունը: Նոյն միջոցին գինովին հեռաձայնեցին։ Անկարող ըլլալով ես պատասխանեցի։ Կինն էր՝ յուսահատ ամուսնոյն տուն դարձը կը սպասէր հաւանաբար: Հարցուցի տունին հասցէն եւ գինովը տարի տուն:

***

Առիթով մը հրաւիրուեցայ հայկական հաստատութեան մը կողմէ կազմակերպուած ճաշկերոյթին: Ճաշկերոյթին որպէս երգիչ հրաւիրուած էր անձ մը՝ որուն ձայնը եւ ոճը այնքան ալ չէի սիրեր, այդ իսկ պատճառով նախօրօք յայտնեցի, որ ես պարել սիրողը չեմ, կու գամ, պարզապէս ներկայ կը գտնուիմ:

Ճաշկերոյթի ընթացքին ստիպեցին, որպէսզի գաւաթ մը օղի լեցնեմ, պարզապէս կատարուող կենացներուն մասնակցելու համար: Կենացները պէտք եղածէն շա՜տ աւելի էին, սեղանի մատուցողն ալ ամէն անգամ որ գաւաթս պարապ կը տեսնէր, օղիի նոր գաւաթ մը կը լեցնէր:

Կարծելով կեանքիս առաջին գինովնալս էր՝ բարեբախտաբար դրական տրամադրութեամբ: Լուռ ու ամչկոտ Հրայրին տեղ եկաւ անկաշկանդ ու համարձակ Հրայր մը: Հակառակ երգիչը չսիրելուս՝ բարձրացայ բեմ եւ սկսայ համբուրել երգիչը։ Պահ մը ետք երգիչը իջեցուցի բեմէն եւ այս անգամ ես սկսայ երգել: Այդ օր փաստեցի, որ իմ գինովութիւնը ո՛չ թէ խռովեցուցիչ, այլ զուարճալի է տեղ մը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ուրբաթ, Օգոստոս 26, 2022