ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ՅԻՍՈՒՍՈՎ ՅԱՂԹԵՆՔ ԱՇԽԱՐՀԻՆ

Վաղուան Սուրբգրոց ընթերցումները առնուած են Եսայի մարգարէութենէն 9.8-19. Պօղոս առաքեալին կորնթացիներուն ուղղած երկրորդ նամակէն 1.1-11 եւ Մարկոսի Աւետարանէն 4.35-40:

Մարկոսի Աւետարանին մէջ կը կարդանք.

Նոյն օրը երեկոյեան, Յիսուս Իր աշակերտներուն ըսաւ.

-Եկէք լիճին միւս կողմը անցնինք:

Աշակերտները ձգեցին ժողովուրդը եւ բարձրացան այն նաւակին մէջ, ուր Յիսուս կը գտնուէր: Հոն ուրիշ նաւակներ ալ կային: Յանկարծ զօրաւոր հով մը փոթորկեց լիճը: Ալիքները նաւակին զարնուելով՝ ներս կը թափէին, զայն լեցնելու աստիճան, մինչ Յիսուս նաւակին յետսակողմը բարձի մը վրայ կը քնանար: Աշակերտները արթնցուցին զԻնք եւ ըսին.

-Վարդապե՛տ, հոգդ չէ՞ որ մենք կը կորսուինք:

Յիսուս ոտքի ելլելով սաստեց հովը, ըսելով.

-Դադրէ՛,- եւ լիճին ըսաւ.- հանդարտէ՛:

Հովը դադրեցաւ եւ կատարեալ հանդարտութիւն տիրեց: Ապա Յիսուս Իր աշակերտներուն ըսաւ.

-Ինչո՞ւ այդպէս վախկոտ էք. տակաւի՞ն հաւատք չունիք (Մր 4.35-40):

Եկէք միասնաբար փորձենք Տէր Յիսուսի փոթորիկի խաղաղեցման այս դրուագը մերօրեայ ակնոցով կարդալ եւ բացատրել:

Նոյն օրը երեկոյեան, Յիսուս Իր աշակերտներուն ըսաւ.

Նոյն օրը, այս պարագային՝ ամէն օր, երեկոյեան, ո՛չ միայն երեկոյեան, այլ օրուայ իւրաքանչիւր պահուն, Յիսուս Իր աշակերտներուն ըսաւ, այլ խօսքով՝ Յիսուս Իր հետեւորդներուն, զԻնք Տէր եւ Աստուած դաւանողներուն, Իր պատուիրանները պահողներուն եւ կատարողներուն, կ՚ըսէ, կը թելադրէ, կը պատգամէ, կը խրատէ եւ երբեմն ալ կը յանդիմանէ, ըսելով.

 -Եկէք լիճին միւս կողմը անցնինք:

Լիճը մեզմէ իւրաքանչիւրին ապրած մեղսալից միջավայրն է, ուր յայտնուած ենք կամ կը յայտնուինք շատ յաճախ կամաւորաբար եւ կամ գիտակցաբար, եւ երբեմն ալ՝ ստիպողաբար եւ կամ անգիտակցաբար: Տէր Յիսուս Իր հետեւորդներուն ուղղելով խօսքը, կը պատուիրէ, որպէսզի մեզ շրջապատող այդ մեղսալից կեանքին միւս կողմէ անցնինք, այսինքն՝ մեղքէն դէպի առաքինի կեանք, խաւարէն դէպի լոյս, ստուերէն դէպի իրականութիւն, կեղծէն ու կեղծիքէն դէպի ճշմարտութիւն:

Ի՞նչ պէտք է ընէ քրիստոնեայ հաւատացեալը, սակայն, որպէսզի յաջողի լիճին միւս կողմը անցնիլ, առանց վնասներ կրելու եւ շատ յաճախ իր կեանքը կորսնցնելու:

Պօղոս առաքեալը կու տայ պատասխանը.

Հետեւաբար, իբրեւ Աստուծոյ կողմէ ընտրուած ու սրբուած եւ Իր սէրը վայելող մարդիկ [նկատի ունենալ, որ Տէր Յիսուս Իր աշակերտները կանչեց, ներկայիս՝ Իրեն հաւատացողները]՝ գթասիրտ եղէք. եղէք ողորմած, քաղցր, խոնարհ, հեզ եւ համբերատար: Իրարու հանդէպ հանդուրժող եղէք, եւ ներեցէք իրարու՝ երբ մէկդ միւսին դէմ տրտունջ մը ունենաք: Ինչպէս Աստուած Քրիստոսի միջոցաւ ներեց ձեզի, այնպէս ալ դուք իրարու ներեցէք: Եւ այս բոլորին վրայ՝ աւելի սէր ունեցէք, որովհետեւ սէրը ամէն ինչի ամբողջացուցիչ շաղախն է: Ձեր սիրտերուն մէջ Քրիստոսի խաղաղութիւնը թող թագաւորէ, որովհետեւ Աստուած այդ խաղաղութեան կանչեց ձեզ՝ մէկ մարմինի մէջ, որ Քրիստոսի եկեղեցին է: Ուստի շնորհակալ եղէք Աստուծոյ (Կղ 3.12-15). ապա կու տայ նաեւ լիճին միւս կողմ անցնելէ ետք ամուր մնալու եւ օր օրի զօրանալու գրաւականը.

Թող Քրիստոսի խօսքը ձեր մէջ բնակի իր ամբողջ հարստութեամբ, որպէսզի կատարեալ իմաստութեամբ սորվեցնէք իրարու եւ իրար խրատէք, եւ սաղմոսներով, օրհնութիւններով ու հոգեւոր երգերով ձեր սիրտերուն մէջ շնորհակալութեամբ զԱստուած օրհներգէք: Եւ ինչ որ ալ ընէք, խօսքով թէ գործով, միշտ Տէր Յիսուսի անունով ըրէք, Անոր միջոցաւ գոհութիւն յայտնելով Հօր Աստուծոյ (Կղ 3.16-17):

Լիճին միւս կողմը անցնելու համար, սակայն պէտք է զգոյշ ըլլանք եւ ուշադրութեամբ ընտրենք այն նաւը, որու միջոցաւ կրնանք ապահով տեղ հասնիլ: Վերոնշեալ դրուագին մէջ Աւետարանիչը կը գրէ.

Աշակերտները ձգեցին ժողովուրդը եւ բարձրացան այն նաւակին մէջ, ուր Յիսուս կը գտնուէր: Հոն ուրիշ նաւակներ ալ կային:

Աշակերտները, այսինքն՝ Քրիստոսի հետեւորդները:

Ձգեցին ժողովուրդը, այսինքն՝ ամէն բան որ անհատը այս աշխարհին կը կապէ բացասական կերպով:

Եւ բարձրացան այն նաւակին մէջ, ուր Յիսուս կը գտնուէր. կարեւոր շեշտադրում մը կը կատարէ Աւետարանիչը, ըսելով թէ աշակերտները բարձրացան այն նաւակը, որու մէջ կը գտնուէր Յիսուս:

Եւ կ՚աւելցնէ. հոն ուրիշ նաւակներ ալ կային. այսինքն՝ մարդուն դիմաց բազմաթիւ նաւեր կրնան յայտնուիլ, մարդը ինք սակայն պէտք է ուշադրութեամբ ընտրէ, թէ ո՛ր նաւը պէտք է բարձրանայ:

Մերօրեայ կեանքին մէջ Քրիստոսի հետեւորդները բազմաթիւ նեղութիւններու կ՚ենթարկուին եւ դժուարութիւններու կը հանդիպին: Երբ այդ սկզբնական նեղութիւններուն եւ դժուարութիւններուն ընթացքին յուսահատին եւ փափաք չունենան պայքարելու, ապա այդպիսիներուն նաւի ընտրութիւնը բաւականին դժուար կ՚ըլլայ եւ անյաջող, քանի որ նկատի ունենալով իրենց յուսահատ վիճակը եւ իրենց աչքերուն դիմաց պարզուած աչքահաճոյ նաւերը, որոնք արտաքնապէս գեղեցիկ կ՚երեւին, դիւրութեամբ կրնան խառնուիլ, շփոթուիլ եւ սխալ ընտրութիւն կատարել: Ահա այստեղ է, որ Պօղոս առաքեալին խրատներու գործադրութեան պարագային, առանց Յիսուսը տեսնելու, սակայն հեռուէն Անոր ձայնը լսելով, քրիստոնեայ հաւատացեալը անմիջապէս կը հասկնայ, թէ ո՛ր նաւը պէտք է բարձրանայ, որը թէեւ կրնայ արտաքնապէս այդքան ալ վայելուչ չըլլայ, ինչպիսին են իր չորս կողմի նաւերը, սակայն այդ նաւուն իսկական գեղեցկութիւնը անոր ՆԱՒԱՎԱՐԻՆ մէջ կը կայանայ, որուն երբ վստահի քրիստոնեայ անհատը իր նաւարկութիւնը, ապա հաստատապէս ապահով կերպով խաղաղ նաւահանգիստ կը հասնի:

Ինչ կը վերաբերի հոն ուրիշ նաւակներ ալ կային արտայայտութեան, ապա մարդ երբ յուսահատութեան գիրկը իյնայ, ապա չարը ամէն ինչ իր աչքին վարդագոյն ու կանաչ կը ներկայացնէ, այսինքն՝ ամէն քայլափոխի անոր աչքին “գեղեցկութիւն”ը կը յայտնաբերէ, եւ այդ գեղեցկութիւններու ազդեցութեան տակ երբ ծովեզերք հասնի եւ ժամանակը գայ նաւ ընտրելու, կը դժուարանայ, որովհետեւ բացի Տէր Յիսուսի գտնուած նաւէն, միւս բոլոր նաւերը իր աչքին գոյնզգոյն, ճոխ ու հանգիստ կ՚երեւան, եւ ինք իր յուսահատ վիճակէն մեկնելով եւ չար ազդեցութեան պատճառով չի՛ կրնար ճիշդ ընտրութիւն կատարել, որով իր ընտրած նաւը երբ քիչ մը խորանայ ծովին մէջ, առաջին իսկ թեթեւ քամիէն կը խորտակուի, խորտակելով իր հետ իր վրայ գտնուողները:

Աւետարանիչը կը շարունակէ.

Յանկարծ զօրաւոր հով մը փոթորկեց լիճը: Ալիքները նաւակին զարնուելով՝ ներս կը թափէին, զայն լեցնելու աստիճան, մինչ Յիսուս նաւակին յետսակողմը բարձի մը վրայ կը քնանար. մարդուն կեանքը իւրաքանչիւր վայրկեան ենթակայ է փոթորիկի, այլ խօսքով՝ չարը սովալլուկ վիճակով օր ու գիշեր կ՚աշխատի, որպէսզի փոթորիկները անպակաս ըլլայ մարդու կեանքէն, միւս կողմէ ալ սակայն “փրկարարի” հագուստ հագած մէկ կողմ կանգնած կը սպասէ, որպէսզի “ազատէ” փոթորիկի մէջ յայտնուողները:

Ալիքները, քրիստոնեային պատահող փորձութիւններն են, տեսակ-տեսակի մեղքերն ու անօրէնութիւններն են, որոնց անձնատուր ըլլալով քրիստոնեան, օր օրի կը ծանրացնէ իր վիճակը, օր օրի իր նաւուն խորտակումը վերջնական կործանումին կը մօտեցնէ, զայն լեցնելու աստիճան, այսինքն՝ զայն ընկղմելու աստիճան:

Մինչ Յիսուս նաւակին յետսակողմը բարձի մը վրայ կը քնանար. մեր այդ վիճակին՝ մեղքի կեանքին մէջ ընկղմած եւ փորձութիւններով ու նեղութիւններով լեցուն կեանքին մէջ շատ յաճախ կը տարուինք մտածելու, թէ Տէր Յիսուս մեզ լքած ու հեռացած է, մեզ անտէր ու անտիրական ձգելով: Բայց միթէ՞ այդպէս է: Չէ՞ որ Ի՛նք խոստացաւ մեզի, ըսելով. «…եւ ահա միշտ ձեզի հետ պիտի ըլլամ, մինչեւ աշխարհիս վախճանը» (Մտ 28.20): Արդարեւ, նախքան մտածելը այն մասին, թէ Տէր Յիսուս մեզ լքած ու հեռացած է, մտաբերենք այս խոստումը, եւ ահա մեր մտահորիզոնը կը լուսաւորուի, յոյսը վերստին կը մարմնաւորուի մեր մէջ, մեր պայքարելու եռանդը կրկին անգամ նոր թափ կը ստանայ: Տէր Յիսուս չի՛ քնանար, այլ խօսքով՝ Ան չի՛ հեռանար մեզմէ, չի՛ լքեր մեզ, մենք է որ մեր սխալ ընթացքով եւ մեղսալից կեանքով կը հեռացնենք մենք մեզ Իր օրհնալի ներկայութենէն, մենք է որ թոյլ չենք տար Անոր, որպէսզի մեր փոթորկած կեանքերը խաղաղեցնէ եւ բնականոն ընթացքի մէջ դնէ:

Վերադառնանք Աւետարանիչին.

Աշակերտները արթնցուցին զԻնք եւ ըսին.

-Վարդապե՛տ, հոգդ չէ՞ որ մենք կը կորսուինք:

Յիսուս ոտքի ելլելով սաստեց հովը, ըսելով.

-Դադրէ՛,- եւ լիճին ըսաւ.- հանդարտէ՛:

Հովը դադրեցաւ եւ կատարեալ հանդարտութիւն տիրեց. յանկարծ երբ յիշենք վերոնշեալ Տիրոջ խոստումը, թէ Ան միշտ մեզի հետ է, իրարանցումի մատնուած կը դիմենք Անոր, կը շտապենք դէպի Ան, ինչպէս երբ մեր տան ուշ մնացած անդամներէն մէկը կ՚արթնցնենք, որպէսզի յանկարծ չուշանայ իր ժամադրութենէն: Կ՚արթնցնենք, սակայն մեղադրական շեշտով մը, ըսելու թէ՝ Տէ՜ր, չե՛ս տեսներ ինչ վիճակի մատնուած եմ, ո՞ւր ես, ինչո՞ւ ձեռքդ չես երկարեր, ինչո՞ւ չես օգներ ինծի…: Տէր Յիսուս, սակայն, լռութեամբ, պարզութեամբ մեր դիմագրաւած դժուարութեան կամ փորձութեան ակնարկելով, կը հրամայէ՝ դադրէ՛, եւ՝ հանդարտէ՛: Պահ մը պատկերացուցէք մեր իրարանցումը, շփոթած ու խառնուած վիճակը, սարսափած ու այլայլած դիմագիծն ու հոգեվիճակը, եւ Տէր Յիսուսի հանդարտութիւնն ու ինքնավստահ հրամայականը՝ դադրէ՛, հանդարտէ՛: Ինչքա՜ն ականջահաճոյ եւ քաղցրաբարբառ են այս երկու բառերը մեր այդ խառն ու շփոթած վիճակին մէջ, խաղաղեցնող, հանդարտեցնող, յոյս ներշնչող եւ միաժամանակ՝ զօրացնող: Միւս կողմէ սակայն գիտակցելէ ետք մեր ճղճիմութեան, այսինքն՝ մեր տկարութեան պատճառով յայտնուած իրավիճակին, խառնակութեան, ապա այդ երկու բառերը՝ դադրէ՛, հանդարտէ՛ կը դառնան յանդիմանութիւն մեր անհաւատութեան, ինչպէս պիտի նկատենք Տիրոջ յաջորդող խօսքին մէջ.

Ապա Յիսուս Իր աշակերտներուն ըսաւ.

-Ինչո՞ւ այդպէս վախկոտ էք. տակաւի՞ն հաւատք չունիք.

Այսօր մեզմէ իւրաքանչիւրին ուղղուած են այս խօսքերը, որովհետեւ մենք այսօր, ամենէն չնչին դժուարութեան դիմաց իսկ կ՚ուրանանք մեր Տէրը, կ՚ամըչ-նանք խոստովանելու զԻնք, ամօթ կը համարենք Իր մասին վկայութիւն տալը, պատճառաբանելով թէ ժամանակները փոխուած են, եւ այսօրուան ընկերութիւնը տարբեր բան կը պահանջէ: Ասոր ի պատասխան դարձեալ վկայակոչենք Աւետարանը.

-Յիսուս Քրիստոս նո՛յնն է միշտ - երէկ, այսօր եւ յաւիտեան (Եբր 13.8):

-Ինչո՞ւ այդպէս վախկոտ էք. տակաւի՞ն հաւատք չունիք.

Այո՛, հակառակ մեր ունեցած այսօրուան յարմարութիւններուն եւ առաւելութիւններուն, սակայն այսօրուան մարդը աւելի քան երբեք վախկոտ ու թերահաւատ դարձած է, քանի որ հակառակ իր բոլոր ձեռքբերումներուն եւ նուաճումներուն, մայր բնութիւնը երբեմն-երբեմն զգացնել կու տայ մարդուն փոքրութիւնն ու ոչնչութիւնը: Վկայ, նաւակին մէջ եղող աշակերտներուն խառնաշփոթը՝ բարձրացած փոթորիկի ժամանակ: Վիճակը նոյնն է նաեւ այսօր. ի՞նչ է պատճառը այդ խառնաշփոթին. մեր վախկոտութիւնն ու թերահաւատութիւնը, որովհետեւ նիւթի գերութեան յանձնելով մենք մեզ, մոռցած ենք որ նիւթէն շատ աւելի Մեծ ու Հզօր Աստուած մը ունինք, որ ամէն ինչի կարող է, Որուն համար անկարելի ոչինչ կայ: Աւելին, Ինք մեր նեղութիւններն ու դժուարութիւնները ունեցաւ, ճաշակեց, զգաց, ապրեցաւ, սակայն չյուսահատեցաւ, ընդհակառակը մեզի հետեւեալ քաջալերական պատուէրը տուաւ, ըսելով.

-Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ Ես յաղթեցի աշխարհին (Յհ 16.33):

Հետեւաբար, քաջալերուի՛նք, զօրանա՛նք, գօտեպնդուինք եւ Յիսուսով յաղթենք աշխարհին, հասնելու համար յաւիտենական երանութեան ու հանգիստին, փառաւորելու եւ օրհնաբանելու համար Ամենասուրբ Երրորդութիւնը, յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

23 Օգոստոս 2022, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Օգոստոս 27, 2022