ՄԱՐԴՈՒՆ ԿՈՉՈՒՄԸ

Աստուած, անհունօրէն Կատարեալ եւ Երանելի ինքն իր մէջ, զուտ բարութեան ծրագրով մը ազատօրէն ստեղծեց մարդը, որպէսզի զայն մասնակից ընէ Իր երանաւէտ կեանքին։ Այս իսկ պատճառով, Ան ամէն ժամանակ եւ ամէն տեղ Ինքզինք մերձաւոր կ՚ընէ մարդուն։

Աստուած կը կանչէ մարդը, կ՚օգնէ անոր որ զԻնք որոնէ, որ ճանչնայ զԻնք եւ իր ամբողջ զօրութեամբ եւ ուժերով սիրէ զԻնք։ Բոլոր մարդիկը, որոնք մեղքը ցրուեց, Ան կը համաժողովէ միութեան մէջ իր Ընտանիքին, որ Եկեղեցին է։

Այս ծրագիրը իրագործելու համար, Աստուած առաքեց իր Որդին իբր Փրկիչ եւ Ազատարար, երբ ժամանակները իրենց լրումին հասան։ Անոր մէջ եւ Անով, Աստուած կը կոչէ մարդիկը Սուրբ Հոգիով իր որդեգիրները ըլլալու եւ հետեւաբար ժառանգորդները՝ իր երանաւէտ կեանքին։

Աստուած, որ մարդը սիրելուն համար զայն ստեղծեց, նաեւ կոչեց զինք սիրոյ, որ հիմնական եւ բնածին կոչումն է մարդկային ամէն անձի։ Արդարեւ, մարդը ստեղծուած է ըստ պատկերին եւ նմանութեան Աստուծոյ՝ որ «Սէր է». (Ա ՅՈՎՀ. Դ 7-16)։ Աստուած մարդը այր եւ կին ստեղծած ըլլալով, անոնց փոխադարձ սէրը կը դառնայ պատկերը այն բացարձակ եւ անքակտելի սիրոյն, որով Աստուած կը սիրէ մարդը։

Սէրը Արարչին աչքին բարի՛ է, նոյնիսկ շա՛տ եւ բացարձակ բարի. (ԾՆՆԴ. Ա 31)։ Աստուած սէր է։ Ան հաղորդութեան եւ սիրոյ խորհուրդ մը կ՚ապրի Ինքնիր մէջ։ Մարդուն եւ կնոջ մարդկայնութիւնը ստեղծելով ըստ Իր պատկերին, Աստուած կը դրոշմէ անոր մէջ ԿՈՉՈՒՄը, ուստի նաեւ ՍԻՐՈՅ եւ հաղորդակցութեան համապատասխանող կարողութիւնը ե՛ւ պատասխանատուութիւնը…։

Արդարեւ, կեանքը Սուրբ Հոգիին մէջ՝ մարդուն կոչումը իր իրագործումին կը հասցնէ։ Ան կը բաղկանայ աստուածային սէրէն եւ մարդկային համընկերութենէն եւ ան շնորհուած է ձրիաբար իբրեւ Փրկութիւն։ Մարդկային անձին արժանապատուութիւնը կ՚արմատաւորուի իր ստեղծումին մէջ. ան իր լրումին կը հասնի աստուածային երանութեան կոչումին մէջ. անկ է մարդկային արարածին ձգտիլ ազատօրէն դէպի այս լրումը։

Իր ազատ արարքներով, մարդկային անձը կը համակերպուի եւ կամ ո՛չ, Աստուծմէ խոստացուած եւ բարոյական խղճին կողմէ վկայուած բարիքին։ Մարդկային արարածները իրենք զիրենք կը կերտեն եւ ներքնապէս կը մեծնան իրենց ամբողջ զգայական եւ հոգեւոր կեանքը ատաղձ կ՚ընեն իրենց աճումին։ Շնորհքին օգնութեամբ անոնք կ՚աճին առաքինութեան մէջ, կը զգուշանան մեղքէն եւ Աստուած վշտացնելէ. իսկ եթէ զայն գործած են, նման «անառակ որդիին». (ՂՈՒԿ. ԺԵ 11-31), իրենք զիրենք կը յանձնեն մեր երկնաւոր Հօր ողորմածութեան եւ այսպէս կը մօտենան հե-տըզհետէ սիրոյ կատարելութեան՝ որ իրենց առաջնակարգ կոչո՛ւմն է։

Օժտուած հոգիով մը «հոգեւոր եւ անմահ», մարդկային անձը՝ միակ արարածն է երկրի վրայ, զոր Աստուած ուզեց ինքնիրեն համար։

Քրիստոս մարդը ինքզինքին լիովին կը յայտնէ եւ անոր ցոյց կու տայ իր կոչումին վսեմութիւնը։

Արդարեւ, ճշմարիտ ազատութիւնը մարդուն մէջ առանձնաշնորհեալ նշանն է աստուածային պատկերին։ Մարդը իր կոչումին համաձայն, պարտաւոր է հետեւիլ «Բարոյական օրէնք»ին՝ որ կը մղէ զինք կատարելու բարին եւ զգուշանալու չարէն։ Բարոյական օրէնքը կը յայտնուի եւ կը հնչէ անոր խղճմտանքին մէջ։

Տասնաբանեան, Լերան քարոզը եւ առաքելական կրօնուսուցումը մարդուս կը նկարագրեն ճամբաները՝ որոնք կը տանին իր կոչումին իրագործման եւ երկինքի Արքայութեան։ Մարդն ալ յանձնառու կ՚ըլլայ այդ ճամբայէն ընթանալու քայլ առ քայլ, առօրեայ արարքներով, զօրացած՝ Սուրբ Հոգիին շնորհքովը։ Արգասաւորուած Քրիստոսի խօսքով. (ՄԱՏԹ. ԺԳ 3-23), մարդ դանդաղօրէն եւ հետզհետէ պտղաբեր կը դառնայ Եկեղեցւոյ մէջ Աստուծոյ Փառքին համար։ Երկինքի երանութիւնը կը ճշդէ զատորոշումի չափանիշները երկրաւոր բարիքներուն գործածութեան մէջ՝ ըստ Աստուծոյ Օրէնքին։

Աշխարհականներու յատուկ առաքելութիւնը կը կայանայ Աստուծոյ թագաւորութիւնը որոնելու մէջ՝ յատկապէս մատակարարումովը ժամանակաւոր բաներուն, զորս անոնք կը տնօրինեն ըստ Աստուծոյ։ Անոնց կոչումն է յատուկ կերպով լուսաւորել եւ հունաւորել ժամանակի բոլոր իրադարձութիւնները՝ որոնց սերտօրէն առընչուած են, որպէսզի այն իրադարձութիւնները ընթանան եւ բարգաւաճին յարատեւօրէն ըստ Քրիստոսի եւ ըլլան ի գովաբանութիւն Արարչին եւ Փրկչին…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Օգոստոս 26, 2022, Իսթանպուլ 

Երկուշաբթի, Օգոստոս 29, 2022