ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԱՄՕԹԸ ՀԱՇՄԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒՆ

Յաճախ կը բողոքենք, որ ժամանակին հետ փոխուած է նաեւ մարդոց մտածելակերպը: Յաճախ անցեալը աւելի աղուոր կը նկատենք, որովհետեւ այդտեղ կը տեսնենք շա՜տ մը մեռած արժէքներու պահպանումը, այսու ամենայնիւ անցեալը եւս իր մէջ կ՚ընդգրկէ շատ մը սխալներ, որոնք որպէս մարդկային ամօթ յաիւտեանս պիտի մնան ու յիշուին պատմութեան էջերուն մէջ:

Մարդկային պատմութեան այդ ամօթներէն մեծագոյնը մարդ արարած ի գործ դրած է անոնց հանդէպ՝ որոնք ամենէն աւելի արժանի են խնամքի եւ ուշադրութեան, անոնց հանդէպ՝ որոնք կեանքին մի՛շտ յաղթուած կը սկսին եւ իրենց կամքէն անկախ պատճառի մը համար որպէս տկար ու ստոր արարածներ կը նկատուին:

Մարդկութիւնը մօտաւորապէս մինչեւ դար մը առաջ կը կարծէր, թէ հաշմանդամութիւն ունեցող մարդը անիծեալ ու նզովքի արժանի արարածներ են եւ պատմութեան ընթացքին ամէն մշակոյթ իր ձեւով փորձած է օտարել այդպիսիները մարդկային ընկերութենէն:

Կար ժամանակաշրջան, որ մարդ արարածը կատարելապաշտ էր. նոյնիսկ դէմքի գեղեցկութեան պակասը կը դիտուէր որպէս թերութիւն եւ նզովք՝ գեղեցկութեան աստուծոյ կողմէ տրուած. կատարելապաշտ մարդկութիւնը, հակառակ բազմաթիւ անկատար կողմերուն հաշմանդամութիւնը կը դիտէր որպէս կատարելութիւնը կաշկանդող եւ ընկերութեան չարիք սպառնացող երեւոյթ:

Յունական կայսրութեան ժամանակ մարդիկ կը հաւատային, որ արտաքին կատարելութիւնը կապուած է մտային կատարելութեան եւ հետեւաբար կարելի չէ ըլլալ իմաստուն եւ խելացի եւ չունենալ մարմնական կատարեալ գեղեցկութիւն՝ առանց հաշմանդամութեան ու հիւանդութիւններու: Անոնք կը հաւատային, թէ կոյրերը, խուլերն ու համրերը պատիժի ենթակայ արարածներ են եւ չունին իրաւունքը տեսնելու, լսելու եւ խօսելու՝ երեւոյթներ որ մարդկայնօրէն պարզ ու սովորական են:

Հռոմէական կայսրութեան ժամանակ արտօնեալ էր, որպէսզի տան հայրը իր հաշմանդամ զաւակը սպաննէ կամ հեռու տեղ մը տանելով բնութեան գիրկը յանձնէ. աւելին, հին լատիներէնին մէջ գոյութիւն չունէր «հաշմանդամ» բառը եւ անոնք կը գործածէին «monstrum» բառը, որ կը նշանակէ «հրէշ»: Հաշմանդամութիւն ունեցողները կը դատապարտուէին անօթութեան, մերկ կը շրջէին եւ կը նախատուէին մարդոց կողմէ՝ նոյնիսկ հարազատ ծնողներէ եւ ընտանիքէ, որովհետեւ անոնք ընկերութեան վնաս կը պատճառէին՝ արգիլելով աստուածներու առատ օրհնութեան բաշխումը:

Այս մտածումները որոշ չափով կրնանք տեսնել նաեւ Աստուածաշունչին մէջ, ուր հիւանդութիւնները դարձեալ որպէս Աստուծոյ պատիժ կը ներկայացուի. անոնցմէ ամենէն յատկանշականը գրուած է Ղեւտացւոց Գիրքին մէջ. Աստուածաշունչը կ՚ըսէ. «Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «խօսէ՛ Ահարոնին ու ըսէ. քու սերունդէդ իրենց ազգերուն մէջ ով որ իր վրայ մարմնական արատ մը ունենայ, թող չմօտենայ Աստուծոյն հացը մատուցանելու. վասնզի մարմնական արատ ունեցող մարդ մը բնաւ պէտք չէ մօտենայ. կոյր մարդը, կաղը, կամ  կարճունչը, կամ իր անդամներուն մէջ աւելորդ բան մը ունեցողը, կամ ոտքը կոտրած, կամ ձեռքը կոտրած մարդը, կամ թզուկը, կամ իր աչքին մէջ բիծ ունեցողը, կամ քոսոտը» (Ղեւտացւոց 21.16-20): Աստուծոյ խօսքը աւելի առաջ երթալով կ՚ըսէ, որ հաշմանդամութիւն ունեցողը թող չի մօտենայ, որպէսզի «իմ սուրբ բաներս չի պղծէ» (Ղեւտացւոց 21.23):

Աստուծոյ կողմէ ինչո՞ւ նման վերաբերում մը արատ ունեցող մարդու նկատմամբ, երբ Ելիցի մէջ Աստուած կ՚ըսէ թէ ի՛նքն է կոյրն ու համրը ստեղծողը (Հմմտ. Ելից 4.11):

Աստուծոյ այս օրէնքն է պատճառը, որ իսրայէլացի ժողովուրդը զարմացաւ, երբ տեսաւ Յիսուս Քրիստոսը հիւանդներուն հետ սեղան նստած: Նոյն այս պատուիրանին հիման վրայ է, որ մինչեւ օրս Հայ Առաքելական Եկեղեցին քահանայութեան կամ կուսակրօնութեան չի կոչեր ան՝ որ ունի հիւանդութիւն կամ մարմնական պակասութիւններ. բայց չէ՞ որ «Հոգի է Աստուած, եւ անոր երկրպագուները պէտք է հոգիով եւ ճշմարտութեամբ զԱյն պաշտեն» (Յովհաննէս 4.24):

Որոշ ժամանակ որպէս սխալ ու արատ կը դիտուէր նաեւ մարդոց «ձախլիկ» ըլլալը. մարդիկ կը հաւատային, որ ձախլիկ մարդը սատանայի գործակիցն է, այդ իսկ պատճառով մարդկային ընկերութենէն դուրս անձ որպէս կը դիտուէր ձախլիկ մարդը: Պահ մը փորձեցէ՛ք հայկական բառարաններու մէջ փնտռել «ձախլիկ» բառը, տեսնելու համար այդ մտածելակերպին ազդեցութիւնը. բառարաններ ձախլիկ բառի բացատրութիւն որպէս կու տան անճարակ եւ անկարող բառերը: Աւելին, իւրաքանչիւր բառի դիմաց նախադասութեամբ օրինակ տուող 1974 թուականին Երեւանի մէջ հրատարակուած «Ժամանակակից հայոց լեզուի բացատրական բառարան»ը «ձախլիկ» բառի որպէս օրինակ-նախադասութիւն կ՚ըսէ. «Մարմնի միւս պակասութիւններից բացի, Մարօն նաեւ ձախլիկ էր». այս նոյն համոզումը՝ թէեւ ո՛չ բացայայտ մինչեւ օրս գոյութիւն ունի. շատ մը ծնողներ, ինչպէս նաեւ ուսուցիչներ կը պարտադրեն, որ իրենց զաւակները գրիչը բռնեն աջ ձեռքով, ըսելով թէ «սխալ է»: Այդ բոլորը որպէս «ձախլիկ» մորթիս վրայ զգացած եմ. մինչեւ օրս յաճախ դանակ բռնած ժամանակ մարդիկ «սխալ» ըլլալս կը մատնանշեն, առանց նկատելու, որ իրենց աջը՝ իմ ձախս է:

Կասկածէ վեր է, որ մերօրեայ հաշմանդամները աւելի՛ բախտաւոր են՝ քան անցեալինները, որոնք կամքէ անկախ ապրած են ոչ երանելի կեանք մը:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -30-

Լիբանանի եւ Հայաստանի մէջ հանդիպեցայ մարդոց, որոնք ամբողջ կեանք մը եկեղեցի յաճախելով, կը զգան կոչումը քահանայագործելու, սակայն որոշ մարմնական հիւանդութիւններու պատճառով կը մերժուին թէ՛ Մեծի Տանն Կիլիկոյ Կաթողիկոսութեան եւ թէ՛ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Կարթողիկոսութեան կողմէ: Անձեր՝ որոնք կրնան օրինակելի հոգեւորականներ դառնալ, ծառայել թէ՛ Աստուծոյ եւ թէ՛ ազգին: Անդին բազմաթիւներ, մարմնական արատ չունենալու պատճառով կը ստանձնեն հոգեւորականի պաշտօնը՝ առանց անոր կոչումը ունենալու:

Այսօր լրջօրէն կը մտածեմ, աւելի լաւ չէ՞ մատը կամ քիթը ծուռ քահանայ մը ունենալ, փոխան զեխութեամբ ապրող հոգեւորականներու:

Անոնցմէ մին մահացաւ մէկ տարի առաջ՝ քահանայագործելու երազն ու կարօտը սիրտին:

***

Օր մը Անթիլիսէն Պուրճ Համմուտ կ՚երթամ ինքնաշարժով. ճամբան տեսայ կոյր մը, որ ձեռքով կը փորձէր ինքնաշրժները կեցնել: Մօտեցայ. խնդրեց իրենց տուն հասցնել. յօժարեցայ: Հազիւ ինքնաշարժ նստած խնդրեց, որ իրենց ըսեմ ուր հասած ենք, մեր շուրջը ինչ կայ:

Կոյր մարդը առանց տեսնելու՝ անգիր սորված էր ամբողջ շրջանն ու քաղաքը: Ամբողջ ճանապարհորդութեան ընթացքին թուեց խանութներն ու շինութիւնները, որոնք մեր շուրջ էին: Պահ մը կասկածեցայ որ կոյր է:

Այդ օր հասկցայ, որ շատ անգամ կոյր եղողը մեր միտքերն են եւ ո՛չ աչքերը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 29, 2022