ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐ ՊԻՏԻ ԳԱՆ ԻԶՄԻՐ

Հայաստանի Ազգային ժողովի երեսփոխաններէն Էտուարտ Աղաճանեան եւ Արմէն Գէորգեան յառաջիկայ օրերուն պիտի այցելեն Թուրքիա։ Այսպէս, երեսփոխանները Իզմիրի մէջ պիտի մասնակցին Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) Ընկերային, առողջապահութեան եւ կայուն զարգացման յանձնաժողովի նիստի աշխատանքներուն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան արդէն ստորագրած է համապատասխան կարգադրութիւնը, որպէսզի այս երկու երեսփոխանները գործուղղուին Թուրքիա։

ԵԽԽՎ-ի Ընկերային, առողջապահութեան եւ կայուն զարգացման հարցերու յանձնաժողովի Իզմիրի աշխատանքները նախատեսուած են սեպտեմբերի 21-24-ին։

Երեսփոխան Էտուարտ Աղաճանեան Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս մեծամասնութեան տէր «Իմ քայլը» խմբակցութեան կը պատկանի եւ իշխանական ճամբարի յառաջատար ներկայացուցիչներէն մին է։ Ան կը գլխաւորէ խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձ-նաժողովը։ Արմէն Գէորգեանն ալ խորհրդարանի ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան մաս կը կազմէ։ Ան ալ կը գլխաւորէ Ազգային ժողովի Տարածաշրջանային եւ եւրոասիական համարկման հարցերու մըշ-տական յանձնաժողովը։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 30, 2022