ՄԵԾ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ԴԱՐԱԴԱՐՁԸ
Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ արտասովոր խանդավառութեամբ կը նշուի 30 Օգոստոսի տօնը։ Մեծ յաղթանակի դարադարձն է այս տարի, ինչ որ հարիւր տարի առաջ Հանրապետութեան հիմնադիր Մեծն Աթաթիւրքի եւ զինակից ընկերներուն կողմէ տարուած յաղթանակի իմաստին եւ արժէքին նորովի գնահատման առիթ կը դառնայ։ Դար մը առաջ ապահովուած յաղթանակը անկիւնադարձային նշանակութիւն ունեցած էր Թուրքիոյ Հանրապետութեան ստեղծման ճանապարհին։ Այդ յաղթանակի ոգին անցեալ տասնամեակներու հոլովոյթին մէջ միշտ մնաց արծարծուած եւ դարձաւ հասարակաց յայտարար մը՝ երկրի նուաճումներուն եւ յառաջընթացին, վերելքին ու զարգացման տեսակէտէ։ 30 Օգոստոսի մեծ յաղթանակի տօնին ամբողջ երկիրը այսօր հերթական անգամ երանութեամբ եւ անսահման երախտագիտութեամբ կը վերյիշէ Հանրապետութեան հիմնադիր Մեծն Աթաթիւրքն ու լծակից ընկերները։ Տօնը նաեւ առիթ դարձած է, որպէսզի ամբողջ երկիրը ամրապնդուի այն գիտակցութեան մէջ, թէ երկրի ամբողջականութեան ու միասնականութեան պահպանման ճանապարհին բաժին կը վիճակի իւրաքանչիւր քաղաքացիին։ Արդարեւ, միայն այն համատարած պատասխանատուութեան գիտակցութեան շնորհիւ արծարծուած կը մնայ մեծ յաղթանակի ոգին, որ ժամանակներու մէջ պետութիւնը յաւերժացնելու հիմնական գրաւականն է։
Մեծ յաղթանակի դարադարձին առթիւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանն ալ հրապարակած է մասնաւոր պատգամ մը։ Այս առթիւ ան մատնանշած է, որ թուրք ազգը 30 Օգոստոսին ապացուցանած է, թէ ի՜նչեր կրնայ ընել եթէ գերութեան եւ ազատութեան միջեւ նախընտրութիւն մը ընելու պարտաւորուի։ Նախագահը շեշտած է, որ Թուրքիա պատմութենէն առած ուժով՝ ինքնավստահ քայլերով կ՚ընթանայ դէպի լուսաւոր ու բարգաւաճ ապագայ։ Ան շեշտած է, որ 2023 թուականին պիտի նշուի Հանրապետութեան 100-ամեակը եւ այդ յոբելեանը մեծ եւ հզօր Թուրքիոյ կառուցման աւետիսին տեսակէտէ նոր անկիւնադարձ մը պիտի ըլլայ։ Նախագահ Էրտողան երախտագիտութեամբ ոգեկոչած է մեծ յաղթանակի հրամանատար Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքն ու զինակից ընկերները։ Ան երախտագիտութեամբ վերյիշած է նաեւ բոլոր նահատակները, որոնք հայրենիքին համար ինկած են՝ վարդաստանէ մը ներս մուտք գործելու նման։ Էրտողանի պատգամին մէջ ընդգծուած է, որ ազգը թշնամիի լուծին տակ օր մը իսկ մնալու փոխարէն դէպի նահատակութիւն ընթացած է՝ համարձակութիւնով մը, որ մահը սպաննած է եւ այսպէսով իր անկախութեան եւ ապագային տէր կանգնած է։
ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ԿՈՂՄԷ
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս առաւօտ Իսթանպուլի կուսակալութեան մէջ 30 Օգոստոսի տօնին առթիւ կազմակերպուած պաշտօնական շնորհաւորութեան ընդունելութեան ներկայ գտնուեցաւ՝ ընկերակցութեամբ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի։ Նորին Ամենապատուութիւնը երէկ երեկոյեան ալ «Միմար Սինան» գեղարուեստից համալսարանէն ներս մասնակցեցաւ Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Եէրլիքայայի կողմէ նոյն առթիւ սարքուած ընդունելութեան՝ ընկերակցութեամբ փոխանորդ տէր հօր։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս առթիւ կուսակալ Եէրլիքայան եւ Ա. զօրաբանակի հրամանատար զօրավար Ալի Սիվրին շնորհաւորեց յանուն Պատրիարքական Աթոռին ու մեր համայնքին։