ԱՇԽԱՐՀԻ ՄԷՋ ԱՌԱՆՑ ՎԻՇՏԻ ՄԱՐԴ Չ՚ԸԼԼԱՐ
Հաւանաբար աշխարհի մէջ գրուած ամենէն իմաստալից եւ գեղեցիկ խօսքը հետեւեալն է. «Աշխարհի մէջ առանց վիշտի մարդ չ՚ըլլար. մարդ եթէ վիշտ չունենայ, մա՛րդ չ՚ըլլար». վերջապէս բոլորս ալ տեղ մը համոզուած ենք, որ մարդկային է վիշտ ունենալը՝ առանց դասակարգի խտրականութեան: Հասարակաց այդ գիծը սակայն կը տարբերի այդ վիշտը դիմագրաւելու եւ ընդունելու ձեւին մէջ, որովհետեւ նոյն վիշտը տարբեր երկու մարդոց մօտ կրնայ պարզել ամբողջութեամբ տարբեր պատկեր մը, որովհետեւ վիշտին հիմնական ազդեցութիւնը ո՛չ թէ չափին, այլ զայն ընկալելուն մէջ կը կայանայ:
Ամէն մարդ վիշտը ընդունելու տարբեր ձեւեր ունի. մարդ կայ ամենէն փոքր խնդիրին դիմաց երեսը կախ, տրտում ու թախծոտ տեսք կը ստանայ, իսկ մարդ ալ կայ աշխարհի ամենէն բարդ խնդիրներուն դիմաց կը շարունակէ մնալ ժպտերես՝ այդ բոլորը թաղելով իր ներաշխարհին մէջ:
Այս բոլորը մտածելակերպի եւ բնաւորութեան հարց են եւ բնականաբար բոլոր մարդոց վրայ նոյն ազդեցութիւնը ակնկալելի չէ եւ ամէն մարդ ունի իր սեփական անձը ամոքելու իր ձեւն ու ըմբռնումը:
Սակայն կան այլ խումբի պատկանողներ, որոնք մեր այսօրուան յօդուածին հիմնական «հերոս»ներն են. շատեր իրենց գոյութիւն չունեցող վիշտերուն որպէս դարման կ՚ընտրեն թմրանիւթը, ինչ որ վերջաւորութեան վիշտի պատճառ կը դառնայ եւ ի՜նչ առեղծուած այդ վիշտէն ազատելու համար դարձեալ կը դիմեն թմրանիւթին՝ որ նոյնինքն վիշտի պատճառն է. պարզապէս զոհ մը՝ որ դահիճին մօտ ապաստանիլ կը փորձէ:
Նկատենք թէ ոչ, այսօր ամէ՛ն տեղ է թմրանիւթը, ցաւ ի սիրտ մինչեւ իսկ շատ մը պատանիներու մօտ, որոնք առանց անդրադառնալու սպառնացող վտանգին, քաջութիւն մը կարծելով կը վազեն դէպի թմրանիւթ: Աւելի քան երբեք, այսօր շա՜տ շատ դիւրին է գտնել ու իրացնել թմրանիւթը. յաճախ չենք զգար, սակայն օրական դրութեամբ կ՚անցնինք անոնց մօտէն։ Նման աշխարհէ հեռու ըլլալով յաճախ կը կարծենք, թէ այդքան ալ մեծ վտանգ չեն ներկայացներ, սակայն եթէ քիչ մը խորանանք, պիտի տեսնենք որ առօրեայ հացի նման կենսական պէտք որպէս ամէ՛ն տեղ է թմրամիջոցը:
Համաշխարհային ուսումնասիրական կեդրոններ կը յայտնեն, որ աշխարհի վրայ աւելի քան 280 միլիոն մարդ թմրամիջոց կը գործածէ եւ անոնց թիւը օրական դրութեամբ աճ կ՚արձանագրէ: Սարսափելին... Ամերիկեան աղբիւրներու համաձայն ամերիկացի իւրաքանչիւր 8 պատանիէն մին թմրամիջոց կը գործածէ. նման աղբիւրներ կը յայտնեն, թէ թմրամիջոցի օգտագործումը սկիզբ կ՚առնէ անոնց մօտ դպրոցական տարիներէն՝ 7-րդ եւ 8-րդ դասարաններու ընթացքին:
Տեղեկանանք թէ ոչ, տարեկան աւելի քան 600 հազար մարդ զոհ կը դառնայ թմրամիջոցի եւ երիտասարդ տարիքէն կը յանձնուի հողին:
Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը վերջին երեք տարիներուն այս գծով յայտարարութիւն չէ կատարած, սակայն 2019 թուականին ոստիկաններու կողմէ յայտնաբերուած է աւելի քան 6,900 անձ՝ թմրամիջոց օգտագործելու մեղադրանքով, սակայն վստահ ենք, որ այս թիւը փոքրամասնութիւնն է, որովհետեւ ամէ՛ն մարդ չէ որ թմրամիջոցէն անհանգստանալու պարագային կը դիմէ հիւանդանոց:
Առօրեայ մամուլը լուռ է այս գծով, սակայն Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին օրական դրութեամբ տասնեակ եւ աւելի թմրանիւթ վաճառողներ եւ օգտագործողներ բերման կ՚ենթարկուին, օրական դրութեամբ տասնեակ մարդիկ օդի եւ ցամաքի ճամբով թմրամիջոց փոխադրել կը փորձեն եւ քիչ մը հարստանալու երազով իրենք զիրենք կը գտնեն բանտի մը խուցին մէջ:
Կը կարծենք, որ նման նիւթեր յաճախ տեղ պէտք է գրաւեն մեր մամուլի եւ տեղեկատուական էջերու մէջ, որովհետեւ գիտենք եւ կը հաւատանք, որ երբեք վերջ պիտի չունենայ. դրամասիրութիւնը մարդոց աչքը այնքա՛ն սեւցուցած է, որ ո՛չ պատիժը եւ ոչ բանտարկութիւնը որպէս արգելք կը հանդիսանան:
Իրականութեան մէջ մոլութիւններուն մէջ ամբողջովին տարբեր տեղ կը գրաւէ թմրամիջոցը, որովհետեւ անոնք որոնք կը բանտարկուին եւ կը պատժուին սկսնակ ու անպաշտպաններն են պարզապէս. կան անոնք՝ որոնք առանց հրապարակ իջնելու, իրենց հանգիստին մէջ մնալով մեծամեծ գումարներ կ՚աշխատին, իրենց աղտին առարկայ դարձնելով անոնք՝ որոնք շուտ հարստանալու երազը կը հիւսեն:
Օրէնքով պետութիւններ թմրամիջոցի դէմ ըլլալ կը թուին, սակայն տեղ մը որպէս բարիք կը տեսնեն զայն, որովհետեւ թմրամիջոցը, բախտախաղը, գինեմոլութիւնը մարդը հեռու կը պահեն քաղաքականութենէն եւ այս մէկը ի շահ պետութիւններուն է՝ իրենց զեխութիւնները ազատութեամբ ի գործ դնելու համար:
Ներկայ աշխարհը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ օրինականացնելու համար թմրամիջոցի օգտագործումը, որովհետեւ չկայ աւելի լաւ միջոց մարդուն մէջ խեղդելու բոլո՛ր ա՛յն արժէքները, որոնք մարդկայնօրէն կարեւոր ու անհրաժեշտ են:
Այսօրը քիչ մը անյստակ է, սակայն ապագան այնպէս կը թուի, որ թմրամոլներու թիւը այնքա՛ն պիտի աճի, որ չգործածողները դառնան փոքրամասնութիւն, որովհետեւ ներկայ աշխարհը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ աղաւաղելու համար նոր սերունդը:
Ցաւ ի սիրտ, ունինք բազմաթի՜ւ հայ երիտասարդներ, որոնք այս ախտին ճիրաններուն մէջ կը տապլտկին եւ օր ցերեկով կը քանդեն իրենց կեանքը:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -32-
Նախապէս ըսած էի, որ երբ Հայաստան նոր փոխադրուեցայ որոշ ժամանակ զբաղուեցայ վարորդութեամբ:
Գիշեր մը երկու երիտասարդ ինքնաշարժ նստան. հասցէն անծանօթ էր ինծի. ըսին որ իրենք գիտեն եւ օգտակար կը դառնան: Հասանք ամբողջութեամբ ամայի վայր մը, ուր ո՛չ տուն կար եւ ո՛չ մարդ:
Խնդրեցին մութին մէջ կենալ եւ երկուքով մութին մէջ հեռացան: Պահ մը ետք նկատեցի, որ խոտերուն մէջ բան մը փնտռել կը փորձէին՝ սակայն չէին գտներ: Բաւական թափառելէ ետք գտան փնտռուածը եւ վերադարձան ինքնաշարժ:
Երկու ընկերներու խօսակցութենէն զգացի, որ գտնուածը թմրամիջոց է...
Օրեր ետք գիտցայ պատահածը. որպէսզի յաճախորդն ու վաճառողը իրար չտեսնեն, վաճառողը թմրամիջոցը կը պահէ ամայի վայր մը եւ գումարը համացանցի ճամբով ստանալէ ետք հասցէն կը փոխանցէ յաճախորդին:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ