ԼԱՒՐՈՎ ԿԸ ԽՕՍԻ ՅԱՌԱՋԸՆԹԱՑԻ ՄԱՍԻՆ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ Մոսկուայի մէջ հիւրընկալեց Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանը։ Բանակցութիւններէն վերջ նախարարները սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Այս փուլին Սերկէյ Լաւրով տեղեկացուց, որ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու աշխատանքային խումբը զգալիօրէն յառաջ գացած է պայմանաւորուածութիւններու հասնելու հարցին մէջ։ Ծանօթ է, որ Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետներուն գլխաւորած եռակողմանի աշխատանքային խումբի վերջին նիստը նախընթաց օր Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած էր։

«Հարաւային Կովկասի մէջ հաղորդակցութեան ապաշրջափակման հարցերով կը զբաղի եռակողմանի խումբը, որ կ՚աշխատի ռիթմիք, սահմանազատման հարցերով հանդիպումներու հետ նոյնաժամանակ։ Բառացիօրէն օրերս կայացած են հերթական շփումները, կողմերը զգալիօրէն յառաջ գացած են համաձայնութիւններու հասնելու ուղղութեամբ», ըսաւ Լաւրով եւ յոյս յայտնեց, թէ համաձայնութիւնները կը ձեւաւորուին մօտաւոր ապագային։ Այս աշխատանքը կ՚իրականացուի ո՛չ թէ ճնշումի մէջ, ո՛չ թէ մեկուսացուած, այլ սերտօրէն կապուած է փոխադրութեան աւելի լայն նախագծերու հետ՝ ներառեալ Հիւսիս-հարաւը։ Ան աւելցուց, որ գործնական առումով զգալի տեղաշարժեր կան այս գործընթացէն ներս։

Իր կարգին, Ամիր Ապտուլլահիանն ալ յայտարարեց, որ Հարաւային Կովկասէ ներս որեւէ աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւն անընդունելի է Իրանի համար։

Միւս կողմէ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան ալ յայտնեց, որ Մոսկուա կը շարունակէ Երեւանի եւ Պաքուի հետ աշխատիլ փոխադրութեան կապերու ապաշրջափակման համար։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 1, 2022