ՎԵՐԱԴԱՐՁ ԴԷՊԻ ԱՐՄԱՏՆԵՐ

Յայտնի հասարակական-քաղաքական գործիչ, գործարար ու բարերար Ռուբէն Վարդանեան երէկ տեղեկացուց, որ որոշած է հրաժարիլ Ռուսաստանի Դաշնակցութեան քաղաքացիութենէն եւ հաստատուիլ Արցախ։ Ռուբէն Վարդանեան, որ «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան եւ «Մատենա» միջազգային դպրոցի հիմնադիրներէն է, երէկուան յայտարարութիւնով տեղեկացուց, որ որոշած է Արցախ տեղափոխուիլ եւ ստեղծել՝ Արցախի անվտանգութեան եւ զարգացման ճակատը։ Այս փուլին ան ամբողջ աշխարհի հայութեան կոչ ուղղեց՝ միանալ յանուն Արցախի պայքարին, որովհետեւ Արցախը կը համարուի հայութեան արմատներն ու հիմքը։ Ռուբէն Վարդանեան յայտնեց, որ հայերուն համար հասած է գոյաբանական պահը։

«Չենք զգար այդ մէկը, ինչպէս չենք զգար ճառագայթումը։ Բայց եթէ բոլորս միասին ուս ուսի չտանք, կը կորսնցնենք այն ինչ, որ մեր յենարանն է», յայտնեց ան։

Ռուբէն Վարդանեան երկար ժամանակէ ի վեր կ՚ապրէր Ռուսաստանի մէջ եւ այնտեղ լուրջ գործարար ձեռքբերումներ արձանագրած էր։ Ներկայիս ան Ռուսաստանի քաղաքացիութենէ կը հրաժարի՝ որպէս Հայաստանի քաղաքացի Արցախ երթալու համար, որովհետեւ այս մէկը աւելի ճիշդ կը համարէ։

Ռուբէն Վարդանեանի այս յայտարարութիւնը հրապարակուած է նաեւ տեսաուղերձի մը ձեւաչափով։ Այդ մէկը տեսագրուած է Արցախի մէջ, աշխարհի հնագոյն ծառերէն մէկուն՝ աւելի քան 2000 տարեկան Տնջրի ծառին մօտ։ 

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 2, 2022