ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ նախագահեց Վանայ լճի Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ արարողութիւններուն։ Հայկական ճարտարապետութեան գլուխ գործոցներէն այս պատմական տաճարը երկար տասնամեակներ մնացած էր անմխիթար վիճակի մէջ, խոնարհուած։ Այդ բոլորէն վերջ պետութեան միջոցներով վերանորոգուած եւ թանգարանի կարգավիճակ ստացած եկեղեցւոյ մէջ տարին անգամ մը Ս. Պատարագ կը մատուցուի՝ Ս. Խաչի տօնի շրջանին։ Այս տարի արդէն տասներորդ անգամ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ Վանի մէջ եւ Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեան ներքեւ կազմակերպուած ուխտագնացութիւնն ալ առիթ հանդիսացաւ հոգեւոր բացառիկ ապրումներու։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ, երէկուան Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Ներկայ էին նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան, Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն Տ. Եղիշէ եւ Տ. Վիգէն քահանայ հայրերը։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Սամաթիոյ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սեւան Ակօշեանի։ Ս. Պատարագի ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը տուաւ օրուան պատգամը։ Աւարտին կատարուեցաւ նաեւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ տեղի ունեցաւ բացօթեայ Անդաստան, որու ընթացքին արձակուեցան սպիտակ աղաւնիներ՝ ի նշան խաղաղութեան։
Այս ուխտագնացութեան առթիւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը քաղաքավարական այցելութիւն մըն ալ տուաւ Վանի կուսակալ Օզան Պալճըին։ Շուրջ կէս ժամ տեւեց սիրալիր զրոյցը, որու առթիւ փոխանակուեցան յուշանուէրներ։ Կուսակալի անձին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց ուխտագնացութեան առթիւ իշխանութիւններուն կողմէ ընծայուած դիւրութիւններուն եւ ցուցաբերուած դրական վերաբերմունքին համար։
Ուխտագնացութեան ծրագրի աւարտին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ ընկերակիցները, նաեւ երգչախումբի անդամները երէկ երեկոյեան ժամերուն արդէն վերադարձան քաղաքս։
Երէկուան քարոզին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը կանգ առաւ տաճարի գաղափարին վրայ։ «Աստուած հաստատած է տաճարի գաղափարը, որպէսզի մեղաւոր մարդկութիւնը այցելէ եւ այնտեղ զԱստուած գտնէ։ Հին Կտակարանէն սկսեալ հաստատուած այս աւանդութիւնը շարունակուած է նաեւ Քրիստոնէութեան մէջ եւ համայնքներ կառուցած են իրենց եկեղեցիները։ Հայ Եկեղեցւոյ անդամները եւս պատմութեան ընթացքին հետեւած են տաճարաշինութեան աւանդութեան՝ իրենց ոճով, ճարտարապետական գիտութեամբ եւ հանճարով կառուցած են շքեղ տաճարներ, ուր համախմբուած են Տէրը փառաբանելու համար։ Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցին եւս եղած է այդպիսի հսկայ կոթողներէն մին, որ 10-րդ դարուն Գագիկ Արծրունի թագաւորին փափաքով եւ Մանուէլ ճարտարապետի աշխատութեամբ կառուցուած է», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ Աղթամարը աւելի քան հազարամեայ պատմութիւն մը կը մարմնաւորէ։ Ան ապա շարունակեց ըստ հետեւեալի.
«Այս տաճարին կամարը, պատերը, սիւները եղած են ականատեսը ինչ-ինչ դէպքերու եւ անոնք կը շարունակէին անցեալի վկան դառնալ։ Ան նաեւ իր հիանալի ճարտարապետութեամբ թէ՛ հայերու եւ թէ՛ օտարներու հետաքրքրութեան առարկայ դարձած էր։ Ահա այս գեղեցիկ տաճարը, որ մօտաւոր անցեալին մաշած էր, մօտաւորապէս 20 տարի առաջ երկրի իշխանութեան տնօրինութեամբ՝ որպէս թանգարան-եկեղեցի վերանորոգուած էր եւ յաջորդիւ աւանդութիւն հաստատուած էր, որպէսզի սեպտեմբեր ամսուան մէջ տօնական Ս. Պատարագ մատուցուի այստեղ։ Համավարակի շրջանին, դժբախտաբար, այս աւանդութիւնը առանց ժողովուրդի մասնակցութեամբ շարունակուեցաւ։ Իսկ այս տարի հանդիսաւոր տօնակատարութիւնը տեղի կ՚ունենայ Իսթանպուլէն, Հայաստանէն եւ այլ երկիրներէ ուխտաւորներու մասնակցութեամբ»։
Քարոզին մէջ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց՝ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ պետական աւագանիի պատկան դէմքերուն, որոնք այս արարողութեան կանոնաւոր կազմակերպման ուղղութեամբ ներդրում ունեցած էին։