Շաբաթ 30, Նոյեմբեր 2024
ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԱՇԽՈՅԺ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ԲԵՐԵՆ ԵՀԽ-Ի ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ
Գերմանիոյ Քառլսռուէ քաղաքին մէջ կը շարունակուի Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (ԵՀԽ) 11-րդ համագումարը։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչները աշխուժօրէն ներգրաւուած են քննարկումներուն։ Համագումարը կազմակերպուած է՝ «Քրիստոսի սէրը կ՚առաջնորդէ աշխարհը» նշանաբանով։ ԵՀԽ-ի համագումարը պիտի եզրափակուի սեպտեմբերի 8-ին։
Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 5, 2022