ՌԻՔԷՐ ԱՅՍ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ՄԷՋ ԵՐԵՒԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի նորանշանակ համանախագահը՝ Ֆիլիփ Ռիքէր ներկայ շաբթուան ընթացքին պիտի այցելէ Երեւան։ Ֆիլիփ Ռիքէր վերջերս նշանակուած էր Կոկվասի հարցերու բանակցութիւններու գծով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի աւագ խորհրդական եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ։ Իր նշանակումը լարուածութիւն յառաջացուցած էր Ուաշինկթըն-Պաքու առանցքին վրայ։
ԱՄՆ-ի Պետական քարտուղարութեան բանբերի տեղակալ Վետանթ Փաթել տեղեկացուց, որ Ֆիլիփ Ռիքէր կը պատրաստուի առաջին անգամ տարածաշրջան այցելել՝ իր նոր պաշտօնին անցնելէ վերջ։ «Մենք կ՚ակնկալենք, որ սա տարածաշրջան կատարուելիք պարբերական այցելութիւններէն առաջինը կ՚ըլլայ։ Ան այս երեկոյ կը մեկնի ու կ՚այցելէ Հայաստան, Վրաստան եւ Ատրպէյճան։ Այդ երկիրներուն մէջ պիտի հանդիպի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ՝ քննարկելու համար տարածաշրջանին վերաբերեալ հիմնական հարցերը», ըսաւ Վետանթ Փաթել։
Արցախի երկրորդ պատերազմէն ի վեր Ատրպէյճան կը պնդէ, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան գործունէութիւնը այլեւս նպատակայարմար չէ, որովհետեւ հակամարտութիւնը լուծուած է։ Իսկ Հայաստան այլ քաղաքականութեան մը կը հետեւի եւ նոյնիսկ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ իր մօտեցումներուն մէջ միշտ յառաջ կը քշէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափը։