ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀԻ ՊԱՏԿԵՐԱԶԱՐԴ ԳՈՐԾԻՔՆԵՐԸ. ԳԻՐՔ, ԲԱՌԱՐԱՆ, ՏՈՀՄԱԾԱՌ

Հայկական լեռնաշխարհին մէջ տարածուած երաժշտական գործիքներուն մասին համայնագիտարանային նշանակութեամբ գիրք մը պատրաստած է հայրենի ջութակահարուհի, մանկավարժ, հետազօտող Նունէ Շամախեան: Ան դուստրն է միջազգային ճանաչման արժանացած առաջին հայ ջութակահարուհիին՝ անկրկնելի արուեստագիտուհի Անահիտ Ցիցիկեանին (1926-1999):

Ջութակահարուի ըլլալէն բացի, Անահիտ Ցիցիկեան նաեւ գիտնական էր, բազում հետազօտութիւններ իրականացուցած էր երաժշտագիտութեան ասպարէզին մէջ: Դժբախտաբար, Անահիտ Ցիցիկեանի բազմաթիւ աշխատանքները չեն հրապարակուած, եւ դուստրը որոշած է շարունակել մօր հետազօտութիւնները: Աշխատանքը նորանոր դռներ բացած է եւ մէջտեղ եկած է զատ աշխատութիւն մը՝ լրացումներով, գունաւոր եւ մշակուած լուսանկարներով՝ «Հայկական լեռնաշխարհի երաժշտական գործիքները» խորագրով: Նունէ Շամախեանի գիրքի հիմքին մէջ ալ Անահիտ Ցիցիկեանի հետազօտութիւնները կան երաժշտական հնագիտութեան բնագաւառին մէջ, որ անուանի ջութակահարուհի-գիտնականը սկսած էր կատարել 1950-ական թուականներէն:

Մօտաւորապէս 600 պատկեր պարունակող այս գունազարդ ժողովածոյին մէջ հաւաքուած են Հին Հայաստանի, Ատրպատականի, Կիլիկիոյ եւ նախապատմական ժամանակներէն հայերով բնակեցուած յարակից տարածքներուն մէջ գործածուած եւ տարածում գտած երաժշտական գործիքները:

«Հայկական լեռնաշխարհի երաժշտական գործիքները» գիրքին շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ Երեւանի «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանին մէջ, արժանանալով մեծ գնահատանքի եւ պատշաճ ներկայացման: Մասնաւորապէս շեշտուեցաւ այն իրողութիւնը, որ «Հայկական լեռնաշխարհի երաժշտական գործիքները» գիրքը առաջին ծաւալուն հրատարակութիւնն է, որուն մէջ ընդգրկուած է ձեռագիր մատեաններու, քանդակներու եւ խաչքարերու, որմնանկարներու եւ տապանաքարերու վրայ եղած հին հայկական նուագարաններու պատկերներու մեծ հաւաքածոյ: Գիրքին մէջ զետեղուած մօտաւորապէս 600 պատկերները մանրամասնօրէն նկարագրուած են, ցոյց տրուած է, թէ ո՛ր դարու ո՛ր ձեռագիր մատեանէն քաղուած է զայն, ու՛ր կը գտնուի աղբիւրը, նոյնը՝ տապանաքարերու, խաչքարերու, որմնանկարներու պարագային: Հաւաքածոյին հիմքը կը կազմեն ո՛չ միայն աշխարհի զանազան գրադարաններուն մէջ պահուող հայերէն ձեռագիրները, այլեւ՝ Հայկական լեռնաշխարհի վրայ սփռուած քանդակները։

Համայնագիտարանի բնոյթ ունեցող գիրք մըն է այս մէկը, որուն մէջ կայ լարային գործիքներու զարգացման տոհմածառը եւ երաժշտական գործիքներու անուանումներու բացատրական բառարան մը (հայերէն եւ ռուսերէն)՝ քաղուած հին հայկական աղբիւրներէ: Բառարանը նոյնպէս եզակի է, քանի որ առաջին փորձն է՝ կազմելու եւ համակարգելու զանազան ժամանակներու հայ երաժիշտներուն գործածած աւելի քան 180 երաժշտական գործիքներու սահմանումներ: Ընդ որում, նկատելի է, որ նոյն գործիքը Հին Հայաստանի զանազան շրջաններուն մէջ, զանազան ժամանակաշրջաններու ընթացքին, տարբեր անուանումներ ունեցած է եւ այս բոլորը ներկայացնելով՝ մէջտեղ եկած է նաեւ հայերէնի հարստութիւնը: Գիրքը եռալեզու է՝ հայերէն, ռուսերէն եւ անգլերէն:

Այսպիսի գիրք մը հրատարակելու նպատակը աշխարհագրական յիշատակուած տարածքի վրայ ապրած ժողովուրդներու, մասնաւորապէս հնագոյններէն մէկուն՝ հայ ժողովուրդին երաժշտական հարուստ եւ բազմազան աւանդոյթները ուսումնասիրելն ու ատոր հիման վրայ հետազօտման հիմք ստեղծելն է: Պատմութեամբ, ազգագրութեամբ, երաժշտագիտութեամբ, գործիքագիտութեամբ եւ բազում այլ մասնագիտութիւններով զբաղող մարդոց համար այս ժողովածոն անփոխարինելի աղբիւր մըն է:

Նունէ Շամախեան հետազօտութիւնը ամբողջացնելու համար երկար տարիներ հետազօտական աշխատանք կատարած է «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանին մէջ, օգտուած է ձեռագիր մատեաններէ, աղբիւրագիտական տուեալներէ, համագործակցած է Մատենադարանի խումբ մը աշխատակիցներուն հետ եւ այլ աջակիցներու, մտաւորականներու շնորհիւ հրատարակած է մեծածաւալ աշխատութիւնը: Նշենք նաեւ, որ գիրքը տպագրուած է Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) հովանաւորութեամբ:

Գիրքին շնորհանդէսին Մատենադարանի տնօրէն Վահան Տէր-Ղեւոնդեան երաժշտագէտ Նունէ Շամախեանը բնորոշեց որպէս մշակոյթի նուիրեալ, որ արժանի կերպով կը շարունակէ իր տոհմին փառաւոր աւանդոյթները եւ գիրքն ալ կազմած է հայրենասիրական ոգիով: Միջնադարէն մեզի հասած հարուստ ձեռագիր ժառանգութենէն Նունէ Շամախեան դուրս բերած է արժէքաւոր տեղեկութիւններ (ժամանակային առումով՝ վաղ հայկական Վերածնունդէն մինչեւ 19-րդ դար), որոնք նոր լոյսի տակ ներկայացնելով, ձեւով մը ապրեցուցած, «խօսեցուցած» է այդ ձեռագիրները: Այս մէկը եւս ապացոյց մըն է այն բանին, որ հայաստանեան Մատենադարանին եւ այլ վայրերու մէջ պահուող հայկական ձեռագիրները բազմաժանր են, երաժշտական նիւթը անոնց մէջ այնքան հարուստ է, որ դարձած է մեծ հատոր մը, որ եռալեզու ըլլալով, հասանելի է նաեւ օտարներուն:

Օտարները այս գիրքին մէջ կրնան տեսնել, թէ հնագոյն ժամանակներուն Հայաստանը ի՛նչ քաղաքակրթական զարգացում ունեցած է, ինչպիսի՛ մշակութային կապեր ստեղծած է աշխարհին հետ եւ ի՛նչ երաժշտական աւանդոյթներով ապրած է մեր ժողովուրդը: Այս մասին իրենց ելոյթներուն մէջ նշեցին ազգագրագէտ Հրանուշ Խառատեան, այս գիրքին հայերէն խմբագիր, հրապարակախօս Կարինէ Խոտիկեան:

Երաժշտական գործիքները, որոնք նկարագրուած են գիրքին մէջ ընդհանրապէս արեւելա-քրիստոնէական երաժշտութեան զարգացման պատմութեան կը պատկանին եւ հայերը անբաժան մասը եղած են այդ պատմութեան: Շնորհանդէսին ելոյթ ունեցողները նշեցին, որ գիրքը ծնունդն է հետազօտողներու երկու սերունդի: Իր մօր՝ Անահիտ Ցիցիկեանի գաղափարները զարգացուցած է հետեւորդը՝ դուստրը, կատարած է իր սեփական հետազօտութիւնը եւ գիրքը ինքնուրոյն հեղինակային աշխատանք մըն է, որ ապագայ սերունդներուն համար հետազօտութիւններու նոր ուղիներ կը բանայ:

Մոսկուայէն յատուկ շնորհանդէսին մասնակցելու համար Երեւան եկած էր գիրքին ռուսերէն բաժնի խմբագիրը՝ Մոսկուայի Արուեստագիտութեան պետական կաճառի յառաջատար գիտաշխատող Անթոնինա Լեւպէտեւա-Եմելինա: Ան ըսաւ, որ միշտ ալ դժուար է ճամբայ բացողին ճակատագիրը, այս պարագային Նունէ Շամախեան ճամբայ բացած է հայկական լեռնաշխարհի երաժշտական գործիքները ներկայացնելու ասպարէզին մէջ եւ այդ մէկը ջանացած է կատարել կարելի եղածին չափ ճշգրիտ եւ ամբողջական: Ռուս մասնագէտը անոր գործը գերազանց գնահատեց, իսկ գիրքը նկատեց հիացմունքի առարկայ, որ վարպետօրէն ցոյց կու տայ հայկական լեռնաշխարհի երաժշտական գործիքներու գեղարուեստական ու հիասքանչ պատկերը:

Միջնադարեան ձեռագիրներուն մէջ յաճախ տեսած ենք հրեշտակներ՝ ձեռքերնուն երաժշտական գործիքներ. ռուս արուեստաբանը նկատած է, որ Նունէ Շամախեան գտած եւ նկարագրած է ոչ միայն հրեշտակներուն բռնած եւ շատերուն ծանօթ ծնծղաները, դափերը, շեփորներն ու լարային գործիքները, այլեւ՝ ժամանակակից փողային գործիքներուն նախորդները եղող ապագայ օձափողերն ու աւագափողերը:

«Յայտնաբերուած երաժշտական գործիքներուն հնագոյն պատկերները, խաչքարերը եւ տապանաքարերը միշտ չէ, որ պարզ են. ատոնք կ՚արտացոլացնեն մեր նախնիներուն հոգեկերտուածքը, ցոյց կու տան անոնց կարեւորութիւնը, կ՚առաջացնեն հանելուկներ, որոնք դիւրին չէ լուծել: Այս գիրքը կը մատնանշէ երաժշտութեան տեղը Միջնադարուն, Վերածնունդին եւ Նոր սերունդի արուեստներու համակարգին մէջ», կ՚ըսէ Անթոնինա Լեւպէտեւա-Եմելինան, որուն խմբագրութեամբ գիրքը հասանելի է նաեւ ռուսալեզու ընթերցողին: Գիրքին անգլերէն խմբագիրն է Արմէն Կարապետեան:

Նունէ Շամախեան կը նշէ, որ աշխարհի մէջ այսօր պահպանուած մօտաւորապէս 30 հազար միջնադարեան ձեռագիր կայ, որոնցմէ նկարազարդ են հինգէն եօթ հազարը: Ինք անոնցմէ ընտրած է անոնք, որոնց մէջ երաժշտական գործիքի պատկեր կայ: Առաջին կարգին անշուշտ, ուսումնասիրութեան վայր եղած է  Երեւանի «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանը, ուսումնասիրուած են նաեւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի թանգարանի, Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան, Սեն Փեթերսպուրկի, Լոնտոնի, Նիւ Եորքի, Ուաշինկթընի, Վիեննայի, Պերլինի թանգարաններուն մէջ պահուող, ինչպէս նաեւ՝ մասնաւոր հաւաքածոներու ձեռագիրները:

Հետազօտողը մանրակրկիտ աշխատանք տարած է նաեւ որմնանկարներուն մէջ երաժշտական գործիքներ գտնելու եւ զանոնք նկարագրելու ուղղութեամբ: Հայկական որմնանկարները, որպէս քրիստոնէական հոգեւոր ինքնարտայայտման հնագոյն ձեւերէն մէկը, նաեւ աչքառու են իրենց վառ գոյներով, տոկունութեամբ, բայց այդ ժառանգութեան փոքր մասն է միայն, որ հասած է մեր օրերը՝ դիմանալով անցեալի պատերազմներուն եւ աւերներուն: Եթէ նոյնիսկ տաճարները պահպանուած են, նուաճողները ջնջած են անոնց ներսի որմնանկարները եւ ուսումնասիրողին համար շատ դժուար է որմնանկարչութեան ասպարէզին մէջ արդիւնաւէտ աշխատանք կատարել: Սակայն Նունէ Շամախեան, պրպտուն եւ հետեւողական աշխատանքին շնորհիւ գտած է որմնանկարներ, որոնց վրայ երաժշտական գործիքներու տարբեր պատկերներ կան՝ փողային, լարային, աղմկային նուագարաններ: Այդ որմնանկարները կը գտնուին ինչպէս Հայաստանի մէջ, ըսենք՝ Մուղնի, Լոռի, Մեղրի, այնպէս ալ՝ Հայաստանէն դուրս՝ Նախիջեւան, Վարագավանք, Նոր Ջուղա:

Հիանալի է, թէ մեր նախնիք պատերուն վրայ ինչպիսի վարպետութեամբ նկարած են երաժշտական գործիքներ՝ երկար սրինգներ, փոքր շուիներ, եղջերափողեր, բոժոժներ, բուրվառներ, ծնծղաներ, տաւիղներ, ուտեր եւ այլ նուագարաններ:

Նոյնքան սքանչելի են երաժշտական գործիքներուն պատկերները բարձրաքանդակներուն եւ խաչքարերուն վրայ: Հայ վարպետները այնքան յաճախակիօրէն պատկերած են նուագարաններ անոնց վրայ, որ վստահաբար կարելի է ըսել, թէ որքան կարեւոր դեր ունեցած է երաժիշտն ու երաժշտութիւնը՝ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ:

Նունէ Շամախեան քարերուն վրայ գտած եւ նկարագրած է պատկերներ, որոնց մէջ նկատելի է, որ երաժիշտները թմբուկներով եւ փողերով կը դիմաւորեն յաղթանակէն դարձող մարտիկները, կան նաեւ խնջոյքի տեսարաններ, որոնց մէջ նոյնպէս երաժշտական գործիքներ կ՚երեւին, ինչպէս նաեւ՝ որմնանկարներուն վրայ անպակաս են երաժշտական գործիքները կրող մշտական հերոսները՝ հրեշտակները:

Հայերը երաժշտական գործիքներ պատկերած են նաեւ տապանաքարերու վրայ: Նունէ Շամախեան կը մեկնաբանէ, որ տապանաքարերը՝ անձի մը մասին տեղեկութիւններ հաղորդելէ զատ, յաճախ նաեւ, բուն նշանակութենէն բացի, ունին պատմական եւ գեղարուեստական մեծ արժէք: Պատահական չէ, որ երբեմն պատմաբաններուն համար տապանաքարերը միակ վկաներն են այն իրողութեան, որ այդ տարածքին վրայ հայեր ապրած են, իսկ արուեստաբաններ, ազգագրագէտներ ուսումնասիրութեան նիւթ կը դարձնեն անոնց վրայի զարդանախշերը: Այդ նախշերուն մէջ զգալի են երաժշտական գործիքներու պատկերներ, ինչպէս տուտուկ, զուռնայ, բլուլ, շուի, փող, սրինգ, քեամանչայ, սազ, ուտ, քանոն եւ շատ այլ գործիքներ:

Նունէ Շամախեանին մայրը՝ Անահիտ Ցիցիկեանը, ուսումնասիրած եւ հանրութեան ներկայացուցած է ջութակ լարային գործիքին՝ աշխարհի մէջ ամենավաղ պատկերումը ապակեայ անօթի վրայ, որ գտնուած է Հայաստանի հին մայրաքաղաք Դուինի պեղումներուն ընթացքին: Ան ուսումնասիրութիւն մը ունի՝ նուիրուած հայկական աղեղնային արուեստին: Ցիցիկեան առաջին անգամ ըլլալով վերականգնած եւ ներկայացուցած է հայկական կատարողական արուեստի համակարգուած պատմութիւնը։ Իսկ իր կեանքին վերջին քսան տարին նուիրած է հայկական երաժշտութեան հնագոյն պատմութեան հիմնարար հետազօտութիւններուն, ըստ էութեան հիմնելով հայկական երաժշտագիտութեան նոր ուղղութիւն մը՝ երաժշտական հնագիտութիւն։ Երաժշտանոցին մէջ ալ դասախօս եղած ժամանակ ջութակահարուին երաժշտանոցի կրթական ծրագրին մէջ ներդրած է երեք նոր դասանիւթ՝ «Աղեղնային արուեստի պատմութիւն»ը, «Հայկական կատարողական արուեստի պատմութիւն»ը եւ «Մանկավարժական փորձագործութիւն»ը: Իր դստեր՝ Նունէ Շամախեանի գիրքի շնորհանդէսին ընթացքին բազմիցս յիշատակուեցաւ իր անունը, դրուագներ ներկայացուեցան իր կեանքէն, ինչպէս նաեւ Շամախեանի կազմած այլ գիրքէ մը, որ ամբողջութեամբ նուիրուած է իր մօր՝ Անահիտ Ցիցիկեանին: Անզուգական արուեստագիտուհի մըն էր ան, տաղանդաւոր երաժիշտ մը, կատարողական բարձր ունակութիւններով ջութակահարուհի մը, որ համերգներ ունեցած է աշխարհի շուրջ հարիւր քաղաքներու մէջ եւ ամէնուր հնչեցուցած է դասական երաժշտութիւն, արուեստի հանդիպումներ ունեցած է այդ ժամանակուան նշանաւոր մարդոց հետ, որոնք Հայաստանը ճանչցած են նաեւ Անահիտ Ցիցիկեանի շնորհիւ:

Անահիտ Ցիցիկեանի շնորհիւ բազմաթիւ հայ անուանի մարդոց եւ երաժիշտներու արխիւներ բերուած են Հայաստան եւ յանձնուած՝ թանգարաններուն: Մահէն ետք դուստրը, դասաւորելով մօր արխիւը, կեցած է հսկայական ժառանգութեան առջեւ, իսկ այս գիրքն ալ ան նուիրուած է ծնողքին՝ Անահիտ Ցիցիկեանին եւ Վիլէն Շամախեանին: Կը սպասենք նոր հրատարակութիւններու եւ բացայայտումներու:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 12, 2022