ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԻՐԱՒԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ

«Եկեղեցական իրաւաբանութիւն»ը՝ որ «Եկեղեցական Իրաւունք»ն է, յաճախ կը կոչուի «կանոնական իրաւունք», «եկեղեցական իրաւագիտութիւն»։ Հին ժամանակներէ սկսած՝ եկեղեցական կարգադրութիւնները կ՚անուանէին «կանոններ»։

«Կանոն» բառը յունական է եւ կը նշանակէ ուղիղ փայտ, ձող եւ առհասարակ «սահմանուած չափ» թէ՛ ֆիզիքական, թէ՛ բարոյական եւ թէ՛ հոգեկան իմաստով։

Երաժշտութեան մէջ «կանոն» կը նշանակէ դաշնակութիւն, քերականութեան մէջ՝ գլխաւոր օրէնքներ, իսկ եկեղեցական գրութիւններու, Սուրբ Գիրքի եւ ժողովներու կարգադրութիւններու մէջ՝ ընդհանուր հրահանգներ։

Եկեղեցիի մէջ «կանոն»ը այն է, ի՛նչ որ «օրէնք»ը պետութեան մէջ։ Արդարեւ, «կանոն»ի եւ «օրէնք»ի տարբերութիւնը պարզ կերպով որոշուեցաւ Յուստինիանոսի ժամանակներէն «հռոմէական իրաւագիտութեան» մէջ եւ ընդունուեցաւ բոլոր ազգերու կողմէ։ Յուստինիանոսի իրաւական գիրքին մէջ «կանոն» եզրը կը յատկացուէր միմիայն եկեղեցական սահմանադրութիւններուն՝ զուգակշիռ դնելով անոր «քաղաքացիական կարգադրութիւնները», որ կը կոչուէին «օրէնք»։

Օրէնքի եւ կանոնի միացումէն առաջացաւ «նոմոկանոն» բառը։ Արեւմուտքի կանոնական իրաւունք հասկացողութիւնը չի համապատասխաներ յունաց մէջ ընդունուած հասկացողութեան։ «Corpus iuris canonici» կը բովանդակէ հոգեւոր իշխանութեան բոլոր իրաւական որոշումները՝ թէ՛ եկեղեցական, թէ՛ քաղաքացիական, իսկ յունաց մէջ «կանոնական իրաւունք» ըսելով կը հասկցուի միա՛յն եկեղեցական-վարչական կարգադրութիւնները, հրահանգներու համախմբումը, ուր չեն մտներ եկեղեցւոյ աշխարհական անդամներու քաղաքացիական յարաբերութիւնները։

Եկեղեցական իրաւունքի՝ եկեղեցական իրաւագիտութեան մէջ բացի կանոններէն կը մտնեն հասարակական, պետական օրէնքներ։

Յունաց մէջ կանոն կը յատկացուի ընդհանրապէս առաքեալներու, ժողովներու եւ սուրբ հայրերու հրահանգներու ժողովածուին մինչեւ եկեղեցիներու բաժանումը։

Ռուսաստանի մէջ գործածուած չէ «կանոն» բառը. պետական եւ եկեղեցական կառավարչական շրջանակներէ դուրս եկած հրահանգները կը կոչուին «կարգադրութիւններ»։

Հայոց մէջ «կանոն» բառը կը գործածուի եկեղեցական հրահանգներու վերաբերմամբ։ Ընդհանրացած է ըսել «եկեղեցական կանոն», քան եկեղեցական օրէնք։ «Կանոնական» ածականը շատ անգամ կը յատկացուի այն կաթողիկոսական կոնդակներուն՝ որոնք զուտ եկեղեցական հրահանգներ կ՚ամփոփեն եւ պարտադիր նշանակութիւն ունին, ինչպէս, զոր օրինակ, Գէորգ Դ.-ի (Տ. Գէորգ Դ. Կոստանդնուպոլսեցի Քերեստեճեան. 1866-1882) 1868 թուականի դեկտեմբեր 24-ի կոնդակը։

«Մշտական իրաւունք» կոչուած իրողութիւնը իր բովանդակութեամբ, հիմնական մեծ եւ կարեւոր կապեր ունի աստուածաբանութեան եւ իրաւաբանութեան հետ։ Արդարեւ, իրաւաբանութիւն եւ աստուածաբանութիւն սերտօրէն կապուած են իրարու, քանի որ անոնք ունին բազմաթիւ հասարակաց կէտեր եւ նիւթեր։

Եկեղեցւոյ անտեսանելի մասը՝ խորհուրդները, բարոյական գաղափարները, համոզում եւ հաւատալիքները կը պատկանին դաւանաբանական եւ բարոյական աստուածաբանութեան՝ որը կը զբաղի քրիստոնէական հաւատի եւ բարոյական ճշմարտութիւններու պարզաբանութեամբ։ Եւ այս իմաստով՝ աստուածաբանութեան եւ իրաւաբանութեան նպատակն է՝ ճշմարտութի՛ւնը։ Անոնք երկու մարզեր են, որոնք իւրայատուկ միջոցներով եւ գործակերպերով կ՚ուզեն հասնիլ ճշմարտութեան, որ մէ՛կ է։

«Իրաւունք»ը՝ իր լայն առումով իրաւաբանութիւնը նիւթ կ՚ունենայ դաւանաբանութենէ աստուածաբանութեան մէջ պարզուած, մշակուած, քննութեան տակ չինկող էական գաղափարները եւ անոնք շօշափելի եւ հասկնալի կը դարձնէ արտաքին-տեսանելի գործողութիւններու միջոցով։

Աստուածաբանութիւնը կ՚ուսումնասիրէ եկեղեցին՝ իբրեւ աստուածային հաստատութիւն, եկեղեցական իրաւունքը կ՚ուսումնասիրէ անոր՝ իբրեւ արտաքին կրօնական հասարակութիւն։ Աստուածաբանութիւնը կը ձգտի պարզել եկեղեցիի գաղափարը եւ մօտեցնել հասկացողութեան ըմբռնման. իրաւունքը կ՚աշխատի որոշ կանոններու մշակմամբ եկեղեցին դնել այն աստիճանի վրայ՝ որ շուտով իրականացնէ իր վրայ տրուած պարտաւորութիւնները։

Աստուածաբանութիւնը բացայայտօրէն կը մեկնաբանէ եւ կը պարզաբանէ եւ կը բացատրէ, թէ ի՛նչպէս Աստուծոյ շնորհքը կ՚իջնէ ձեռնադրութեան ժամանակ ձեռնադրուողի վրայ, մկրտութեան եւ դրոշմի ժամանակ՝ մկրտուողի վրայ. ի՛նչպէս այդ շնորհքը կը սրբագործէ պսակաւորներու ամուսնութիւնը. իսկ իրաւունքը այդ շնորհատուութիւնը կ՚ընդունի իբրեւ միա՛կ օրինական միջոցը՝ ձեռնադրուողը որոշ իրաւունքներու մէջ դնելու, մկրտուողը ընդունելու եկեղեցիի անդամներու շարքին, պսակուողները որոշ իրաւաբանական հասարակական պարտք եւ իրաւունքներու մէջ կարգելով։ Այսպիսով, աստուածաբանութիւնը եւ իրաւունքը երկու տարբեր միջոցներով միեւնո՛յն նպատակին կը ձգտին։

Եկեղեցական իրաւունքը իր գործադրական միջոցներով աւելի կը յարակցի իրաւաբանական գիտութիւններու քան աստուածաբանութեան…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 7, 2022, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2022