ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆԻ «ՍՓԻՒՌՔԸ…» ԳԻՐՔԸ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական Գէորգ Պետիկեան վերջերս ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է նոր գիրք մը, որ կը կոչուի «Սփիւռքը…»։ Հալէպէն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ հաստատուած Գէորգ Պետիկեան իսկապէս կ՚առանձնանայ իրեն սերնդակից հեղինակներու շարքին։ Արդարեւ, իր հեղինակած գրութիւնները սփիւռքեան տպագիր կամ առցանց բազում հարթակներու վրայ ուշադրութեան կ՚արժանանան։ Իր արտադրանքը համատարած հետաքրքրութեան առարկայ կը դառնայ՝ քանի ան մարդկային անմիջականութեամբ եւ հայկական ինքնութենէն բխած զգայնութիւնները լաւագոյնս համադրելով կը հասնի բանաձեւումներու, որոնք կը պարփակեն բանալիներ՝ հայաշխարհի առկայ հրատապ օրակարգի հարցականներուն պատասխանները գտնելու ճանապարհին։ Գէորգ Պետիկեանի յօդուածները լոյս կը տեսնեն նաեւ թերթիս մէջ ու կը փնտռուին մեր ընթերցողներուն կողմէ։
«Սփիւռքը…» գիրքը ձօնուած է Հալէպի Ազգային «Գարէն Եփփէ» ճեմարանի հիմնադրութեան 75-ամեակին։ Գիրքին մեկենասը եղած է Մհեր Տէր-Յովհաննէսեան, որ այս գործը ձօնած է իր վաղամեռիկ տիկնոջ՝ հոգելոյս Սաթիկ Սապունճեան-Տէր-Յովհաննէսեանի քաղցր յիշատակին։
Գիրքը կը պարփակէ Գէորգ Պետիկեանի շուրջ չորս տասնեակ գրութիւնները։
Հարկ է նշել, որ Գէորգ Պետիկեան յաջորդ տարի կը թեւակոխէ իր ծննդեան 80-ամեակը եւ այս գիրքին հրատարակութիւնը նախորդած է իր յոբելեանին։