Ուրբաթ 24, Յունուար 2025
ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԳԱՆԱՏԱՀԱՅ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը վերջին օրերուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Մոնրէալի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան անդամները։ Հիւրերու խումբը գլխաւորեց Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Գանատայի թեմի առաջնորդ Տ. Աբգար Եպսկ. Յովակիմեան։ Զրոյցի տեւողութեան Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Հայաստանի ծանր իրավիճակին՝ շեշտելով առկայ մարտահրաւէրներու դիմագրաւման ուղղութեամբ աշխարհասփիւռ հայութեան միասնականութեան անհրաժեշտութիւնը։
Հուսկ, Նորին Սրբութիւնը պատասխանեց ուխտաւորներու հարցումներուն եւ անոնց հրաժեշտ տուաւ՝ փոխանցելով իր հայրապետական օրհնութիւնները։
Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2022