ՆԵՐՈՂԱՄՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

«Այն ատեն Պետրոս մօտեցաւ Յիսուսի եւ հարցուց.

-Տէ՛ր, քանի՞ անգամ եթէ եղբայրս մեղանչէ ինծի դէմ՝ պէտք է ներեմ իրեն. մինչեւ եօ՞թը անգամ։

Յիսուս պատասխանեց.

-Ոչ թէ եօթը անգամ, այլ եօթանասուն անգամ եօթը»։

ՄԱՏԹ. ԺԸ 21-22

Ո՜րքան դժուար է ներել մէկը՝ որ վշտացուցած է քեզ, վիրաւորած է արժանապատուութիւնդ կամ վնաս հասցուցած է քեզի՝ ֆիզիքապէս կամ բարոյապէս, քեզ շահագործած, խաբած եւ կամ անհաւատարմութիւն ցոյց տուած է քու բարեկամութեանդ եւ մտերմութեանդ, եւ կամ ապերախտ գտնուած է քու բարիքներուդ, քու սիրոյդ, ո՜րքան դժուար է ներել եթէ վիրաւորուած ես բարոյապէս, ամէն բանէ առաջ քո՛ւ «Ես»դ արգելք կը հանդիսանայ որ ներես այդպիսին՝ ան, որովհետեւ քեզմէ բան մը առած է, եւ անպայմա՛ն պէտք է վրէժ լուծես, դուն ալ վնաս հասցնես անոր. «բարեկամ»ը ոխերիմ «թշնամի» մըն է այլեւս։ Ներե՞ր են ուրիշներ նման դէպքերու, դուն անոնց պէտք չէ՛ նմանիս, դուն «Ես» մը ունիս, «արժանապատուութիւն մը, եւ անպայման պէտք է փոխարինես, դուն ալ աւելիովը փոխադարձես անոր…։

Ահաւասիկ, ա՛յս է մտայնութիւնը մարդկային խորհելակերպին ընդհանրապէս. մէկ անգամ իսկ չներե՛լ. ո՜ւր մնաց եօթը անգամ ներելը։ Հապա եօթանասուն անգամ եօթը ներել… աներեւակայելի՛, անկարելի բան…։

Մինչդեռ մենք երբ ամէն առաւօտ եւ ամէն գիշեր կ՚աղօթենք «Հայր մեր» ըսելով, կ՚ըսենք նաեւ. «Թող մեզ զպարտիս մեր որպէս եւ մեք թողումք մերոց պարտապանաց…»։ Կ՚ըսենք բայց չենք գործադրեր, որովհետեւ մեքենաբար կ՚ըսենք, կամ կը խորհինք, կ՚ըսենք բայց չենք գործադրեր. անմիջապէս կը մոռնանք մեր խօսքը, կը տարուինք աշխարհային զբաղումներու, մինչ մեր «Ես»ը միշտ մեզի հետ է՝ կը հետապնդէ մեր բոլոր քայլերը, իբր թէ կը պաշտպանէ մեր արժանապատուութիւնը, բայց կը դաւաճանէ, եւ մարդը թշնամի կը դարձնէ իր «Ես»ին եւ փոխադարձաբար՝ «Ես»ը մարդո՛ւն։

Եւ իրապէս, ներելը այդքան դժուա՞ր է, չըսելու համար անկարելի, մանաւանդ որ մե՛նք ալ մեր կարգին յանցանքներ ունինք եւ ներուելու պահանջքը։ Ուստի պէտք է ներել գիտնալ, որպէսզի իրաւունք ունենանք ուրիշներէ ալ մեզի համար ներում խնդրելու։ Եթէ մենք զմեզ անմեղ կը կարծենք, կը սխալիւնք, քանի անկարելի է որ չսխալինք, չմեղանչենք եւ ներում խնդրելու պահանջքը չունենանք։ Կ՚ըսուի որ ներելը վեհանձնութիւն է, ազնուութիւն է։ Ո՛չ եւ ո՛չ մէկը։ Ներելը պարտաւորութիւն է, անհրաժեշտ պայման է, քանի որ մարդ ստեղծուած է Արարչին՝ Աստուծոյ նմանութեամբ եւ Ան ամենողորմ է, միշտ ներող եւ ո՛չ թէ մէկ անգամ, ո՛չ իսկ եօթը անգամ, այլ՝ եօթանասուն անգամ եօթը, եւ եթէ հաշուի առնուի՝ անսահման կերպով։

Անշուշտ Աստուծոյ ներումը ներդաշնակուած է արդարութեան հետ. Անոր ներումը «արդար ներում» է։ Եւ երբ ներումը «արդար ներում» է, բնական է որ ան ըլլայ եօթանասուն անգամ եօթը…։ Թէ ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ «արդար ներում»ը։ Արդար ներումը այն է, որ կը ներուի ան՝ որ ներուելու արժանի է, իսկ կը պատժուի ան՝ որ պատժի արժանի է եւ պարտաւոր հատուցանելու իր մեղքը կամ յանցանքը։ Ներումը ձրի արժէք մըն է, բայց ո՛չ անարժէք։ Ուստի պէտք է զանազանել իրաւունքը եւ պարտականութիւնը, եւ այդ երկուքը ներդաշնակել իրարու հետ, մտաբերելով թէ «քրիստոնեայ խղճմտանք»ը մարդուս առաջնորդելու է ժամանակաւոր բոլոր մարզերու մէջ, քանի որ մարդկային նոյնիսկ աշխարհիկ կարգի ո՛չ մէկ գործունէութիւն կրնայ ազատ կացուցուիլ Աստուծոյ գերիշխանութենէն։

Որովհետեւ մարդ մեռած կամ գէթ վիրաւոր է մեղքէն, աստուածային Սիրոյ պարգեւին առաջին արդիւնքը իր մեղքերուն թողութիւնը, այսինքն ներումը կը հանդիսանայ։ Յիսուս հրապարակային Իր կեանքին ընթացքին ո՛չ միայն ներեց մեղքերը, այլ նաեւ յայտնեց այս ներումին արդիւնքները։ Ան ներողութիւն գտած մեղաւորները վերստին ներմուծեց Աստուծոյ Ժողովուրդին հասարակութեան մէջ, ուրկէ մեղքը զիրենք հեռացուցած կամ նոյնիսկ դուրս դրած էր։ Այս իրողութեան իբր շքեղ ապացոյց, Յիսուս մեղաւորները Իր սեղանը կ՚ընդունի, դեռ աւելի, անոնց սեղանակից կ՚ըլլայ, արարք մը որ յուզիչ արտայայտութիւնն է Աստուծոյ ներումին. (ՂՈՒԿ. ԺԵ) եւ Աստուծոյ Ժողովուրդին ծոցը վերադարձին. (ՂՈՒԿ. ԺԹ 9)։ Մեղքերը ներելու Իր իշխանութենէն առաքեալներուն բաժին հանելով, Յիսուս մեղաւորները Եկեղեցւոյ հետ հաշտեցնելու իշխանութիւնն ալ կու տայ անոնց։ «Ի՛նչ որ կապես երկրի վրայ՝ պիտի կապուի երկինքի մէջ եւ ինչ որ արձակես երկրի վրայ՝ պիտի արձակուի երկինքի մէջ». (ՄԱՏԹ. ԺԶ 19)։ Եւ այս խօսքով Յիսուս «Կու տայ Պետրոս առաքեալի երկինքի Արքայութեան բանալիները»։

«Կապել» եւ «արձակել» բառերը կը նշանակեն. ո՛վ որ մերժէք ձեր հաղորդութենէն, պիտի մերժուի Աստուծոյ հաղորդութենէն, ո՛վ որ վերընդունիք ձեր հաղորդութեան մէջ, Աստուած ալ պիտի ընդունի զինք Իր հաղորդութեան մէջ։ Քրիստոս ներումի խորհուրդը հաստատեց Իր Եկեղեցւոյ բոլոր մեղաւոր անդամներուն համար եւ բոլորէն առաջ անոնց համար, որոնք մկրտութենէն ետք ծանր մեղքին մէջ ինկան եւ այսպէս մկրտութեան շնորհքը կորսնցուցին եւ Եկեղեցւոյ հաղորդութիւնը վիրաւորեցին։ Ներումի խորհուրդը անոնց նոր առիթ մը՝ կարելիութիւն մը կ՚ընծայէ դարձի գալու եւ արդարացումին շնորհքը վերագտնելու։ Եկեղեցւոյ սուրբ Հայրերը այս խորհուրդը կը ներկայացնեն իբրեւ երկրորդ լաստը, ազատարար գօտին փրկութեան յետ նաւաբեկութեան, որ շնորհքին կորուստն է։

Ուստի, ներումի խորհուրդը կը նախատեսէ վերսկսելու կարելիութիւնը եւ կը բանայ ճամբան կանոնաւոր յաճախումին այս խորհուրդին։

Փորձենք ներել մեզ վիրաւորողները սիրելինե՛ր…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 18 2022, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2022