ՍԻՐԵ՛ՆՔ ԶԻՐԱՐ

ՍԻՐԵՑԷ՛Ք ԶԻՐԱՐ

Ի Բաց սրտից Ձեր, եղբա՛րք,
Ատելութիւն, հեռ, նախանձ,
Ի՞նչ անվայել քան այն բարք,
Որք նախատինք են ազգաց։

*

Մի՛ յոյս երբեք տածէք դուք
Ազատութեան եւ փառաց.
Ցորքան մըտօք պիղծ, անձուկ
Զայրացնէք ձեր Աստուած։

ՄԿՐՏԻՉ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ

Յաճախ սիրոյ մասին կը խօսինք, յաճախ կը թելադրենք զիրար սիրել… Ինչպէ՞ս չխօսինք սիրոյ մասին այսքան շատ, քանի որ կեանքին աւիւնն է սէրը՝ ամէն բանի պատճառը՝ որ բարի է, եւ ամէն բանի վախճանը՝ որ աստուածահաճո՛յ է։

Եւ ինչպէ՞ս յաճախ չխօսիլ սիրոյ մասին, չխորհրդածել սիրոյ բարիքներուն մասին, քանի որ «Աստուած Սէր է»։ Արդարեւ, Աստուած ստեղծեց ամէն ինչ սիրով, քանի որ տեսաւ Ան որ «բարի» են անոնք՝ որ ստեղծած է։ Սէրը կ՚ազնուացնէ, կը սրբացնէ մարդս։ Առանց սիրոյ ո՛չինչ գոյութիւն կ՚ունենայ, քանի որ «Աստուած Սէր է», եւ առանց Աստուծոյ ո՛չինչ կը կատարուի։

Մարդիկ, ամբողջ պատմութեան ընթացքին եթէ գիտնային սիրոյ արժէքը, այսօր մարդկութիւնը երջանիկ պիտի ըլլար, եւ շատ մը հարցեր արդէն լուծուած պիտի ըլլային։ Եւ սէ՛րն է որ սկսեալ ընտանիքէն, ամբողջ ընկերութիւնը եւ համայն մարդկութիւնը կանգուն կը մնայ եւ կը գոյատեւէ դարէ դար։ Եւ երբ այսքան պատուական է սէրը, ապա ուրեմն մարդիկ ինչո՞ւ կը նախընտրեն ատելութիւնը փոխանակ սիրոյ։

Սէրը բարի է, ատելութիւնը՝ չա՛ր։

Բայց սէրը ինքզինք կը յայտնէ գործնականի մէջ. մարդ հազար անգամ կը կրկնէ «սէր» բառը, կրնայ երկար երկար խօսիլ սիրոյ մասին, եւ սակայն կրնայ չսիրել՝ սիրել ձեւացնել եւ ատե՛լ։

Սէրը, մարդ արարածի ամենէն էական եւ ամենէն հիմնական զգացումն է։ Հոս կարելի է հարց տալ, թէ սէրը մարդուս բանականութեան արդի՞ւնք է, զոր օրինակ, անբան-անասուն կենդանիներ սիրոյ զգացումը ունի՞ն մեր հասկցած ձեւով։

Այս հարցումին պատասխանելու համար, մարդ պահանջքը ունի աւելի առաջ պատասխանելու ուրիշ հարցումներու. սէրը ընդոծի՞ն է, թէ ստացական։ Յետոյ, սէրը բանականութեա՞ն արդիւնք է, թէ զգացողութեան։ Եւ վերջապէս. սէրը բնա՞զդ է, թէ բանականութեամբ հակակշռուած զգացում։ Բայց այս բոլորէն առաջ պէտք է գիտնալ, թէ ի՞նչ է սէրը։ Ուստի նիւթի մը մասին խօսելու, խորհրդածելու եւ գաղափար յայտնելու համար անհրաժե՛շտ է այդ նիւթի մասին նուազագոյն տեղեկութիւն մը ունենալ, ուսումնասիրել խնդրոյ առարկայ նիւթին բնոյթը՝ ի՛նչ ըլլալը։

Որեւէ նիւթի մասին առանց նուազագոյն տեղեկութիւն ունենալու, իր լայն առումով՝ անոր մասին գիտութիւն ունենալու կարելի չէ այդ մասին գաղափար յղանալ եւ զայն յայտնել՝ հաստատ հիմերու վրայ, վկայութիւններով, փաստերով եւ ապացոյցներով ներկայացնել կազմուած գաղափարը։

Արդարեւ, այդ տեղեկութիւնը պէտքը ունի մեկնակէտի մը, զոր օրինակ, «Աստուած Սէր է», այս ճշմարտութիւնը սիրոյ մասին տեղեկութիւն ունենալու, սիրոյ մասին համոզում կազմելու, անոր մասին խօսելու համար ճշմարիտ եւ յարմար մեկնակէտ մըն է…։

Աստուած, «Որ Էն», յայտնեց Ինքզինք Իսրայէլի իբրեւ Ան որ «հարուստ է շնորհքով եւ հաւատարմութեամբ». (ԵԼՔ. ԼԴ 6)։ Այս երկու եզրերը կ՚արտայայտեն խտացուած ձեւով ճոխութիւնները աստուածային անունին։ Իր բոլոր գործերուն մէջ Աստուած ցոյց կու տայ Իր բարեհաճութիւնը, Իր բարութիւնը, Իր շնորհքը, Իր սէ՛րը. բայց նաեւ Իր վստահելիութիւնը, Իր հաստատամտութիւնը, Իր արդարութիւնը, Իր հաւատարմութիւնը, Իր ճշմարտութի՛ւնը։ «Ես գոհութիւն կը մատուցանեմ Քու անունիդ, Քու սիրոյդ եւ Քու ճշմարտութեանդ համար», կ՚ըսէ Սաղմոսերգուն. (ՍԱՂՄ. ՃԼԷ 2) եւ (ՍԱՂՄ. ՁԴ 11)։ Ինք ճշմարտութիւն է, որովհետեւ «Աստուած լոյս է. Անոր մէջ չկայ երբեք խաւար». (Ա ՅՈՎՀ. Ա 5)։ Ինք «Սէր» է, ինչպէս որ Յովհաննէս առաքեալ կ՚ուսուցանէ զայն. (Ա ՅՈՎՀ. Դ 8)։ Արդարեւ, ինչպէս կը վկայէ Յովհաննէս առաքեալ, թէ «Աստուած Սէր է». (Ա ՅՈՎՀ. Դ 8, 16), Աստուծոյ էութիւնը ինքնին Սէ՛ր է։ Ուստի սէր ունենալ կը նշանակէ՝ Աստուած Իր մէջ զգալ, Աստուծոյ հաւատա՛լ։

Նախապէս հարցուցած էինք, թէ սէրը մարդուս բանականութեա՞ն թէ զգացումներուն արդիւնք է։ Ըստ աւանդութեան, սէրը կը խորհրդանշուի սիրտով. եթէ բանականութեան արդիւնք ըլլար պիտի խորհրդանշուէր միտքով՝ ուղեղով, ուրեմն, սէրը բնատուր զգացական շնորհ մըն է։ Ժամանակներու լրումին՝ Աստուած առաքելով Իր Միածին Որդին եւ Սիրոյ Հոգին, կը յայտնէ Իր ամենասերտ գաղտնիքը. (Ա ԿՈՐՆ. Բ 7-16), (ԵՓՍ. Գ 9-12), Ինք յաւիտենապէս սիրոյ փոխանակում է՝ Հօր, Որդիի եւ Սուրբ Հոգիի եւ մեզ ալ այս սիրոյ բաժնեկից ըրաւ։

Սէրը առաջին պարգեւն է, որ կը բովանդակէ միւս բոլոր պարգեւները։ Այս Սէրը «Աստուած սփռեց մեր հոգիներուն մէջ՝ Հոգիով, որ տրուեցաւ մեզի». (ՀՌՈՄ Ե 5)։ Ուրեմն սիրենք զիրար…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 16, 2022 Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 23, 2022