ԵՐԿՈՒ ՏԱՐԻ ԱՆՑ

Սեպտեմբերի 27-էն երկու տարի անց չդադրեցան «ակրեսիա»ները, գերիները չվերադարձան, չբացայայտուեցան ցուցակները, չազատագրուեցան հողերը...

Առանց «չ»ի ալ շատ բաներ պատահեցան. փառատօններ ու ցուցահանդէսներ կազմակերպուեցան, հիւրերը եկան, յաղթանակներ ու մետալներ նուաճուեցան, թոշակները աւելցան, դպրոցներ բացուեցան, գոցուեցան, եկեղեցիները նորոգուեցան, խաչքարերը տեղափոխուեցան, գաղութներ նօսրացան, ուրիշ տեղեր ծաղկեցան, քարտէսները փոխուեցան, կարմիրներ աւելցան, բլուրները մեծցան ու հայրենիքները փոքրացան։

Անցեալ եղան ասոնք։

Այսօր կը շարունակուին կոչերը, յայտարարուած ու չյայտարարուած հանդիպումները, սպասումները, ենթադրութիւնները, մեզ սպառնացող վտանգները, լուծումներն ու առաջարկները...

Հաւանաբար պիտի շարունակուին այս բոլորը ու թէեւ մեզի չէ՜ տրուած ապագային մասին յայտարարել, բայց առանց կասկածելու, վստահօրէն ուրիշ ըլլալիքներու մասին կրնամ գրել ես։

Ո՜չ բոլորս, այլ՝ հոս-հոն բաժնուած, զիրար թերեւս չճանչցող բայց միասի՜ն, մէկ «բանակ»ի մէջ ըլլալը գիտակցողներս պիտի շարունակենք. դպրոց պիտի երթանք, պիտի շրջագծենք ձայնաւորները, պիտի վանկատենք բառերը, պիտի չմոռնանք հականիշները, պիտի վերատեսնենք Տրդատին ու Մեսրոպին երազները, պիտի հրահրենք կայծերը, արթնցնենք սէրերը, միգամած ամպերուն տակ՝ պիտի պատկերացնենք լիճին մէջ լոգցող գեղուհի Աստղիկին վարսերը...

Պիտի չմոռնանք յանձնուած բանալիները, սպաննուածներն ու լքուած շիրիմները, պիտի շարունակենք վէճերը, անհամաձայնութիւնները, հինին ու նորին միջեւ պիտի տատանինք, բայց պիտի շարունակենք։

Պիտի երգենք, պարենք, արտասանենք, խաղանք, յաղթենք, պարտուինք, երթանք, նկարուինք, հրապարակենք, հրատարակենք, գիտաժողով ու շնորհանդէս ընենք, ուրախանանք որ կը շարունակենք, լուրերը պիտի կարդանք, հոս-հոն սրբագրուած հայերէն բառերուն, կիսատ նախադասութիւններուն ու հայ ինքնութիւններուն դիմաց կտրուած կեանքի թելերը, մարած հայ օճախներն ու չծնող մանուկները պիտի դնենք, պիտի տխրինք, ընդվզինք, ճեղքուինք, պիտի կտրուինք։

Կտրուած հոգիներով չորս կողմ պիտի նայինք, play store-էն խաղ մը ներբեռնելէն ետք հայերէնո՜վ բան մը պատմող, հայերէն ուրախացող ու բողոքող մանուկներ պիտի տեսնենք, պիտի յուզուինք, ճեղքերուն մէջ արցունք պիտի հոսի, ցաւոտ արցունքէն կանաչ պիտի ծաղկի...

Պիտի շարունակե՜նք։

ՍԵՒԱՆ ՍԷՄԷՐՃԵԱՆ

Գահիրէ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2022