ԺԸՆԵՒԻ ՄԷՋ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով այս կիրակի՝ հոկտեմբերի 2-ին հանդիպում մը պիտի ունենան Ժընեւի մէջ։ Երեւանի դիւանագիտական աղբիւրները հաղորդեցին, որ հակառակ Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած սադրանքներուն, հայկական կողմը պիտի մասնակցի այս հանդիպման։

«Այսպիսով անհիմն են Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնները, ըստ որոնց Հայաստան կը փորձէ խափանել բանակցութիւնները։ Ինչպէս անցեալի մէջ, Հայաստան այժմ ալ շինիչ է՝ նպատակ ունենալով հասնիլ Հարաւային Կովկասէ ներս տեւական խաղաղութեան եւ նոյնը կ՚ակնկալէ Ատրպէյճանէն», նշուած է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան համապատասխան յայտարարութեան մէջ։  

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 30, 2022