ՔԷՅՄՊՐԻՃԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԷՆ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՀԱՐՑՈՒՄ
Աշխարհի լաւագոյններէն՝ Քէյմպրիճի համալսարանի փիլիսոփայութեան բաժին մուտքի համար թեկնածուներուն կը տրուի հետաքրքրական հարցում մը. արդեօք բարոյակա՞ն է, թէ միակ հաճոյքը մարդ սպաննել եղող մտախտաւոր մը դրուի երեւակայական համացանցային սիմիւլասիոնի մը մէջ, ուր կրնայ սպաննել մարդիկ՝ որքան որ ուզէ։ Այնուամենայնիւ, այս անձը ո՛չ միայն հաճոյք կը զգայ մարդիկ սպաննելէն, այլ կ՚ոտնահարէ անոնց կեանքի իրաւունքը իր մաս կազմած հասարակութենէն ներս։ Այսինքն՝ պատկերացնենք, թէ կայ համացանցային իրականութեան համակարգ մը եւ մարդիկ սպաննողները կը ստիպենք ապրիլ այդ իրականութեան մէջ՝ բանտարկելով, բայց առանց տեղեակ պահելու զանոնք այս վիճակէն։
Այս պարագային այն ինչ, որ մենք կ՚ընենք, հիմնականին խարդախութիւն է այս մարդուն ուղղեալ եւ անոր կեանքը ուղղորդած կ՚ըլլանք այնպէս, ինչպէս մենք կ՚ուզենք։ Արդեօք տեղի՞ն է այս մարդը խաբել ու «բանտարկել» նման սիմիւլասիոնի մէջ՝ նախքան սպաննելու սկսիլը։
Այս եւ նման հարցերը չունին յստակ պատասխան։ Այս հարցումներու նպատակն է չափել տուեալ բաժիններու մէջ ուսանելու համար դիմողներու մտածողութեան հմտութիւններն ու մեթոտները։ Այս պարագային մեր պատասխանները պէտք է ըլլան ենթակայական, քանի որ հարցումները յստակ կամ մէկ պատասխան չունին։
Ըստ իս, նման գործընթաց մը կարելի է բարոյական համարել՝ ելնելով այն փաստէն, թէ ունինք տուեալ անձի յանցագործութիւն կատարելու ներուժի մասին ապացոյցներ, այլ ոչ թէ անձը յանցագործութիւն կատարած է, թէ ոչ։ Որովհետեւ մենք՝ որպէս հասարակութիւն, կը բանտարկենք յանցագործութիւն կատարած մարդիկ ո՛չ թէ անոնցմէ վրէժ լուծելու կամ պատժելու համար զանոնք, այլ պարզապէս այն պատճառով, որ մենք չենք ուզեր այդպիսի մարդիկ ըլլան մեր հասարակութեան մէջ եւ կը կարծենք, թէ այնպիսի մարդիկը հասարակութենէն մեկուսացնելով կ՚ունենանք աւելի ապահով կեանք։ Այսինքն, մարդասպան մը կը բանտարկենք ո՛չ թէ վրէժ լուծելու համար, այլ այն պատճառով, որ կ՚ուզենք թոյլ չտալ, որ այդ յանցագործը դարձեալ մարդ սպաննէ։ Այս պարագային, այլ խօսքով, մարդասպանները կը մեկուսացնենք ոչ թէ իրենց ըրածներուն, այլ հաւանական ընելիքներուն համար։
Ուրեմն ի՞նչ է հարցման պատասխանը։ Եթէ մարդ արդէն մեղաւոր է, ինչ որ ալ ընենք, բարոյական է։ Եթէ այդ մարդը մեղաւոր չէ, ապա մեզի համար բարոյական միակ ձեւն է ունենալ հիմնաւոր պատճառներ, թէ անհրաժեշտ է պաշտպանուիլ այդ անձէն։ Սիմիւլասիոնի մէջ դնել այն մարդը, որ կը կարծենք, թէ կրնայ յանցագործութիւն կատարել, կը նմանի կասկածելի վարակեալ մը ստուգելու՝ առանց անոր համաձայնութեան։ Այս պարագային, եթէ այս ստուգումը կատարելը բարոյական համարենք, պէտք է նաեւ հաւանական յանցագործ մը սիմիւլասիոնին դնելն ալ բարոյական համարենք։
Ես անձամբ երկու իրավիճակներն ալ կը համարեմ բարոյական։ Այսպէսով, իմ պատասխանը այս հարցումին՝ այո է: Սակայն, ինչպէս նշեցի յօդուածի սկիզբին, այսպիսի հարցումները ենթակայական են եւ անոնց յստակ պատասխան մը կարելի չէ տալ։ Այսինքն, եթէ դուք ունիք այլ պատասխան, ապա այդ մէկը կրնայ աւելի ճիշդ կամ սխալ ըլլալ։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ