Ուրբաթ 24, Յունուար 2025
ԴԵՍՊԱՆ ՍԵՐՏԱՐ ՔԸԼԸՉ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ՎՐԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ՀԵՏ
Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Սերտար Քըլըչ ներկայ շաբթուան սկիզբին հանդիպում մը ունեցաւ Անգարայի մօտ Վրաստանի դեսպան Կէորկի Ճանճկավայի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին կողմերը կարծիքի փոխանակումներ ունեցան տարածաշրջանի առկայ գործընթացներուն, անվտանգութեան մարտահրաւէրներուն եւ անոնց լուծման եղանակներուն շուրջ։ Մատնանշուեցաւ այդ գործընթացներէն ներս Թուրքիոյ զբաղեցուցած կարեւոր դիրքը։
Զրուցակիցները հանդիպման տեւողութեան քննարկեցին ու ողջունեցին Վրաստանի կառավարութեան՝ տարածաշրջանէ ներս խաղաղ հարեւանութեան հաստատման ուղղեալ նախաձեռնութիւնը եւ այս տեսանկիւնէն համակեցութեան յաջող նախընթացները։
Շաբաթ, Հոկտեմբեր 1, 2022