ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔ ԿԸ ՏԱՆԻ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՐՑԱԽԻ ՆԱԽԿԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Հայաստանի առկայ ճակատագրական իրավիճակին մէջ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կը շարունակէ հետեւիլ յանձնառու ընթացքի։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի տեղեկատուութեան համակարգի տնօրէն Տ. Եսայի Քհնյ. Արթէնեան երէկ տեղեկացուց, որ Վեհափառ Հայրապետը ներկայիս նախապատրաստական աշխատանքներ յառաջ կը տանի՝ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի նախկին նախագահներուն մասնակցութեամբ նոր հանդիպում մը կազմակերպելու ուղղութեամբ։ Նորին Սրբութիւնը այս օրերուն առանձին հանդիպումներ ունեցած է նախկին նախագահներուն հետ։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ Վեհափառ Հայրապետի եւ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի միջեւ հերթական տեսակցութիւնը տեղի ունեցած է նախընթաց օր՝ սեպտեմբերի 29-ին։ «Առանձնազրոյցի բովանդակութեան եւ վարչապետի հետ հանդիպման վերաբերեալ տարածուած նիւթերը կեղծ են։ Կը կարծենք, թէ այս բոլորը կը հետապնդէ՝ նախատեսուած քննարկումներու գործընթացը ձախողեցնելու նպատակը», նշած են նոյն աղբիւրները։

Իր կարգին, նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի բանբերը՝ Արման Մուսինեանն ալ երէկ այս մասին պարզաբանումներով հանդէս եկաւ՝ մանաւանդ, որ Թելեկրամի ալիքներու վրայ շրջանառութեան մէջ դրուած են նաեւ շարք մը պնդումներ, ըստ որոնց Վեհափառ Հայրապետը բողոքած է, թէ կարգ մը ընդդիմադիր եպիսկոպոսներ ճնշում կը բանեցնեն իր վրայ։ Այս բոլորին կապակցութեամբ Արման Մուսինեան յայտնած է հետեւեալը. «Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահը 40 տարուայ գործընկերներ են՝ Գէորգեան ճեմարանի եւ «Էջմիածին» ամսագրի մէջ համատեղ աշխատանքի ժամանակներէն։ Ուստի անոնց հանդիպումները պէտք չէ զարմանք յարուցեն։ Ինչ կը վերաբերի Թելեկրամի ալիքի այսօրուան հրապարակած յօդուածներուն, ապա անոնք պարզապէս միտ-ւած են իշխանութեան եւ ընդդիմութեան հաւանական երկխօսութեան վիժեցման»։

Հայաստանի նախկին բոլոր նախագահները, որոշ տարակարծութիւններ ունենալով հանդերձ, հրապարակաւ պատրաստակամութիւն յայտնած են Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի այս նախաձեռնութեան շարունակութեան իրենց մասնակցութիւնը բերելու համար։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 1, 2022