ՂԱՐԻՊԻՆ ՀԱԽԸ Չ՚ՈՒՏՈՒԻՐ, ՏՈՒՆ ՔԱԿՈՂԸ ՏՈՒՆ Չ՚ՈՒՆԵՆԱՐ

1931 թուականին, Փարիզի «Նահատակ գրագէտներու բարեկամներ» ընկերակցութիւնը, մամուլէն հաւաքելով կը հրատարակէ Հրանդի (Մելքոն Կիւրճեանի) մաս մը գործերէն։ Ընդհանուր խորագիր՝ «Պանդուխտի կեանքէն»։ Երբ 1888 թուականէն Հրանդ կ՚աշխատակցի «Արեւելք»ին, հոն, ապա նաեւ «Մասիս»ի եւ «Հայրենիք»ի մէջ, Արփիար Արփիարեանի մղումով կը հրատարակէ «Նամակներ պանդուխտի կեանքէն» շարքը, որ կը գտնէ լայն արձագանգ՝քաղաքաբնակ հայութեան մօտ արթնցնելով խեղճ պանդուխտ հայրենակիցներու հանդէպ եղբայրական զօրակցութեան զգացումները։ Այդ շարքն ալ յետագային գիրք դարձած է: Ատոր մէջ է նաեւ «Ղազար վարպետ. Ղարիպին հախը չ՚ուտուիր» պատմուածքը, որ 1931 թուականին Փարիզի մէջ տպուած գիրքէն կը թուայնացնենք եւ իբրեւ միշտ արդիական մնացող իրողութիւն կը յանձնենք ընթերցանութեան:

*

ՂԱԶԱՐ ՎԱՐՊԵՏ. ՂԱՐԻՊԻՆ ՀԱԽԸ Չ՚ՈՒՏՈՒԻՐ

ՄԵԼՔՈՆ ԿԻՒՐՃԵԱՆ

Աւուր մէկը (չգիտեմ ո՛ր տարին) աղաչելու կ՚երթայի Պոլիս մեծ Պատրիարքին՝ մեր Ղազար վարպետի համար։ Աղաչելու անվարժ, այդ մարդուն ճշգրիտ պատմութիւնը միայն ըրի, եւ յաջողեցայ անոր միջնորդութիւնը ձեռք բերել ի նպաստ այդ արհեստաւորի դատին. թուղթ մը գրեց իր իսկ սուրբ գրչովն ու բառերովը, որպէսզի դիւանատունէն ոչ ոք տեղեկութիւն ունենայ։

Յուսով դուրս ելանք Պատրիարքարանէ, ուր յուսով կը մտնէինք երբեմն, եւ Ղազար վարպետ, Հայոց Մեծ Պատրիարքին աղաչանաց թուղթն ի ձեռին, ուղղուած առ ունեւոր ազգակից մը, մոռցած էր քանի մը ժամեր երեք տարուան քաշած տառապանքը։ Վերջին եւ միակ փորձն էր այս, որուն կռթնած էինք արդար պահանջքի մը համար, կարօտով, տարիներով, կեանքով շաղուած, գոյացած գումարի մը համար։ Թուղթն իր հասցէին կը տրուի, եւ Ղազար վարպետ անգամ մըն ալ կ՚երեւի դողդղալով իր աղային, բայց անօգուտ. երկաթի փականքներ գթութիւնը կղպած էին կակուղ բազմոցին, ոսկիներու եւ առձեռն հեշտութեանց մէջ. «Այդ շանն ըսէք, թող մէկ ալ տանս դուռը չգայ, ես այդ կարգի հաշիւներ չունիմ…»։ Վարպետը կը դառնայ խան, անմռունչ եւ գուցէ անտրտունջ։

Մինչեւ այդ վերջին փորձը տարիներ անցեր էին. ամէն աշուն իր բարեկամներուն ուղեկից կ՚ըլլար մինչեւ Տրապիզոնի շոգենաւը, որ այդ եղանակին, անձրեւի, յուսոյ եւ սիրոյ օրերուն, մեր պանդուխտներուն սիրտը թունդ կը հանէ Պոլսոյ նաւահանգստին մէջ. ամէն անգամ իր տունը խնդութեան լուրեր ղրկած էր, եւ «այսօր կու գամ, վաղը կ՚երթամ» ըսելով, ինքզինքը դրած էր երազներու քանդուածոյ մէջ, խոնաւ զնտանը նետուած հէ կալանաւորին պէս։ Այդ օրէն անդին, մինչեւ իր օրհասին ժամը, ոչ ոք լսած էր իր բերնէն «44 հազար առնելիքս»։

Ա.

Վարպետ Ղազար աջող գործաւոր էր, մեծ շինութեանց ու մեծ վարպետներու մէջ կարեւորութիւն ստացած. ստորադասներ ունէր, պատուոյ եւ մեծարանքի մարդ էր իր շրջանին մէջ։ «Հիներէն մնացած է». այսպէս կ՚ըսէինք. «անխառն մարդ» իր ճշգրիտ սահմանն էր. բնութիւն եւ մարդկային ընկերութիւն չէին կրցած չարութիւն դնել ի նմա։ Խոշոր էր մարմնով ու հաւատքով, ձայն, ձեռք, թիկունք, գլուխ, ոտք, ամէնն ալ իրարու պատշաճ։

Վարպետներն իրենց ստորադասներու մասին շատ պարտքեր ունին, անոնց մէջ յարգանք վայելելու համար՝ պէտք է որ ճշդիւ ի գործ դնեն իրենց մեծութեան պարտականութիւնը։ Վարպետ Ղազար գիտակ էր իր պարտուց եւ ճշդիւ գործադրող. իր գործաւորները կը հոգար, անոնց շաբաթական ծախուց գումար կը հատուցանէր ամէն կիւրակէ. արտաքոյ կարգի նեղութեանց մէջ անոնց կը հասնէր. կրնար պատահիլ որ (որովհետեւ ո՜ւշ ուշ ստակ կը ստանար Աղայէն) պարտքով, տոկոսով դրամ առնէր եւ բարոյական պարտքի տակ չմնար, պահելու իր պատիւը, իր Աղային պատիւը, որուն ի սրտէ եղած էր բոլորանուէր, անխարդախ բնութեամբ, գործաւորներով, արհեստով եւ վստահութեամբ։ Մեծ շէնքն ի գլուխ կ՚ելլէ, աղային տունն ու տեղը, անձն ու գանձը դեղին ոսկիներով կը յղփանան, եւ մեր Ղազար վարպետ թուղթ մը կ՚ունենայ ի ձեռին՝ մաքուր գիրով նշանակուած «44 հազար դահեկան»։

Այդ չարաշուք օրէն սկսեալ «այսօր գնա՛, վաղը եկուր»ը բնաւ չի հատնիր, որով այդ մարդուն կեանքին մէջ յառաջ կու գայ տարտամութիւն մը, տեսակ մը կաշկանդում սրտի ու հոգւոյ, ոտքի ու ձեռքի։ Քիչ անգամ կարող եղաւ գործ բանելու. վաստակածն ալ, եթէ երբեք կարելի ըլլար, ստիպեալ էր տալ իր վարպետներուն, զորս ինք աշխատելու տարած էր իբրեւ միակ պատասխանատու. իր գործաւորները զինքը միայն կը ճանչնային, եւ ինքն իր աղային անգթութիւնը չունէր բնաւ։ Այո, տուած էր միշտ իր շաբաթական ծախքերն ալ թեթեւցնելով. իսկ եթէ դրամ պակսէր, կը հանէր իր դատարկ քսակը եւ 44 հազար պահանջքի թուղթը, որուն վրայ կը գուրգուրար հոգւով մարմնով, ցոյց կու տար անոնց։ Օր մը ո՛չ դրամ ունեցած էր տալու եւ ո՛չ ալ թուղթթ՝ ի տես հանելու կարող եղած։ «Առա՛ծ է» կ՚ըսեն միաբերան, եւ հէք մարդը անտրտունջ լսելով ամէն նախատական խօսքեր, յանձն չառնելու ըսել, որ աղան «հաշիւը տեսնեմ» ըսելով՝ թուղթը ձեռքէն կորզած էր, պատռած, եւ այսպէս հաշիւը կարգադրած, անգութաբար նետելով զինքը գործաւորներուն կծու կծու թշնամանացը մէջ։ Այս էր իր առնելիքին պատմութիւնը. վերջին փորձը ըրինք Մեծ Պատրիարքին ինքնագիր թուղթովը. եւ վարագոյրը կ՚իջնէր առաջին արարուածին։ Ի՞նչ եղաւ այնուհետեւ այդ մարդը։

Բ.

Անկարծելի փոփոխութիւնները մեր վարպետին ճակատագրին մէջ՝ տակաւ ձախողումները մէկ մէկու վրայ բարդեցին։ Գլուխ գործաւորաց եղած էր տարիներով, պարտուց գիտակ եւ ուղղամիտ ճանչցուած, իսկ այնուհետեւ ինկաւ, վա՛ր ինկաւ, հասարակ արհեստաւորէն ալ վար. երես դարձուցին իրեն ամէն ծանօթներն ալ, իր գեղեցիկ եւ բարենշան օրերուն պէս։ Թող որ շահեկան գործի գլուխ չկրցաւ գտնուիլ, շատ անգամ իր գործաւորներուն հետ, որոնց գործ կը գտնէր, ստակ կը շահեցնէր, փայտ տաշելու անգամ չէր տարուեր։ Վարպետ Ղազար ինկա՜ւ, անկանգնելի ինկաւ։ «Ապուշ եղեր է» կ՚ըսէին։ Ի՞նչ չ՚ըլլար մարդ ճակատագրի այդ ուժգին բաղխումներուն մէջ։ Գործաւորը իր պահանջքը, վաշխառուն իր առնելիքը կ՚ուզէր. դուրս կը ձգեմ իր տունէն եկած արիւն արցունքով գրուած լալկան նամակները. ինքն ալ, իբրեւ մարդ, պէտքեր ունէր սենեակի ծախք, ծխախոտի դրամ, լուացքի ստակ. եւ ասոնց փոխարէն բոլորը բովանդակ ունեցած էր արհամարհանք իր արհեստակիցներուն մէջ, վարկի ջարդ, 50 տարիք եւ 44 հազարի պահանջք, զոր, ինչպէս տեսանք անտրտունջ թողած էր իր ետեւ եւ խան դարձած ցաւագին։

Մէկ բան կայ որ համեմատաբար առաւել անտանելի է մարդոց. վերէն գլորիլ, եւ ունեցածը կորսնցնելով՝ դատարկութեան մէջ նստիլ։ Այդ վիճակին հասած էր մեր վարպետը, բնութեամբ խրոխտ, նուաստանալու անընդունակ։

Անիծեալ օր մը իր խանը կը մտնէի. տեսայ այդ մարդը, որ թեւերը սոթտած, տաշտի մը վրայ կորացեալ, իր լաթերը կը լուար՝ քրտինքը երեսին եւ ամօթոյ շառագունանքը իր թառամ այտերուն եւ խոնջ ճակտին վրայ։ Չուզեցի իրեն երեւիլ։ Երկու ժամ ետքը գտայ զինքը իր սենեակին մէջ՝ կռթնած իր անկողնին։ Բարեւէ մը ետքը, իր հալը կը հարցնեմ, եւ տակաւին կը գտնեմ զինքը Աստուծոյ վրայ գրուած. «Փառք Աստուծոյ, ի՛նչ ընեմ. կ՚իյնամ, կ՚ելլեմ. տեսնենք Տէրը ի՛նչ կ՚ընէ։ - Հաշիւներդ ի՞նչ եղան։ - Կարգադրուած են, Աստուած Աղային կեանք տայ, իր տունն ու տեղը, կինն ու զաւակները պահէ»։

Անգրագէտ մարդը այս հեգնութիւնը կ՚ընէր. եւ ինձ այնպէս իմը թուեցաւ որ նոյն պահուն կայծակը բոցաթեւ կը պտտէր սենեակին մթնոլորտին վրայ։

«Աստուծոյ վրայ հաւատքդ չէ փոխուած, այնպէս չէ՞, վարպետ»։ - «Ո՛չ, ամենեւին ոչ» ըսելով սկսաւ նոր պատմութիւն մը ընել ինձ այս յառաջաբանին տակ, թէ ղարիպին հախը չ՚ուտուիր։ Պատմութեանը ես ալ գիտակ էի։

Պանդուխտ մը, սպասելէն ճարը հատած, իր պահանջքը ուզելու կ՚երթայ օր մը։ Թախանձանքը կ՚երկարէ քիչ մը. մեծին տղան, որ քանի մը օրերէ ի վեր, հիւանդ ինկած էր գլխու թեթեւ ցաւով մը, կատղած վար կ՚իջնէ. իր ձիապանին բռնել կու տայ այդ խեղճ մարդը, չարաչար կը խարազանէ, եւ այդպէս, կողերը քրքրուած, դուրս կը նետէ։ Դրան վրայ կը բացուի տեսարանին սրտառուչ մասը։ Մարդը կը դառնայ տանը դէմ, գլխարկը վար կ՚առնէ, աչքերը պատշգամին թրթռուն վարագոյրներուն եւ սիրտը Աստուծոյ ուղղած, քանի մը կրակոտ բառեր կը ղրկէ դէպի վեր - «Աստուած տեսնէ մեր դատաստանը, երկու տարի է որ տունէս տեղէս կարօտ թողուցիք» ըսելով գլխարկը կը դնէ, եւ հոկտեմբերի անձրեւն ու խարազանի հարուածը շալկած կը մեկնի։ Դրացի տիկին մը՝ Ե. Ա. որ հանդիսատես եղած էր այդ տեսարանին եւ ականջալուր խարազանի անողորմ հարուածներուն, կը փութայ իրենց տանը միւս կողմը, ուրկէ մարդը պիտի անցնէր, նշանացի կը կոչէ պարտէզին դուռը, եւ քանի մը թեթեւ հարցուփորձէ ետքը, չորս մէճիտ եւ թօփ մըն ալ ճերմակ կտաւ կու տայ։

Այս դէպքին վրայէն չորս օր կ՚անցնի. բժիշկներու անողոք վճիռը Պոլսոյ մէջ իր չարաշշուկ լուրը կը տարածէ։ Հինգերորդ օրը մեր եկեղեցեաց պատերուն վրայ կը փակցնեն մահագոյժ մը «Հոկտեմբերի 1… 188… թաղման հանդէսը պիտի կատարուի ի ժամ 7»։ Այդ թուղթը կարդացի ես Ենիգաբուի Հայոց եկեղեցուոյ դրան վրայ, դառն կսկիծ մը ունեցայ, զի մեռնողը երիտասարդ էր, տարեկից ու ծանօթ։

Թաղմանը փութացինք. պերճ դամբանական, թաւշեայ սեւ ծածկոյթ, ծաղիկներու պսակներ, խառնամբոխ բազմութիւն, արցունք, հառաչանք, ոչ մին պակսեցաւ վաղամեռիկ երիտասարդին. չպակսեցաւ իր պահանջքին տէրը, որ եկած մտած էր յուղարկաւորներուն մէջ, յարգանք մատուցանելու իր աղայի զաւկին անշշունջ մարմնոյն, քաւութիւն եւ թողութիւն հայցելու իր անվճար մնացած պահանջքին եւ կերած խարազանի չարագան հարուածներու մասին։ Այս պատմութիւնը յիշեցուց ինձ Ղազար վարպետ եւ յառաջաբանը՝ վերջաբան դնելով կնքեց «ղարիպին հախը չ՚ուտուիր»… իր սփոփանքը եղած էր այս։

Գ.

Տարիներ անցան, եւ մեր Ղազար վարպետ կ՚ապրէր այդ դրութեան մէջ, անօգուտ իր անձին, անօգուտ իր տանն ու զաւակներուն։ Նամակ գրեցին իր տղուն, որ փութայ Պոլիս գալու։ Մանուկ եկաւ. գտաւ իր պատուական հայրը անտանելի տառապանքներու մէջ։ Բայց ի՞նչ կարող էր ընել. ոչինչ։ Մանաւանդ թէ ինք նորեկ էր, խնամքի պէտք ունէր, աշակերտ պիտի ըլլար, արհեստի պիտի վարժուէր, եւ այնուհետեւ եթէ յաջողութիւն ունենար, պիտի կարենար ըսել իր սիրելի հօրը թէ - հա՛յր, ալ մեղք ես դուն, ծերացար գրեթէ, հայրենիք ղրկեմ քեզ։

Յաջողութիւն չեղաւ, ապրեցան միայն հայր ու զաւակ։ Ձմեռ մը, չորեքշաբթի օր, վարպետ Ղազար, արդէն տկար եւ հիւանդագին, ճամբայ կ՚ելլէ Լանկայէն դէպի հիւանդանոց։ Խեղճը կէս ճամբան նուաղելով կ՚իյնայ տղմոտ գետնի վրայ։ Հայ կին մը դիպուածով վրայ կը հասնի անմիջապէս, եւ տեղեկանալով իր խանին անունը, կառք մը կը վարձէ եւ կը ղրկէ հոն։ Խանէն վերստին ճամբայ կը հանեն դէպի հիւանդանոց։ Ներս կ՚առնուի, լաթերը կը փոխեն, եւ անունը կը հարցնեն։ - «Ղազար Յակոբ» հազիւ արտասանած կը մեռնի։

Ի՞նչ կրնար գտնուիլ իր քսակին մէջ. գուշակեցէք, խօսքս ճարտար, պարկեշտ, պատուոյ, վարկի եւ 44 հազար դահեկան պահանջքի տէր արհեստաւորի համար է. ըսէ՛ք, բան մը ըսէք. - 20 փարա. Աստուած ալ վկայ, մարդիկ ալ վկայ։ Այսպէս գնաց այդ չուառական մարդը, թողլով ապառաժներու մէջ շինուած տո՛ւն մը, որ երկար տառապեցաւ անիրաւ ձեռքի մը զրկանքներուն տակ, եւ իր արեան վրէժխնդիր մը՝ ամպերուն ու կայծակին ետեւ։

Դ.

Մեր ժողովուրդի հաւատքն է թէ «տուն քակողը տուն չ՚ունենար»։ Ո՛րչափ ճշմարիտ է այս, չեմ գիտեր. միայն սա յայտնի է որ երբ վարպետ Ղազար մեռաւ՝ հարիւրներ էին որ «վա՜խ» կ՚ըսէին, իսկ երբ իր աղան մեռաւ՝ ոսկիներու, սիրականները աւերակացը տակ, խաներու մէջ բաժակներ պարպեցին։ Հիմա Ղազար վարպետի Մանուկը իր հօրը տունը նորոգած է, ապառաժներուն մէջ իր հօրը ծխանը կանգուն կը մխայ, իսկ աղային ապարանքներուն մէջ փոշին թաւիշներուն վրայ կը խաղայ։ Հիմա երկուքն ալ, աղա եւ ծառայ, պարտական ու պարտապահանջ, Աստուծոյ ձեռքն են, եւ ես ալ ձրի քարտուղար, անոնց պատմութիւնը կը գրեմ։ Այո՛, կը հաւատամ Ճշմարտութեան որ «յերկնից երեւեցաւ», կը հաւատամ Արդարութեան որ «յերկնից բուսաւ» եւ Ղազար վարպետի պէս կ՚ընդունիմ որ ՂԱՐԻՊԻՆ ՀԱԽԸ Չ՚ՈՒՏՈՒԻՐ. ժողովուրդին հետ կը կրկնեմ, որ ՏՈՒՆ ՔԱԿՈՂԸ ՏՈՒՆ Չ՚ՈՒՆԵՆԱՐ։

«Մասիս», 1890

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2022