ՉՄՏԱՀՈԳՈՒԻԼ ԱՅԼ՝ ՎՍՏԱՀԻ՛Լ

Մարդիկ, յաճախ կը մտահոգուին, եւ այդ մտահոգութիւնը երբեմն հիւանդագին վիճակի մը նոյնիսկ կը հասնի։ Բայց, մարդ եթէ խորհի, մտահոգութեամբ ի՞նչ կրնայ կարգին դնել, ի՞նչ կրնայ դարմանել։ Մտահոգութեամբ կրնա՞յ բժշկուիլ հիւանդութիւն մը, մտահոգութեամբ կարելի՞ է յաջողութիւն ձեռք ձգել, մտահոգութեամբ կարելի՞ է կեանքը երկարել, կեանքի մէջ խաղաղութիւն եւ երջանկութիւն ունենալ։ Ընդհակառակը, մտահոգութեամբ նեղութիւններ կը բարդուին, դժուարութիւններ աւելի կը դժուարանան, ցաւեր եւ վիշտեր կ՚աւելնան, մարդ փոխանակ ճար եւ դարման մտածելու՝ միշտ աւելի գէշ վիճակի մը մէջ՝ անել վիճակներու կը մատնուի։

Հոգեբաններ եւ հոգեբոյժներ, գիտնականներ կ՚ըսեն թէ՝ մարդուն մեծագոյն թշնամին մտահոգութիւնն է, որ կը կրծէ, կը մաշեցնէ մարդուս հոգին։ Մասնագէտներ դարձեալ կ՚ըսեն, թէ մարդուս մտահոգութիւններուն 95 տոկոսը անհիմն է եւ մարդ ի զուր կը տանջուի երեւակայական, մտացածին

եւ ցնորական հաւանականութիւններ մտածելով։ Շիլլէր կ՚ըսէ. «Ի՞նչ է մարդը, կենդանի, ողջ եղած ժամանակ հոգերու շտեմարան եւ մեռնելէն յետոյ որդերու բնակարան»։ Եւ իրապէ՛ս մարդուս կեանքը կ՚անցնի մտահոգութիւններով, ինչ որ տանջանք է եւ չարչարանք եւ որոնք արգելքներ են երջանկութեան։

Արդարեւ, մարդ մտահոգ է, որովհետեւ ապագան մութ է եւ անծանօթ. եւ մարդ, ըստ էութեան մութէն եւ անծանօթէն միշտ վախ մը կը զգայ՝ անվստահութիւն մը, որ մտահոգութիւն կը պատճառէ իրեն։

Կասկած՝ անվստահութիւն, անծանօթութիւն, բոլոր ասոնք մտահոգութեան պատճառներ են. «վաղը ի՞նչ պիտի ըլլայ», ահաւասիկ, ընդլայնուած իմաստով մտահոգութիւնը պատկերացնող սովորական խօսք մը, բացայայտ կամ լռելեայն շատերու հարցումը ինքն իրենց։

Եւ ահաւասիկ, հոգեբոյժներու, հոգեբաններու միտքը զբաղեցնող եւ դարման մը գտնելու համար ջանք թափուած կենսական հարցումը. «վաղը ի՞նչ պիտի ըլլայ»։

Յարգելով գիտական տուեալները այս մասին, անգամ մըն ալ դարմանը փնտռենք հոգեւոր աշխարհի մէջ։

«Մի՛ մտահոգուիք ձեր կեանքին համար, թէ ի՛նչ պիտի ուտէք կամ խմէք, ո՛չ ալ մտահոգուեցէք ձեր մարմնին համար, թէ ի՛նչ պիտի հագնիք։ Չէ՞ որ կեանքը աւելի կարեւոր է քան կերակուրը, եւ մարմինը աւելի կարեւոր է քան հագուստը։

«Դիտեցէ՛ք երկինքի թռչունները. ո՛չ կը սերմանեն, ո՛չ կը հնձեն եւ ո՛չ ալ շտեմարաններու մէջ կ՚ամբարեն, եւ սակայն երկնաւոր Հայրը կը կերակրէ զանոնք։ Չէ՞ որ դուք Աստուծոյ աչքին թռչուններէն գերազանց էք։ Մտահոգուիլը կանգունով մը կ՚երկարէ՞ ձեր հասակը։ Կամ, ինչո՞ւ կը մտահոգուիք հագուստի համար։ Օրինակ առէք վայրի շուշաններէն եւ տեսէք, թէ ի՛նչպէս կ՚աճին. ո՛չ կ՚աշխատին, ո՛չ կը հիւսեն։ Հաւատացէ՛ք, որ նոյնիսկ Սողոմոն իր ամբողջ փառքին մէջ անոնցմէ մէկուն պէս գեղեցիկ չկրցաւ հագնիլ։ Եթէ, ուրեմն, Աստուած այդպէս աղուոր կը հագցնէ դաշտի խոտը, որ այսօր կայ եւ վաղը կրակ կը նետուի, շատ աւելի լաւ պիտի չհագցնէ՞ ձեզ, թերահաւատնե՛ր։

«Հետեւաբար, մի՛ մտահոգուիք եւ ըսէք.- ի՞նչ պիտի ուտենք, ի՞նչ պիտի խմենք կամ ի՞նչ պիտի հագնինք։ Այդ մտահոգութիւնները հեթանոսներուն յատուկ են։ Որովհետեւ ձեր երկնաւոր Հայրը գիտէ արդէն, թէ այդ բոլորին պէտք ունիք։ Դուք նախ խնդրեցէք, որ Աստուծոյ արքայութիւնը գայ եւ աշխատեցէք իր կամքը կատարել, եւ Աստուած այդ բոլորը աւելիով պիտի տայ ձեզի։

«Ինչո՞ւ ուրեմն մտահոգուիք վաղուան մասին։ Վաղուան մտահոգութիւնը վաղուան ձգեցէ՛ք։ Իւրաքանչիւր օրուան նեղութիւնը ինքնին բաւարար է»։ (ՄԱՏԹ. Զ 25-34), (ՂՈՒԿ. ԺԲ 22-31)։

Չէ՞ որ Առաքեալը կ՚ըսէ. «Ձգեցէք ձեր հոգերը Աստուծոյ վրայ՝ Ան կը հոգայ ձեզ»։

Ուրեմն, Յիսուս որքա՛ն յստակ եւ հասկնալի կերպով կը յորդորէ չտարուիլ մտահոգութիւններէ, քանի որ մենք ունինք արդէն մեզ հոգացող Հայր մը…։

Տէրը շնորհ ընէ որ մտահոգուելու փոխարէն նայինք մեր մէջ եւ մեր շուրջը. տեսնենք այն բազմաթիւ հոգեւոր, ֆիզիքական-նիւթական բարիքները եւ օրհնութիւնները, որոնցմով Տէրը, մեր բարի երկնաւոր Հայրը մեզ ողողած է եւ սրտանց փառք տանք Իրեն։

«Բանի մը համար հոգ մի ընէք, հապա ամէն բանի մէջ աղօթքով եւ աղաչանքով գոհութիւնով մէկտեղ, ձեր խնդրանքը Աստուծոյ յայտնի ըլլայ», կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալ. (ՓԻԼԻՊ. Դ 6)։

Եւ Սաղմոսերգուն կ՚երգէ. «Թէեւ մահուան շուքի ձորին մէջ ալ պտտիմ, չարէն պիտի չվախնամ, որովհետեւ Դուն ինծի հետ ես…», (ՍԱՂՄ. ԻԳ 4)։

Ուրեմն կը հետեւի որ մտահոգութիւնը՝ մտատանջութիւնը վստահութեան պակասի արդիւնք է, որ կը նշանակէ. հաւատքի պակաս։

Արդարեւ, հաւատքը փաստի պէտք չունի. ան արդէն կենդանի վկայութիւններու մէջ կը յայտնուի, եւ ահաւասիկ, մտահոգութեան պարագային ալ, անոր պակասը արդէն ցոյց կու տայ, թէ հաւատքը որքա՛ն կարեւոր է մարդուս համար։

Աստուածաշունչ մատեանը լեցո՛ւն է բազմաթիւ խոստումներով՝ հաւատացեալին հաւատքը զօրացնելու եւ վստահելու՝ առանց մտահոգութեան ուրախ եւ երջանիկ կեանք մը ապրելու համար։

«Ահա ես քեզի հետ եմ եւ ամէն ո՛ւր որ երթաս քեզ պիտի պահեմ». (ԾՆՆԴ. ԻԸ 15)։

Չմտահոգուինք սիրելի՜ներ, այլ՝ հաւատանք եւ վստահի՛նք…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 30 2022, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2022