ԱՆՈՆՔ ՓՈԽԵՑԻՆ ՊՈՍԹԸՆԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԸՆԹԱՑՔԸ
Սեպտեմբեր 29-ին Պոսթընի համալսարանի բժշկութեան դպրոցը անուանակոչուած է հայ անուանի բժիշկ Արամ Չոպանեանի եւ բարերար Եդուարդ Աւետիսեանի անուններով: Այդ առիթով տեղի ունեցած է հանդիսաւոր ձեռնարկ մը, որուն մասնակցած են Արամ Չոպանեան եւ Եդուարդ Աւետիսեան: Ամերիկեան հռչակաւոր այս համալսարանին կայքէջը անդրադարձած է սոյն իրադարձութեան՝ զայն որակելով պատմական: Պոսթընի համալսարանի կայքէջը նաեւ լայնածաւալ յօդուած մը հրատարակած է այն մասին, թէ ինչպէս երկու հայ ընկերներ փոխած են Պոսթընի համալսարանին պատմութեան ընթացքը, որոնց անունները համալսարանին առընչուած են կէս դարէ ի վեր: Անոնց անունները այսուհետ արդէն ընդմիշտ կապուած պիտի մնան աշխարհի լաւագոյն համալսարաններէն մէկուն, որուն կայացման մէջ ներդրում ունեցած են նաեւ իրենք՝ Արամ Չոպանեանն ու Եդուարդ Աւետիսեանը:
Այս անուանակոչութեան համար անոնց տարիներու ներդրման կողքին առիթ հանդիսացած է բարերար Եդուարդ Աւետիսեանի՝ վերջերս կատարած նուիրատուութիւնը. համալսարանին նուիրաբերած անոր 100 միլիոն տոլարը պիտի ուղղուի կրթաթոշակներու վճարման, որոշ բաժիններու եւ ամպիոններու նորացման եւ նորագոյն հետազօտութիւններուն ու դասընթացքներուն, զորս պիտի կիրարկէ համալսարանը: 50 միլիոն տոլարը նախատեսուած է բժշկական դպրոցի ուսանողներու կրթաթոշակներուն աջակցելու, 25 միլիոն տոլարը՝ շնորհալի դասախօսներուն աջակցելու, իսկ մնացեալը կը տրամադրուի «Աւետիսեան Գերազանցութեան հիմնադրամ»ին՝ դպրոցը հետազօտութիւններու եւ դասաւանդման ոլորտէն ներս յառաջատար դիրքի վրայ պահելու համար:
Կայքէջը կը գրէ, որ հակառակ քոլէճներուն, հիւանդանոցներուն ու դպրոցներուն կատարած իր բոլոր նուիրատուութիւններուն՝ այդ զարմանալի մարդը՝ Եդուարդ Աւետիսեանը, երբեք չէ ուզած, որ հաստատութիւն մը կոչուի իր անունով, նոյն հրաժարումը ունեցած է նաեւ Պոսթընի համալսարանին որեւէ նուիրատուութիւն կատարած պարագային: Բայց երբ անոր առաջարկուեցաւ, որ իր այս նուիրատուութեան առընթեր անուանակոչութիւնը պէտք է նուիրուի իր մանկութեան ընկեր, Պոսթընի համալսարանի պատուոյ նախագահ, սրտաբան Արամ Չոպանեանին, ան նախ մերժած, ապա տեղի տուած է՝ այդպիսով յարգելով նաեւ ընկերը, որուն անունը նոյնպէս պիտի դրուէր դպրոցին վրայ: Նոյն համեստութիւնը ցուցաբերած է նաեւ Չոպանեան, երբեք չուզելով, որ իր անունով բան մը կոչուի, բայց երբ ընկերոջ անունին քով իր անունը դրուելուն առաջարկը լսած է, նոյնպէս տեղի տուած է:
«Մեծ փոխզիջում». այսպէս անուանած է համեստ մարդոց այս համաձայնութիւնը Պոսթընի համալսարանի նախագահ Ռոպէր Պրաուն:
Պոսթընի համալսարանի «Արամ Վ. Չոպանեան եւ Եդուարդ Աւետիսեան բժշկական դպրոց»ը այլեւս իրողութիւն մըն է: Եդուարդ Աւետիսեանի նուիրատուութիւնը, ըստ Բժշկական համալսարանի վերատեսուչ Քարէն Անթմընին, մօտաւորապէս կը կրկնապատկէ համալսարանին կողմէ առաջարկուող կրթաթոշակային օգնութիւնը, ինչպէս նաեւ համալսարանը նորագոյն սարքաւորումներ ձեռք կը բերէ՝ միլիոն տոլար արժող արդիական մանրադիտակներ, որոնք նիւթեր սառեցնող եւ ուսումնասիրող յատկութիւններ ունին:
Այս նուիրատուութեան հետեւանքով փրոֆեսէօրական կրթաթոշակներէն մէկը պիտի կոչուի Պոսթընի համալսարանի բժշկական դպրոցի փրոֆեսէօր, միզաբանական բժշկութեան ամպիոնի ղեկավար եւ Պոսթընի բժշկական կեդրոնի, Պոսթընի համալսարանի առաջնային ուսումնական հիւանդանոցի եւ Պոսթընի անվտանգութեան հիւանդանոցի միզաբանական բժշկութեան ամպիոնի նախկին ղեկավար Ռիչըրտ Պապայեանի անունով։ Պապայեան, Աւետիսեաններուն բարեկամը ըլլալէն բացի Բժշկական դպրոցին Հայկական բժշկական գործընկերութեան ծրագրի նախկին տնօրէնն է, իսկ այժմ այդ պաշտօնը կը զբաղեցնէ ընտանեկան բժշկութեան մասնագէտ Արամ Քալիկեան:
Բժշկական դպրոցի ամպիոններէն մէկը, այս նուիրատուութեան ծիրէն ներս, պէտք է աջակցի նոր վարակիչ հիւանդութիւններու ազգային տարրալուծարանի տնօրէնին: Համալսարանին ղեկավարութիւնը յայտարարած է, որ հնարաւոր պիտի դառնայ հաւաքագրել լաւագոյն դասախօսները. բան մը, որ իր կարգին կը բերէ լաւագոյն ուսանողներու հոսք դէպի բժշկական դպրոց:
Բժշկական համալսարանին կատարուած այս մեծ նուիրատուութիւնը հնարաւորութիւն տուաւ նաեւ երկու կրթաթոշակ հիմնել համալսարանի գեղարուեստի քոլէճին մէջ՝ Աւետիսեանի եւ Չոպանեանի կիներուն անուններով. անոնք՝ Փամելա Աւետիսեան եւ Ժասմին Չոպանեան, նեցուկ են իրենց ամուսիններուն եւ անոնց բոլոր ծրագիրներուն:
ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ՝ ԱՆՈՒՆՆԵՐՈՒՆ ԵՏԻՆ
Անոնք երկու յաջողակ տղամարդիկ են՝ յայտնի սրտաբան եւ Պոսթընի համալսարանի նախկին նախագահ եւ այժմ՝ նոյն համալսարանի պատուոյ նախագահ, Բժշկական դպրոցի պատուոյ ղեկավար եւ Բժշկական համալսարանի դասախօս փրոֆ. Արամ Չոպանեան եւ Պոսթընի Փոփ նուագախումբի նշանաւոր աւագասրինգահար, բարերար Եդուարդ Աւետիսեան, կը գրէ Պոսթընի համալսարանի կայքէջը: Բայց այս անուններուն ետին թաքնուած հարուստ պատմութիւն մը կայ:
Արամ Չոպանեան ծնած է 1929 թուականին՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Փրովիտընս շրջանին մէջ՝ Ռոտ Այլընտ: 1951 թուականին ան աւարտած է Փրովիտընսի «Պրաուն» համալսարանը, 1955 թուականին՝ Հարվըրտի բժշկական դպրոցը (Պոսթըն, Մասաչուսեթս): 1971 թուականին ստացած է փրոֆեսէօրի կոչում:
Չոպանեան 1967-1975 թուականներուն եղած է Պոսթընի քաղաքային հիւանդանոցի արեան գերճնշման հարցերու բաժնի ղեկավարը, 1999 թուականէն՝ Պոսթընի համալսարանի դասախօս, Պոսթընի համալսարանի բժշկական բաժնի անդամ, միաժամանակ՝ արեան գերճնշման բժշկութեան բաժնի ղեկավար, սրտաբանութեան բաժանմունքի փոխ-վերատեսուչ։ 1975-1995 թուականներուն եղած է Ազգային առողջապահական կեդրոնի արեան գերճնշման հարցերու հետազօտութեան բաժնի ղեկավարը։ 1988 թուականին եղած է բժշկական դպրոցի ղեկավարը, իսկ 2003-2005 թուականներուն՝ Պոսթընի համալսարանի նախագահը։
Արամ Չոպանեան Հայ օգնութեան ֆոնտի տնօրէններու խորհուրդի անդամ է։ Մասնակցած է Հայաստանի մէջ առողջապահական խնդիրներու բարելաւման ուղղուած բազմաթիւ ծրագիրներու։ Կազմակերպած է հայ բժիշկներու եւ բուժաշխատողներու վերապատրաստումներ եւ կրթական ծրագրեր Հայաստանի մէջ։ Ան նաեւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ արտասահմանեան անդամ է (1994-էն ի վեր):
Արեան գերճնշման հարցերու ամերիկեան ընկերութեան մրցանակակիր է, սրտաբաններու միջազգային միութեան եւ միջազգային այլ գիտական կազմակերպութիւններու անդամ: Չոպանեանի հիմնական աշխատութիւնները կը վերաբերին զարկերակի պատի բջիջային եւ մոլեքիւլային կենսաբանութեան վրայ արեան գերճնշման ազդեցութեան եւ երակներու պատերու հաստացման կանխարգելման միջոցներու ուսումնասիրութեան: Սերտ համագործակցութիւն ունենալով Հայաստանի հետ՝ Արամ Չոպանեանին շնորհուած է «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» եւ «Մխիթար Հերացի» շքանշանները եւ Երեւանի Պետական բժշկական համալսարանի ոսկեայ շքանշանը:
Ան այն եզակի մարդոց թիւին կը պատկանի, որ հաւասարապէս գործած է թէ՛ իր ծննդավայր Պոսթընի եւ թէ՛ իր հայրենիք Հայաստանի համար:
Հայաստան առաջին անգամ այցելած է 1970 թուականին, ապա երկրաշարժին, երբ իրեն հետ սարքաւորումներ եւ դեղեր տարած է աղէտի գօտի: Վերջին տարիներուն Չոպանեան, տարիքի բերումով ձգած է առողջապահական ասպարէզէն ներս իր աշխատանքները եւ երաժշտութիւն կը յօրինէ՝ դաւանելով դասական երաժշտութեան սկզբունքները:
Եդուարդ Աւետիսեանի հետ իր կապը միայն երաժշտութեան միջոցով չէ. անոնք ամերիկեան նոյն շրջանին մէջ ծնած են, երկուքին ծնողքն ալ ԱՄՆ հասած են Օսմանեան կայսրութենէն՝ խոյս տալով անցեալ դարասկիզբի դէպքերէն:
Եդուարդ Աւետիսեան ծնած է 1937 թուականին՝ ԱՄՆ-ի Ռոտ Այլընտ նահանգի Փոթակէտ քաղաքը։ Ծնողքը Խարբերդէն հասած է ԱՄՆ: Ընտանիքին մէջ եղած է չորս զաւակ՝ Փարամազ, Զուարթ, Եդուարդ եւ Պօղոս։ Մայրը՝ Շուշանիկ Աւետիսեան, կ՚օգնէր, որ ԱՄՆ-ի մէջ հաստատուած հայ ընտանիքներուն հարազատները գտնեն զիրար, կ՚աջակցէր անոնց աշխատանք գտնելու, կը գրէր բանաստեղծութիւններ, որոնք կը հրատարակուէին հայկական մամուլին մէջ։ Եդուարդին հայրը կը մահանայ 1952 թուականին՝ իր ետին ձգելով 12-20 տարեկան իր չորս զաւակները, որոնց խնամքը, դաստիարակութիւնը մնացած է կնոջ՝ Շուշանիկի ուսերուն…
1955 թուականին Եդուարդ կ՚ընդունուի քոլէճ։ Քոլէճը աւարտելէն ետք կը նուագէ սիմֆոնիք նուագախումբերու, պալէի եւ օփերայի երաժիշտներուն հետ: Պոսթընի նուագախումբի աւագասրինգահարն էր, գործակցած է նաեւ Հայաստանի Պետական ֆիլհարմոնիք նուագախումբին, Հայաստանի ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի նուագախումբին, Հայաստանի Ազգային սենեկային նուագախումբին հետ։
Եդուարդ Աւետիսեան տասն տարի շարունակ դասաւանդած է Պոսթընի համալսարանը։ Բարելաւելով իր նիւթական վիճակը՝ զբաղած է բարերարութեամբ, միաժամանակ Ամերիկայի Հայ աւետարանական ընկերակցութեան հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ է:
1999 թուականին անոր միջոցներով Երեւանի մէջ կը կառուցուի «Խորէն եւ Շուշանիկ Աւետիսեան» դպրոցը՝ ի պատիւ իր ծնողքին, որոնք յատուկ ակնածանք ունէին կրթութեան հանդէպ: 2014 թուականին հայապահպանութեան գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդին համար Եդուարդ Աւետիսեան պարգեւատրուած է «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով:
Ահա թէ ինչ կ՚ըսէ Եդուարդ Աւետիսեան Երեւանի լաւագոյն դպրոցներէն մէկը հիմնելուն սկզբնական որոշումին եւ յետագային կատարուած աշխատանքին մասին. «Դպրոցին գաղափարը ծնունդ առած է որպէս համեստ անդրադարձ մը մայրիկիս՝ Շուշանիկին ծննդեան 90-ամեակին: Մայրս, իրապէս, որեւէ հանդիսութիւն չէր ուզեր, բայց քանի որ ընտանիքս վճռած էր անոր յոբելեանը տօնել, ապա խնդրեց այդ մէկը իրականացնել պարզ եւ առանց նուէրներու, ըսելով. «Ինչ որ անհրաժեշտ է, ունիմ, իսկ վաղը թերեւս՝ չըլլամ»:
«Ի՛նչ պիտի ընէինք, որ գոհացնէինք թէ՛ մայրիկս, թէ՛ ալ մեզ: Քրոջս՝ Զուարթին եւ եղբայրներուս՝ Փարամազին եւ Փոլին հետ խորհեցանք եւ վերյիշեցինք անոր ապրած կեանքը՝ տեսնելու, թէ ինչ յարգանք կրնայինք մատուցանել, որպէսզի իրապէս ուրախութիւն պատճառէինք մեր մայրիկին: Գիտէինք, որ մեր ծնողքը կ՚արժեւորէր կրթութիւնը, հայրս վաղ հասակէն հոգեւոր սպասարկութեան պատրաստուած էր, իսկ մայրս տակաւին ջերմ յիշողութիւններ կը պահպանէր Խարբերդի գերմանական միսիոնարական որբանոցէն ներս իր ուսումնառութենէն, որուն սաներուն՝ իր դասընկերներուն հետ ընկերային կապը պահպանած էր ամբողջ կեանքին ընթացքին: Կրնայի՞նք արդեօք մենք որակեալ կրթութիւնը եւ յարատեւ բարեկամութիւնը պատեհութիւն դարձնել անոնց համար, որոնք կեանքէն մեծ ակնկալիքներ չունէին: Եթէ այո, ապա այդ մէկը վստահաբար կը գոհացնէր մայրս եւ մեզ…
«Շուշանիկին 90-ամեակը լուրջ տօնակատարութիւն դարձաւ հարիւրէ աւելի հրաւիրեալներով, ներառեալ անոր հեռու եւ մօտ երկարամեայ մտերիմները: Ներկայ էր նաեւ Ամերիկայի Հայ աւետարանական ընկերակցութեան ներկայացուցիչը, որուն հետ պիտի քննարկէինք, թէ ինչպէս կարելի էր պատուել մայրիկս եւ յիշատակել հայրս՝ Խորէնը: Հայրս եւ մայրս, ի հեճուկս սուղ միջոցներու, այնքան շատ բան տուած են մեզի, որ մենք երախտապարտ ենք իրենց…»։
Եդուարդ Աւետիսեանի առաջարկով կառուցուած է նաեւ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի նոր մասնաշէնքը եւ եղբօր՝ Փարամազ Աւետիսեանի մահէն ետք անուանակոչուած անոր անունով:
Ահաւասիկ երկու հայու պատմութիւն, որոնք, կրելով գաղթականի ընտանիքի ճակատագրերը, ամուր քալեցին ամերիկեան հողին վրայ եւ հաստատեցին իրենց տեղը նորագոյն պատմութեան մէջ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024