ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԻՒՆԸ ԿԵՆՑԱ՛Ղ ՄԸՆ Է

«Հա՛յր… այս է յաւիտենական կեանքը, որ մարդիկ ճանչնան քեզ միակ ճշմարիտ Աստուած եւ Ան զոր Դուն առաքեցիր՝ Յիսուս Քրիստոս». (ՅՈՎՀ. ԺԷ 3)։

Աստուած, անհունօրէն Կատարեալ եւ Երանելի Ինքն Իր մէջ, զուտ բարութեան ծրագրով մը ազատօրէն ստեղծեց մարդը, որպէսզի զայն մասնակից ընէ իր երանաւէտ կեանքին։ Արդարեւ, Ան մարդը ստեղծեց յաւիտենական կեանքի ծրագրով։ «Յաւիտենական կեանք» բացատրութեամբ կը հասկցուի ո՛չ թէ պարզապէս «անվախճան կեանք» մը, այլ յատկապէս Աստուծոյ ներկայութեան եւ «Աստուծոյ հետ ապրուած կեանք» մը։ Ահաւասիկ, այս կեանքը մարդուն պարգեւելու համար եկաւ Քրիստոս։

Եւ այս երանաւէտ կեանքին համար, Աստուած ամէն ժամանակ եւ ամէն տեղ Ինքզինք մերձաւոր եւ մտերիմ կ՚ընէ մարդուն։ Ան մարդը կը կոչէ, Իրեն մօտենալու, կ՚օգնէ անոր որ զԻնք որոնէ՝ փնտռէ, որ ճանչնայ զԻնք եւ իր ամբողջ ուժերով սիրէ զԻնք։ Բոլոր մարդիկը զորս մեղքը ցրուեց, Ան կը համաժողովէ միութեան մէջ իր ընտանիքին, որ է Եկեղեցի՛ն։ Այս իրագործելու համար Ան առաքեց իր Որդին իբր Ազատարար եւ Փրկիչ, երբ ժամանակները իրենց լրումին հասան։ Անոր մէջ եւ Անով, Աստուած կը կանչէ մարդիկը Սուրբ Հոգիով իր որդեգիրները ըլլալու եւ հետեւաբար ժառանգորդները՝ իր երանաւէտ կեանքին։

Որպէսզի այս կանչը արձագանգէ ամբողջ երկրի վրայ, Քրիստոս առաքեց իր ընտրած առաքեալները՝ անոնց տալով Աւետարանը քարոզելու պաշտօնը. (ՄԱՏԹ. ԻԸ 19-20)։ Եւ ահաւասիկ, այս իսկ պատճառով, քրիստոնէութիւնը եղաւ կենցաղ մը՝ ապրելակերպ մը, կեանքը ապրելու ընդհանուր եղանակ մը։ Ուստի երբ կը խօսինք քրիստոնէութեան մասին, նախ պէտք է գիտնանք, թէ քրիստոնէութիւնը կրօնքէ մը աւելի՛ն է։ Քրիստոնէութիւնը կեա՛նք մըն է՝ «Կեանքն» իսկ է։ Կեանք մը՝ որուն մէջ աճում եւ զարգացում կայ, շարժում եւ բարեփոխում կայ, մեծնալ եւ հետզհետէ հասուննալ եւ յառաջդիմել կայ. վերջապէս նպատակ եւ իմա՛ստ կայ։

Քրիստոնէութիւնը «պիտակ» մը չէ. ուստի «քրիստոնեայ եմ» դաւանողը նախ պէտք է ճանչնայ եւ սիրէ իր Աստուածը, պէտք է սիրէ իր եղբայրը, իր ընկերը, եւ նաեւ պէտք է սիրէ իր թշնամիները։

Կը պատմուի, թէ տարիներ առաջ, Հալէպի մէջ տքթ. Ֆիլիփ անունով բժիշկ մը կար, որ հիւանդանոցի մը մէջ կը ծառայէր։ Օր մը իր քով հիւանդ մը կու գայ բուժուելու։ Բժիշկը երբ կը տեսնէ հիւանդը, կը ճանչնայ զայն եւ խառն զգացումներու հոգեվիճակի մը կը մատնուի։

Հիւանդը տարբեր կրօնի պատկանող անձ մըն էր։ Ան նաեւ տարիներ առաջ սպաննած էր իր աչքին առջեւ, իր եղբայրը…։

Հիւանդը, բժիշկին հսկողութեանը տակ, մի քանի օր դարմանուելէ եւ բժշկուելէ ետք, երբ կը պատրաստուէր տուն դառնալ, բժիշկը հարցուց մարդուն. «Զիս ճանչցա՞ր»։ Մարդը. «Ո՛չ» պատասխանեց։ Բժիշկը շարունակեց. «Տարիներ առաջ դուն իմ եղբայրս իմ աչքերուս առջեւ մեռցուցիր, եւ կը պատրաստուէիր զիս ալ մեռցնել, բայց ես փախայ եւ ազատուեցայ»։ Եւ բժիշկը՝ տքթ. Ֆիլիփ կը վերջացնէ իր խօսքը, ըսելով. «Հիմա դուն բժշկուեցար, գնա՛, Աստուած հետդ ըլլայ»։

Եւ բժշկուած հիւանդը կը հեռանայ…։

Քիչ մը վերջ ան կը վերադառնայ եւ կ՚ըսէ. «Պարոն բժիշկ, ես քու եղբայրը մեռցուցի, այո՛, հիմա յիշեցի, ատիկա թէեւ ցաւ է պատճառած ինծի, բայց անգամ մը պատահեցաւ… եւ հիմա քու ձեռքդ ինկած էի, կրնայիր վրէժ լուծել՝ ոխակալութեամբ շարժիլ եւ առիթէն օգտուելով կրնայիր ասեղով մը կեանքիս վերջակէտ դնել։ Ի՞նչ է պատճառը, կ՚ուզեմ հասկնալ, ինչո՞ւ այս բարիքը ըրիր ինծի»։

Բժիշկը պատասխանելով անոր կ՚ըսէ. «Քանի որ ես քրիստոնեայ եմ, մեր Քրիստոսը այսպէս կը սորվեցնէ. սիրել մեր թշնամիները եւ չարիքի փոխարէն բարիք հատուցանել եւ ո՛չ չարիք»։

Հիւանդը շատ զարմացած, ապշած՝ կը ձգէ եւ կը հեռանայ…։

Այս իրական պատմութեան մէջ թերեւս պիտի ըլլան ոմանք, որ ըսեն. «Բժիշկները երդում ըրած են, անոնք առանց որեւէ խտրութեան՝ ծանօթ կամ անծանօթ, բարեկամ կամ թշնամի, պարտաւոր են խնամել եւ բժշկել, ուստի ասիկա ո՛չ թէ հաւատքի, այլ իրենց նուիրական ծառայութեան մէկ հետեւանքն է…», մանաւանդ բժիշկ բարեկամներ այդպէս պիտի խորհէին։

Բայց սիրելի՜ բարեկամներ, քրիստոնէական կենցաղ ունենալ տարբեր, բժիշկի երդումը տարբեր բաներ են, ուստի ամէն բժիշկ քրիստոնեայ չէ բնականաբար, բայց ամէն քրիստոնեայ ալ բժիշկ չէ՛…։

Սիրելի՜ եւ հաւատարիմ բարեկամներ, եկէք մենք ալ բժիշկին օրինակին հետեւինք, եւ Յիսուսի՛ն օրինակին հետեւինք։ Քրիստոնէութիւնը «սիրոյ կրօնք» մըն է եւ կրօնքէ մը աւելի՛ն։ Քրիստոնէութիւնը զոհողութեան, ծառայութեան, օգնութեան եւ ներելո՛ւ կրօնք մըն է։ Ան իրապէս ապրելակերպ մը՝ կենցաղ մըն է. բժիշկ կամ ո՛չ, որպէս քրիստոնեայ ապրելու դրութիւն մը, վարդապետութիւն մըն է։

«Վրէժխնդրութիւնը ի՛մս է, ես պիտի հատուցանեմ», կ՚ըսէ Տէրը. (ՀՌՈՄ. ԺԲ 19). «Չարէն մի՛ յաղթուիր, հապա բարիով յաղթէ չարին». (ՀՌՈՄ. ԺԲ 21)։

Սիրե՛նք եւ առանց խտրութեան սիրենք…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 30 2022, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2022