ԱԼԷՆ ԹԵՔՊԸՉԱՔ ԵՒ ՀԱՅԿԱՐԱՄ ՔԱՐԱՍՈՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Երեւանի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէին ժողովը։ Հարկ է նշել, որ Համահայկական 8-րդ խաղերը նախատեսուած են 5-19 օգոստոս 2023-ին։ Խաղերուն բացումը պիտի կատարուի Կիւմրիի մէջ, իսկ եզրափակումը՝ Երեւանի։
8-րդ խաղերուն ընդառաջ Համաշխարհային կոմիտէն արդէն կը քննարկէ կազմակերպչական աշխատանքները։ Համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեանի եւ խաղերու գլխաւոր հովանաւոր Ալպերթ Պոյաճեանի գլխաւորութեամբ կ՚ընթանան պատրաստութիւնները։ Մեր համայնքէն ժողովներուն կը մասնակցին Իսթանպուլի կարգադիր յանձնախումբի ատենապետ Հայկարամ Քարասու եւ Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք, որոնք Զաքարեանի եւ Պոյաճեանի ջերմ վերաբերմունքին առարկայ դարձան։
Միւս կողմէ, Քարասու եւ Թեքպըչաք երէկ Երեւանի մէջ հանդիպում մըն ալ ունեցան Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի հետ։