ՓՐԱԿԻ ՄԷՋ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր հանդիպում մը կ՚ունենան Փրակի մէջ։ Եւրոմիութեան անդամ կամ գործընկեր պետութիւններու ղեկավարներու անպաշտօն գագաթաժողովին կը մասնակցին երկու ղեկավարները եւ այդ հաւաքոյթի շրջանակներէն ներս տեղի կ՚ունենայ իրենց երկկողմանի տեսակցութիւնը։ Անգարայի եւ Երեւանի միջեւ բնականոնացման նոր գործընթաց մը յառաջ կը տարուի Արցախի երկրորդ պատերազմէն ի վեր։ Երկու մայրաքաղաքներուն կողմէ նշանակուած յատուկ ներկայացուցիչները ամիսներէ ի վեր կ՚աշխատին այս բնականոնացման գործընթացէն ներս տեղաշարժ ապահովելու առաջադրութեամբ։ Անցեալ ամրան, այս ամբողջին մէջ, տեղի ունեցած էր նախագահ Էրտողանի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ հեռախօսազրոյց մը, ինչ որ բնականոնացման գործընթացի գագաթնային փուլերէն մին էր։ Այժմ, այդ հեռախօսազրոյցէն վերջ, երկու երկիրներու ղեկավարները արդէն երես-երեսի տեսակցութիւն մը կ՚ունենան այսօր, Փրակի մէջ։ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի առաջին դէմքերուն միջեւ այսօր տեղի կ՚ունենայ՝ ֆութպոլային դիւանագիտութեան, Ցիւրիխի ձախողած արձանագրութիւններու շրջանէն ի վեր առաջին դէմ առ դէմ հանդիպումը, ինչ որ պատմական նշանակութիւն ունի եւ կրնայ բեկումնային պահ մը ապահովել բնականոնացման գործընթացէն ներս։

Բացի նախագահ Էրտողանին հետ նախատեսուած երկկողմանի հանդիպումէն, Նիկոլ Փաշինեան այսօր Փրակի մէջ, քառակողմանի ձեւաչափով հանդիպում մըն ալ կ՚ունենայ՝ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի, Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։

Փրակի մէջ այսօր նախատեսուած այս կարեւոր ժամադրութիւններուն ընդառաջ, երէկ երեկոյեան, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ դարձեալ որոշ դէպքեր ծագեցան։ Ատրպէյճանի բանակը հերթական անգամ հրադադարը խախտեց՝ կրակ բանալով սահմանի արեւելեան ուղղութեամբ։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնն ալ տեղեկացուց, որ բախումներէն վերջ կացութիւնը յարաբերաբար կայունացած է։

Դաշտի վրայ տեղի ունեցած այս իրադարձութիւններուն առընթեր, Նիկոլ Փաշինեան երէկ Ազգային ժողովի ամպիոնէն յայտարարեց, որ Հայաստանի շուրջ իրադրութիւնը կը մնայ կայուն լարուած։ Փրակ մեկնելէ առաջ վարչապետը խորհրդարանի մէջ կրկնեց, որ իր ղեկավարութիւնը որդեգրած է խաղաղութեան օրակարգը։ «Վերջին քննարկումները եւ դիւանագիտական աշխատանքը յառաջ երթալու համար որոշ տարածք մը ստեղծած են», յայտարարեց Նիկոլ Փաշինեան խորհրդարանի ամպիոնէն։

Ան տեղեկացուց, որ Փրակի հանդիպումներէն վերջ պիտի մեկնի Սեն Փեթերսպուրկ, ուր պիտի մասնակցի Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ) անպաշտօն գագաթաժողովին։ 

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ալ երէկ յայտնեց, որ սահմանային կացութեան կայունացման առաջադրութեամբ Երեւան հետամուտ կը մնայ միջազգային դիտարկման դրութիւններ հաստատելու ուղղեալ աշխատանքին եւ այս ուղղութեամբ արդէն աշխոյժ քննարկումներ կը ծաւալուին։ «Կայ տեսակէտ մը, որով Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկխօսութեան համար միջազգային դրութեան մը ստեղծուիլը կը նախատեսուի», ըսաւ նախարարը եւ ուրիշ հարցումի մը պատասխանելով յայտնեց, որ Պաքուի կողմէ Երեւանին վերջերս ներկայացուած են նոր առաջարկներ, որոնք տակաւին վերլուծման փուլի մէջ կը գտնուին։

Փրակի ժամադրութիւններուն ընդառաջ, իր կարգին, երէկ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւն ալ յայտարարեց, թէ որոշ լաւատեսութիւն մը կը զգան՝ Հայաստանի հետ խաղաղութեան գործընթացին մասին։ Ալիեւ Պաքուի մէջ յայտարարեց նաեւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հայերը իրենց քաղաքացիները կը համարուին եւ կը մերժէ միջազգային որեւէ միջամտութիւն այս տեսակէտէ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 6, 2022