ԿԵԱՆՔԸ ՀՐԱԲՈՒԽԻ ՎՐԱՅ, ՄՈԽՐԱԳՈՅՆ ԵՐԿԻՆՔԻ ՏԱԿ…
Երեւանի երկինքը մոխրագոյն դարձած է: Ամբողջ ամրան, հակառակ այրող արեւին եւ անդիմադրելի տօթին, երկինքը պարզ չէր… Սեպտեմբեր ամսուն ա՛լ աւելի մոխրագոյն դարձաւ երկինքը, երբ պատերազմին շունչը կրկին մտաւ մեր երկիր, որու վերքերը տակաւին չէին լաւցած: Իսկ պատերազմը չէր աւարտած: Քանի տակաւին Եռաբլուրին մէջ փորուած փոսեր կան եւ յուղարկաւորութիւններ կը կատարուին, պատերազմը չէ աւարտած: 44-օրեայ պատերազմէն ետք, մինչեւ այսօր Եռաբլուրին մէջ ամէն ամիս յուղարկաւորութիւն կ՚ըլլայ: Նոր փորուած փոսեր կան միշտ պատրաստ, եւ այս մէկը սահմռկեցուցիչ տեսարան մըն է՝ Եռաբլուրին ընդհանուր զարհուրելի տեսարանին քով: Գերեզմանափորները հոն միշտ զբաղած են… Մէյ մը գտնուած մասունքներ կը տարուին յուղարկաւորութեան, մէյ մը՝ սահմանային լարումին պատճառով զոհուած մարմին, իսկ այսօր հոն կը տարուին սեպտեմբերեան պատերազմին զոհուածներուն մարմինները, որոնք հայրենիքին կը յանձնուին խումբ-խումբ՝ սպասումի եւ խելագարութեան հասցնելով զաւակները սպասող ծնողքը:
Եռաբլուրը՝ Երեւանի բարձունքներէն մէկուն վրայ, այսօրուան մեր ամենատխուր եւ ողբերգական տեղն է: Անոր մօտէն իսկ անցնիլը դաժան զգացումներով կը համակէ, օրեր շարունակ անտրամադիր կը դարձնէ… Բայց արդէն այն մեր մէջն է, մեր պատմութեան, մեր կեանքի, մեր առօրեայի մէջ եւ վայրկեան մը կարելի չէ հեռացնել զայն մեզմէ…
Կը մտածեմ՝ արդեօք ճիշդ ըրա՞ծ են ժամանակին՝ քաղաքին մէջ այդպիսի խոշոր գերեզման մը բանալու արտօնութիւն տալով: Կը կարծեմ՝ ո՛չ, որովհետեւ մայրաքաղաքին վրայ կը ճնշէ իր՝ օր-օրի մեծցող տարածքով, հսկայ գերեզմանաքարերով, երիտասարդ տղոց՝ հեռուէն երեւցող լուսանկարներով, սեւազգեստ մայրերու անվերջ հոսքով… Եռաբլուրը՝ թերեւս աշխարհի մէջ երիտասարդներուն ամենէն մեծ գերեզմանատունը, քաղաքէն դուրս պէտք է ըլլար, խորհրդաւոր եւ լուռ վայրի մը մէջ, շուրջը՝ ծաղկաստան, յիշատակի այլ խորհրդանիշներ, յուշարձաններ: Բնութեան հետ մերձ պիտի ըլլար մեր նորօրեայ հերոսներու հանգստատեղին՝ հեռու քաղաքի աղմուկէն, անցուդարձէն եւ միջավայրէն:
Զոհուած զինուորներու եւ ազատամարտիկներու ծնողները վերջերս ցոյցեր եւ բողոքի գործողութիւններ կատարեցին Եռաբլուրին մէջ՝ հոն ժամանած իշխանաւորներուն այցին առթիւ: Հասկնալի է անոնց ընդվզումը, զայրոյթը, վիշտը եւ սուգը, որ յաւերժ է: Բայց միթէ Եռաբլուրը ցոյցի՞ տեղ է: Միթէ աղմուկ եւ ժխոր կը վայելէ՞ իրենց կեանքը հայրենիքի պաշտպանութեան զոհածներու վերջին հանգրուանին: Տեսարանները՝ որոնք կը պարզուին այդ ցոյցերուն ժամանակ, չափազանց տհաճ են եւ անպատշաճ, զոհուածներուն հարազատները կարծես խելացնոր դարձած են եւ չեն գիտակցիր, որ վայրը յիշատակի, լուռ այցելութեան, խունկ ծխելու տեղ է եւ ոչ՝ գոռում-գոչիւնի, հայհոյանքի, քաշքշուկի, որ եղան օրերս: Ամէն ինչ խառնուած է կարծես… Եռաբլուրին հետ շա՜տ զգոյշ պէտք է վարուիլ: Սովորական գերեզմանոց չէ անիկա, եւ նոյնիսկ ամէն օր երթալու տեղ չէ կարծեմ, ինչպէս շատեր կ՚ընեն: Ամէն մարդ կարող չէ դիմանալ այն ազդու շունչին, որ կայ այնտեղ…
Վերջերս արտասահմանէն եկած բարեկամ մը հարցուց, թէ ո՞ւր կրնայ այցելել Երեւանի մէջ, իմ անկեղծ խորհուրդս էր. «Ուր կ՚ուզես՝ գնայ, բայց Եռաբլուր չերթաս, քանի որ շատ պիտի ազդուիս»: Այո՛, շատեր կ՚երթան, ծաղիկներ կը խոնարհեն, յարգանքի տուրք կը մատուցեն եւ անպայման կը լուսանկարուին՝ իրենց հետ տանելու կամ ընկերային ցանցերու վրայ ի ցոյց դնելու, թէ այցելած են զոհուածներուն գերեզմանը: Տեսակ մը նոյնիսկ նորոյթ եղած է դուրսէն եկողներու համար հոն երթալը: Բայց միշտ չէ, որ մարդը պատրաստ է ընկալելու այն ամբողջ ողբերգութիւնը, որուն կը հանդիպի այդ վայրը այցելելով: Յաճախ չեն պատկերացներ, կ՚այցելեն եւ փլած դուրս կ՚ելլեն: Այդպէս եղաւ նաեւ իմ բարեկամիս պարագային, երբ մտիկ չըրաւ խորհուրդս եւ Եռաբլուր այցելելէն ետք անասելի ապրումներ ունեցաւ, յետագայ օրերը չլքեցին զայն այդ ապրումները… Ո՛չ միայն այնտեղ յուղարկաւորուածները կ՚ազդեն մարդու վրայ, այլ նաեւ՝ անոնց այցելող իրենց հարազատները՝ մանկամարդ կիներ, երիտասարդ աղջիկներ, տղաներ եւ վերջապէս՝ ծնողքը, որոնք ժամերով ծնկած կը մնան շիրմաքարերուն առջեւ եւ չեն ալ զգար, թէ ինչպէս մութը կը կոխէ…
Զոհուածներուն ծնողները նոյնպէս երիտասարդ են, որքան՝ իրենց զաւակները, երբեմն կը կարծես, որ հասակակիցներ են անոնք, չես զանազաներ շիրմաքարէն նայող պատկերին եւ անոր առջեւ նստածներուն տարիքը: Զաւակին համը տակաւին չճաշակած՝ այդ մայրերն ու հայրերը սուգի մէջ մտած են:
Ես, անկեղծօրէն, չէի ուզեր որ այս ծանրակշիռ գերեզմանոցը Երեւանի մէջ ըլլար: Ան ամէն վայրկեան հետապնդող է իր բարձունքէն, նոյնիսկ գիշերը չի դադրիր հոն գացողներուն հոսքը եւ այս մէկը մոխրագոյն կը դարձնէ մեր երկինքը…
Կրամած, թանձրացեալ այդ քարերը միթէ մեր ուսերուն նստած ծանրութիւն չե՞ն, միթէ յաւերժ սգակիր չե՞ն դարձներ մեզ, միթէ մենք չե՞նք ուզեր դուրս ելլել այս տանջող, սեղմող շղթայէն եւ ապրիլ նոր ու լուսաւոր կեանքով: Եռաբլուրը պէտք չէ, որ այսչափ ճնշէ մեզի, խեղդէ… Այն մեզի պիտի յիշեցնէ միայն մէկ բան՝ երբեք այլեւս թոյլ չտալ, որ կրկնուի ինչ որ եղաւ 2020-ին եւ որ տակաւին կը շարունակուի: Միթէ կարելի՞ է անվերջ ապրիլ վիշտով, կքած բեռի տակ՝ մոխրագոյն երկինքի տակ, հրաբուխի վրայ…
Մենք հիմա նստած ենք հրաբուխի վրայ եւ չենք գիտեր, թէ ե՞րբ պիտի ժայթքի խառնարանը: Պիտի կրակե՞ն, պիտի չկրակե՞ն, խաղա՞ղ պիտի ըլլայ գիշերը, թէ ոչ, առտու ի՞նչ լուր պիտի առնենք սահմանէն, հեռաւոր գիւղերէն...
Այս մտածումներով է, որ կ՚ապրինք օրը եւ դժուար լուսցող գիշերուան աւարտին հետ արագ կը բանանք լուրերը՝ հասկնալու համար, թէ ի՛նչ հերթական սադրանք եղած է մեր երկրին դէմ: Ասիկա նման է մղձաւանջի, որ կը թուի թէ երբեք պիտի չաւարտի:
Օրուան ընթացքին ուրիշ մղձաւանջ մը այցի կու գայ՝ պիտի ստորագրէ՞, պիտի չստորագրէ՞, պիտի տա՞յ, պիտի չտա՞յ, միջա՞նցք պիտի բանան Սիւնիքի մէջ, թէ մարդասիրական երթուղի, ի՞նչ ըսին հիւսիսային եւ արեւմտեան տէրութիւններու ազդեցիկ մարդիկը, ի՞նչ սպառնալիքներ հնչեցուց Ատրպէյճանի ղեկավարը, ի՞նչ վիճակի մէջ է Արցախը…
Հայաստանեան վերջին սահմանային պատերազմէն ետք Արցախը տեսակ մը մոռացութեան մատնուեցաւ: Հայաստանցիները կը հասկնան, որ Հայաստանը այլեւս ընելիք չունի Արցախի մէջ, միայն մարդասիրական օգնութիւններ կը կատարուին, բայց քաղաքական առումով այլեւս ոչ մէկ ընելիք եւ իրաւասութիւն կայ… Հայաստանէն բնակարաններ շինելու համար Արցախ շինանիւթ կը ղրկուի, արցախցիներուն օգնելու համար ուրիշ գործեր կը կատարուին, բայց անոնք միայն մարդասիրական հողին վրայ են այնպէս, ինչպէս բոլորովին անծանօթ երկիր մը կրնայ առաքուիլ նման օգնութիւններ:
Արցախցին նոյնպէս շուարած վիճակ մը ունի… Բարեկամներ Արցախէն կը հեռաձայնեն, յոյսի եւ գօտեպնդումի խօսքեր կ՚ուզեն լսել, չեն գիտեր, թէ նորոգե՞ն իրենց տուները, գործատեղիները, մնա՞ն, թէ գաղթեն, այնպէս ինչպէս 1990-ականներուն սկիզբը Արցախէն մեծ գաղթ եղաւ դէպի Ռուսաստան եւ այլ վայրեր: Բայց Ռուսաստանն ալ այսօր նախանձելի վիճակի մէջ չէ, հոնկէ հազարաւորներ, սահմանային արգելքներ, օրէնքներ անտեսելով՝ դուրս կ՚ելլեն երկրէն՝ չուզելով ապրիլ երկրի մը մէջ, որ բռնարարի, յամառ պատերազմողի համբաւ ունի այսօր աշխարհին մէջ:
Հայաստանի մէջ քիչ մը շունչ կը քաշեն Ռուսաստանէն եկածներ եւ այս մէկը քիչ մը զաւեշտի նման է, քանի որ ժամանակին հայերը փախչելով կը հանգրուանէին ռուսական հողին վրայ, իսկ այսօր, հակառակ պատերազմական վտանգներուն եւ ներքաղաքական անհամ վիճակին՝ Հայաստանը հանգրուան դարձած է հազարաւոր ռուսերու եւ հոն ապրող հայերու համար: Երեւանի փողոցները լի են ռուսերով:
Կը զգա՞ն արդեօք իրենք, որ մոխրագոյն է Երեւանին երկինքը, թէ տաք, հարաւային, ջերմ եւ հիւրընկալ վայր մը կը թուի Հայաստանը իրենց այս պահուն: Այո, Հայաստանը իր պատմութեան լուսաւոր էջերով, քաղաքակրթական ուղիով միշտ գրաւիչ եղած է օտարներուն համար, բայց այսօրուան խեղճացած վիճակին մէջ կը խեղճանայ նաեւ անցեալի փառքը: Ո՞ւր է Հայաստան երկիր դրախտավայրը, երբ ամէն անկիւնէն խինդ ու ժպիտ կը տարածուէր, մանուկներուն եւ երիտասարդներուն անհոգ կեանքը ապագայի հանդէպ անիրական երազներ կը հիւսէր եւ մեր նախնիք կ՚արարէին՝ վաղուան պայծառ օրուան հաւատքով:
Ինչպէ՛ս տեսնենք այդ պայծառ օրը սգակիր հազարաւոր ծնողներու աչքերուն մէջ, որոնք նոյն վիշտով, նոյն կեանքով կ՚ապրին այսօր, եթէ անոնց ապրածը կեանք կարելի է կոչել… Վշտակիրներու համայնքներ ձեւաւորուած են մեր մէջ՝ զոհուածներու հարազատներ, գերիներու հարազատներ, անհետ կորսուածներու հարազատներ, անդամալոյծ դարձածներու հարազատներ եւ վերջապէս մարդիկ, որոնց տղաքը ծառայութեան մէջ են՝ վտանգի եւ փորձանքի առջեւ կեցած, վախն ու երկիւղը սիրտերու մէջ: Տակաւին երկու տարի առաջ ի՜նչ երազներ ունէին վշտակիր դարձած մարդիկ եւ ի՜նչ երազներ ունէինք մենք բոլորս: Դժուար է հաւատալ, որ մէկ գիշերուան մէջ կրնայ փոխուիլ մարդոց ճակատագիրը եւ երկրի մը ճակատագիրը: Բոլոր երազները խուլ շռինչով բախած են կրաձոյլ շիրմաքարերուն եւ իբրեւ անորոշ պատկերներ այցի կու գան մեզի գիշերային ժամերուն:
Արդեօք ի՞նչ երազներ ունէին մեր մեծ հայրերը. անոնք կը լռէին, չէին խօսեր, հառաչանքներ միայն կը լսէինք մեր մեծ հայրերուն բերաններէն: Գիտէի՞ն արդեօք, որ այս օրը պիտի գայ, եւ հողը պիտի փախչի իրենց զաւակներուն ոտքերուն տակէն, իսկ լաւագոյնները պիտի խառնուին մայր հողին, եւ մնան միայն իբրեւ յուշ, կարօտ, անուն... Այդ հողին վրայ խոտ ու ծաղիկ պիտի աճի, հողը պիտի ամրանայ նաեւ իր մէջ ննջող հերոսներով, իսկ հողին վրայ կանգնած շիրմաքարերուն վրայ դաջուած պատկերները պահապան հրեշտակներու պիտի փոխակերպուին… որպէսզի ցրուի այս գէշ երազը, որ անշնչելի դարձած օդը վերջապէս կարելի ըլլայ շնչել…
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024