ՎԻՇՏ ՄԸ՝ «ԲԱՐԻՔ»Ի ՏԵՍՔՈՎ

Հաւանաբար քիչ մը տարօրինակ հնչէ, սակայն ճշմարտութիւն է որ մարդ իր կեանքի ընթացքին ամենէն շատ վնասն ու վիրաւորանքը օտարաներէ աւելի կը ստանայ իր սիրելիներուն կողմէ՝ յաճախ գիտակցաբար եւ յաճախ ալ անգիտակցաբար: Մարդոց մօտ յաճախ կայ այն սխալ համոզումը, որ օտարը աւելի վտանգ կրնայ սպառնալ՝ քան ծանօթը, սակայն եթէ լաւապէս ուսումնասիրենք մեր կեանքը, պիտի տեսնենք որ մեր մեծագոյն յուսախաբութիւնները, նեղութիւններն ու վնասները պատճառուած են մեր սիրելիներուն կողմէ:

Յաճախ կը մտածեմ, իրապէ՞ս այդպէս է... թէ ոչ անոնց սիրելի ըլլալու հանգամանքն է, որ այդ ցաւերը կը տարբերէ միւսներէն. չե՛մ գիտեր, սակայն գիտեմ, որ գրեթէ ամէն մարդ նուազագոյնը մէկ անգամ դարձած է զոհը այս դժբախտ երեւոյթին:

Ցաւալին այն է սակայն, որ շատ անգամ այդ պատճառուած վնասներն ու ցաւերը «բարիք» մը ընելու նպատակով յառաջ կու գան դիմացինին կողմէ եւ կը ստացուի «յօնք շտկելու փոխարէն աչք հանել»ու զաւեշտալի տեսարան մը եւ գուցէ բարիքի անուան տակ թաքնուած վիշտը աւելի կ՚ազդէ մարդուն վրայ քան միւսները, իսկ կ՚ազդէ աւելի՝ երբ դուն քեզի պարտաւորուած կը զգաս առ ի յարգանք համբուրելու այն ձեռքը՝ որ անդառնալի վիշտ մը պատճառած է քեզի:

Այս բոլորին մասին աւելիով սկսայ մտածել, երբ տեսայ մարդ ու կին մը, որ հակառակ իրենց 19 տարեկան աղջկան կամքին կը պարտադրեն Սուրբ Պսակի, այն համոզումով որ «իրենք իրենց աղջկան բարիքը կ՚ուզեն». աշխարհը, մանաւանդ մեր հայկական շրջանակները ցայսօր լեցուն են նման «բարիք»ի զոհերով, որոնք կեանք մը ամբողջ զոհած են ենթադրեալ բարիքի մը համար, որ իսկութեան մէջ այդ անձին համար չարիքէ մը տարբեր բան չեղաւ եւ ո՛չ ալ կ՚ըլլայ:

Մեր հայկական ընտանիքներուն մէջ դժբախտաբար անհատի կամքէն աւելի նկատի կ՚առնուի ընտանիքներուն կամքը, որոնք կ՚ուզեն իրենց անկենդանացած երազները կենդանացած տեսնել իրենց զաւակներուն մէջ՝ առանց նկատի ունենալով դիմացինին զգացումները, որոշումներն ու երազները: Ճանչցած եմ նման դժբախտութեան զոհ գացած կին մը, որ «ոչինչ, պսակուելու համար սիրելու կարիք չկայ» յորդորով պարտադրուած՝ պսակուած էր անձի մը հետ, ժամանակ մը ետք այդ դժբախտութիւնը վարչութեան վերածած եւ հանդուրժած էր ապրիլ այդ կեանքով. կեանք՝ որ ամուսնին համար ուրախ, մօրն ու հօրը համար ուրախ, հաւանաբար հարազատներուն համար ուրախ, սակայն իրեն համար դժբախտութիւն ըլլալէ պիտի չդադրէր երբեք:

Մեր ծնողները պէտք է սորվին, որ իրենց զաւակները իրենց երազներուն իրականացումը ապահովող միջոցներ չեն եւ իրենց կարծեցեալ ցնորքները անպայման չէ՛ որ ուրախութիւն պիտի պատճառեն իրենց զաւակներուն: Հասակ առնող նոր սերունդը (բարեբախտաբար) այնքան ալ լուռ չէ, սակայն կար, մինչեւ օրս ալ կայ խումբ մը, որ կը կարծէ, թէ ծնողներուն յորդորները անպայմանօրէն ճիշդ են... եւ հետեւաբար կեանքը քաղցրացնող:

Պէտք է գիտակցիլ, որ այս կեանքը մեզմէ իւրաքանչիւրիս տրուած է մէկ անգամ միայն... չկա՛յ ուրիշ առիթ եւ չկա՛յ ետդարձ, այդ իսկ պատճառով ամէ՛ն որոշում անվերադարձ է մեզմէ իւրաքանչիւրիս համար եւ յաճախ մենք այդ կեանքը կը գործածենք մոմի նման՝ ուրիշներուն ուրախութեան համար մենք մեզ վառելով՝ առանց ինքներս մեզ լուսաւորելու:

Այսօր մեզմէ ո՞վ չունի «երանի՜»ներ իր կեանքին մէջ. ո՞վ պիտի չուզէր երթալ ետ եւ փոխել անփոխելին՝ որով կեանքը աւելի անուշ ու իմաստալից պիտի դառնար:

Հանդիպած եմ ընտանիքներու, որոնք հակառակ իրենց զաւակին ունեցած անսահման սիրոյն՝ իմաստազուրկ պատճառներով ու երբեմն ալ պարզապէս «հաճոյքի» համար քանդած են իրենց զաւակներուն սիրոյ աշխարհը, կարծելով որ «մի քանի ամիսէն կը մոռնայ», սակայն անոնք կեանք մը ամբողջ շարունակած են ապրիլ այդ ցաւով դժբախտացնելով ամբողջ կեանք մը:

Տարիներ առաջ Լիբանանի մէջ տեղի ունեցաւ ոճրագործութեան եւ ինքնասպանութեան դէպք մը. հայ երիտասարդ մը խենթի պէս սիրած էր աղջկայ մը... սակայն չես գիտեր ինչու, տղուն մայրը չէր ուզած աղջիկը... առա՛նց պատճառի, պարզապէս «տղուս յարմար չէ» մը ըսած ու ամէն ջանք ի գործ դրած էր իր զաւակի «բարիք»ին համար, որ դժբախտութենէ տարբեր ուրիշ բան մը չէր եղած: Հակառակ մօրը պարտադրանքին տղան որոշած էր կապուած մնալ աղջկան, սակայն աղջիկը նկատի առնելով տղուն մօր կեցուածքը, որոշած էր պատուով հեռու մնալ... ապագայ կռիւներէ եւ ըսի-ըսաւներէ հեռու մնալու միտումով:

Տղան չդիմանալով բաժանման ցաւին, առտու մը դուրս գալով տունէն սպաննեց աղջիկը, որմէ վայրկեան մը ետք ինքնասպան եղաւ:

Պէ՞տք էր այսպէս ըլլար... «տղուս յարմար չէ...»: Ահաւասի՛կ զաւակի համար մտածուած բարիք մը. սխալողը ո՞վ է այս պարագային. տղա՞ն՝ որ երկու ընտանիքներու դժբախտութեան պատճառ եղաւ, աղջի՞կը՝ որ ուզեց պատուովը դուրս գալ այս խնդիրներէն, թէ ոչ տղուն մայրը՝ որ իր զաւակին համար լաւագոյնը «ուզեց» առանց գիտակցելու որ ամէն մարդու մէջ կայ սիրտ մը՝ որու կարելի չէ խօսք հասկցնել:

Տղան վերջ տուաւ իր եւ իր սիրածի կեանքին. այս մէկը դժբախտութեան ծայրայեղ աստիճանը չէ, որովհետեւ աւելի՛ ցաւալի է երբ մարդ կը շարունակէ մնալ կենդանի եւ ապրիլ այդ տանջանքը եւ չկարենալ ըսել խօսք մը անոր՝ որ իր կեանքին եւ երազներուն կործանման պատճառ եղած է:

Ինչքա՜ն ճշմարիտ են Պարոյր Սեւակի «Գիտե՞ս սիրելիս» բանաստեղծութեան խօսքերը.-

Գիտե՞ս, սիրելի՛ս,
Ո՞վ է անխելքը,
Եւ անբուժելի՝
Ո՞ր խոցն ու վէրքը.
-Երբ ո՛չ թէ կտրում,
Այլ համբուրում ես
Քեզ անխղճօրէն
Հարուածող ձեռքը։

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -64-

Տարիներ առաջ ծանօթացայ կեանքի «բարիք»ներու զոհ դարձած կնոջ մը... արդէն չորս զաւակի եւ թոռներու տէր, սակայն անցնող տարիները չէին կրցած սիրտին մէջէն հանել «բարիք»ին վիշտը:

Առիթով մը խնդրեցի, որ ցոյց տայ իր պսակադրութեան նկարները. մերժեց: Յայտնեց, որ ի՛նք եւս հակառակ այսքան տարիներուն երբեւէ աչքէ անցուցած չէ: Հակառակ մերժումին համոզեցի, որ ինձ յանձնէ. բոլոր նկարներուն մէջ ինք արցունքոտ աչքերով՝ մինչ ուրիշները ժպիտներով էին. պարզապէս զոհ մը, որ ուրիշները երջանկացնելու համար կ՚երթար ինքզինք զոհ դարձնելու:

Ուզեցի զգացումները գիտնալ. պատասխանը եղաւ Աւետարանէն.- «Ես սորվեցայ գոհ ըլլալ իմ գտնուած վիճակէս» (Փիլ. 4:11)... Անձ մը՝ որ կեանքը այլեւս ո՛չ թէ ապրում ու զգացում, այլ դարձած էր սովորութիւն ուրիշներուն ուրախութեան սիրոյն:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 7, 2022