ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ՍՐՏԱՆՑ ԵՒ ԱՆԿԵՂԾՈՒԹԵԱՄԲ ՏԱԼ ԱՌԱՆՑ ՓՈԽԱՐԷՆԸ ԱԿՆԿԱԼԵԼՈՒ
Վաղուան Ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.
Եսայիի մարգարէութենէն 19.1-11:
Պօղոս առաքեալին Գաղատացիներուն ուղղած նամակէն 2.1-10:
Մարկոսի Աւետարանէն 12.35-44:
Մարկոսի Աւետարանին տուեալ համարներուն մէջ հիմնական երեք տարբեր նիւթերու մասին կը խօսուի.
ա. Որո՞ւն Որդին է Քրիստոս (12.35-37):
բ. Զգուշացում Օրէնքի ուսուցիչներէն (12.38-40):
գ. Այրի կնոջ լումայի մասին (12.41-44):
Այսօր պիտի անդրադառնանք Այրի կնոջ լումայի մասին:
Նախ կարդանք Աւետարանական հատուածը.
«Յիսուս կեցած էր տաճարի գանձանակին մօտ եւ կը դիտէր ժողովուրդը, որ դրամ կը նետէր գանձանակին մէջ: Շատ մը հարուստներ մեծ գումարներ նետեցին: Աղքատ այրի մըն ալ եկաւ եւ նետեց երկու լումայ, որ քանի մը դահեկան կ՚ընէ: Յիսուս մօտը կանչեց Իր աշակերտները եւ ըսաւ անոնց.
-Վստա՛հ գիտցէք, որ այս թշուառ այրին բոլորէն շատ դրամ նետած եղաւ գանձանակին մէջ, որովհետեւ միւսները իրենց աւելորդ գումարներէն նետեցին, մինչ անիկա, հակառակ չքաւոր ըլլալուն, ինչ որ ունէր՝ նետեց, իր ամբո՛ղջ ապրուստը» (Մր 12.41-44):
Այսօրուան մեր ապրած ընկերութիւնը յայտնուած է ծայրայեղ վիճակի մը, գրեթէ բոլոր առումներով: Եթէ պահ մը ուշադրութեամբ քննենք մեր այսօրուան ընկերութիւնը, ապա պիտի նկատենք, որ այսօրուան մարդը իր բոլոր ընկալումներուն, համոզումներուն, որդեգրած ուղղութիւններուն մէջ միշտ ծայրայեղ վիճակներու մէջ կը յայտնուի, ըլլա՛յ հաւատքի, ըլլա՛յ բարոյականութեան, ըլլա՛յ մեղքի, ըլլա՛յ քաղաքականութեան, ըլլա՛յ հայրենասիրութեան, ըլլա՛յ մշակոյթի, ըլլա՛յ ընտանիքի-զաւակներու, ըլլա՛յ ընկերներու-բարեկամներու պարագային:
Եթէ փորձենք այս վիճակներուն պատճառը գտնել, առաջին հերթին թերեւս մեզմէ շատերու մօտ նոյն պատասխանը պիտի ըլլայ՝ «ԵՍ»ի թագաւորութիւնը, այսինքն՝ մարդու «ԵՍ»ին տիրապետումը իր ամբողջ էութեան վրայ, որ ուրիշ բանի արդիւնք չէ, եթէ ոչ Աստուծմէ հեռանալու, Աստուծոյ Աստուածութիւնը մերժելու եւ ուրանալու մեր կեանքին մէջ:
Կրնան ոմանք այստեղ առարկել ըսելով, թէ այս միտքն ալ ծայրայեղութիւն է…: Ծայրայեղութիւն կրնայ ըլլալ, եթէ մերժենք ընդունիլ մեր ազատ կամք ու բանականութիւն ունենալու հանգամանքը, այլապէս՝ ծայրայեղութիւն չի՛ կրնար ըլլալ, այլ՝ մատնանշում մը այսօրուան մեր մոլորուած վիճակին:
Արդարեւ, քրիստոնէական ընկալումով, կան որոշ առաքինութիւններ, որոնք մարդս ա՛լ աւելի կը գեղեցկացնեն, կը համեստացնեն, Աստուածանման կը դարձնեն: Այդ առաքինութիւններէն գլախաւորագոյնը ողորմութիւնն է, անկեղծ սիրտէ եւ առանց փոխադարձ ակնկալիքի կատարուած ողորմութիւնը: Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետը կը գրէ. «Ողորմութիւնը առաքինութիւններուն թագուհին է, որ շատ մեծ արագութեամբ մարդուն մինչեւ երկինք կը բարձրացնէ եւ անոր ամենէն լաւ պաշտպանը կը հանդիսանայ: Ողորմութեան թռիչքը մեծ է: Այն օդը կը ճեղքէ, լուսինէն վեր կ՚անցնի, արեւի ճառագայթներէն կը բարձրանայ՝ բուն երկինք հասնելով: Բայց այնտեղ ալ ան կանգ չ՚առներ, ընդհակառակը, երկինքը անցնելով՝ հրեշտակներուն դասերուն մէջէն, հրեշտակապետներուն կացարաններով կ՚ընթանայ ու բոլոր զօրութիւններէն աւելի վեր կ՚ելլէ՝ ներկայանալով Թագաւորի գահին դիմաց ուղղակի: Այս մէկը ուղղակի Սուրբ Գիրքէն սորվէ, ուր կ՚ըսուի. “Կոռնելիոս, քու ողորմութիւններդ Աստուծոյ առջեւ հասան” (Գրծ 10.4)»:
Մարկոսի Աւետարանին մէջ յիշատակուած Այրի կնոջ լումային դէպքը, արդարեւ, քրիստոնէական ողորմածութեան լաւագոյն օրինակներէն մէկն է, ուր տուողը՝ այրի կինը, հակառակ չքաւոր ըլլալուն, ինչ որ ունէր՝ նետեց, իր ամբո՛ղջ ապրուստը: Տա՛լ առանց սպասումի, տա՛լ նոյնիսկ վերջին դահեկանդ, տա՛լ նոյնիսկ երբ կարօտութեան մէջ ես, տա՛լ նոյնիսկ երբ դուն կարիք ունիս օգնութեան:
Տէր Յիսուս հետաքրքրական բացատրութիւն մը կու տայ Իր աշակերտներուն այրի կնոջ նուիրաբերած լումային արժէքը արժեւորելու համար: Ան կ՚ըսէ անոնց.
-Վստա՛հ գիտցէք, որ այս թշուառ այրին բոլորէն շատ դրամ նետած եղաւ գանձանակին մէջ, որովհետեւ միւսները իրենց աւելորդ գումարներէն նետեցին, մինչ անիկա, հակառակ չքաւոր ըլլալուն, ինչ որ ունէր՝ նետեց, իր ամբո՛ղջ ապրուստը:
Պահ մը տեղափոխուինք մեր առօրեայ, առաջին հերթին մեր ներաշխարհ, մեր բնաւորութեան դաշտ, մեր պահուածքի կալուածք, եւ մենք մեզի հարցնենք, մենք ի՞նչ կ՚ընենք այսօր, ինչպէ՞ս կը վարուինք, հարուստներո՞ւն նման, թէ՞ այրի կնոջ նման: Այս հարցումին ճշգրիտ պատասխանը մի միայն կրնանք տալ անհատապէս, կողմնակի եղած գնահատականները կամ գովասանքները մեր անձերուն նկատմամբ կրնան խախուտ ըլլալ՝ մեկնած ըլլալով արտաքին երեւոյթներէն, սակայն մեր ներսիդին կը ճանչնանք մե՛նք եւ մեր Տէրն ու Աստուածը, որ «սիրտերը կը քննէ» (հմմտ. Ա. Մն 29.17). եւ՝ «Տէրը գիտէ ինչ որ մարդիկ կը խորհին» (Սղ 94.11):
Միւս կողմէ, եթէ ուշադրութեամբ նայինք մեր շուրջ բոլորը, պիտի նկատենք, որ այսօրուան մարդուն համար ողորմածութիւնը վերածուած է հարսանիքի, այսինքն՝ ցուցամոլութեան, գովասանք ու շնորհակալութիւն ստանալու առիթ, փառաբանուելու եւ մեծարուելու միջոց, մոռնալով ողորմածութեան իսկական իմաստը, թէ՝ «ձախ ձեռքդ թող չգիտնա՛յ թէ ինչ կ՚ընէ աջ ձեռքդ: Այսպիսով ողորմութիւնդ գաղտնի ըրած կ՚ըլլաս, եւ քու երկնաւոր Հայրդ, որ անտեսանելի է եւ կը տեսնէ կատարածդ, քեզ պիտի վարձատրէ յայտնապէս» (Մտ 6.3-4): Այլապէս, եթէ ողորմութիւնը կը կատարուի պարզապէս մեծարուելու եւ փառաբանուելու համար, փող ու թմբուկով, մարդոց ուշադրութիւնը գրաւելու համար, ապա միայն այդ պիտի ըլլայ այդպիսիներուն վարձատրութիւնը (կարդա՛ Մտ 6.2):
Այս վիճակին պատասխանատուն գրեթէ բոլորն են, որովհետեւ այսօրուան մարդը ողորմութիւն կամ նուիրատուութիւն ստանալու համար ամէն քայլի կրնայ դիմել, ամէն տեսակի շողոքորթութեան կրնայ երթալ, միայն թէ կարենայ իր ուզածին հասնիլ: Ասոր դիմաց, «ողորմող»ներն ու նուիրատուները օգտագործելով այս հանգամանքը, կ՚ուրախանան, իրենք զիրենք լաւ կը զգան, իրենց «ես»ը շոյուած կը զգան, անգիտանալով, որ միայն ա՛յդ պիտի մնայ իրենց, եւ այս անցաւոր կեանքի աւարտին երբ ժամանակը գայ այս աշխարհէն բանժնուելու, ո՛չինչ պիտի ունենան իրենց հետ այն կողմ տանելու, մինչ բոլոր անոնք որոնք առանց ակնկալիքի կ՚ողորմին ու նուիրատուութիւն կը կատարեն, ապա կրկնապատիկը, քառապատիկը, հազարապատիկը պիտի ստանան, որովհետեւ այդպիսիները փոխանակ այս աշխարհի անցաւոր փառքին հետամուտ ըլլալու եւ ատով հարստանալու, իրենց ողորմածութեամբն ու նուիրատուութեամբը գանձեր կը դիզեն երկինքին մէջ, ուր «ցեցն ու ժանգը չեն կրնար փճացնել զայն, եւ ոչ ալ գողերը կրնան պատդ քանդելով ներս մտնել եւ գողնալ: Որովհետեւ ձեր հարստութիւնը ո՛ւր որ է, հոն կ՚ըլլայ նաեւ ձեր սիրտը» (տե՛ս Մտ 6.19-21):
Վերադառնալով Այրի կնոջ լումային, ապա այդ օրերու հրէական ժողովարաններուն մէջ կային գանձանակներ, ուր մարդիկ պարտաւոր էին իրենց նուիրատուութիւնները նետելու, որպէսզի ժողովարանի պատասխանատուները այդ հաւաքուած գումարները բաժնէին համայնքի աղքատներուն ու կարիքաւորներուն: Նոյն կերպով այսօր եւս, մեր եկեղեցիներէն ներս կան գանձանակներ եւ ամաններ, ուր հաւատացեալները կրնան, աւելի ճիշդ պարտաւոր են միշտ նուիրատուութիւններ կատարել, այն համոզումով, որ իրենց կատարած նուիրատուութիւնները պիտի ծառայեն բարի նպատակի:
Այստեղ, բնականաբար շատեր պիտի առարկեն ըսելով, թէ մարդոց մէջէն այդ վստահութիւնը կորսուած է այլեւս, որովհետեւ բազմաթիւ հոգեւորականներ, եկեղեցւոյ հովիւներ կամ թաղական-կուսակցականներ այդ հաւաքուած գումարնրերը տարբեր նպատակներով կ՚օգտգործեն եւ այդ հաւաքուած գումարները իրենց նպատակին չե՛ն ծառայեր: Արդար եւ իրաւ: Բայց այդ ի՛րենց ճիտին ծանրացող յանցանք է, որ հանդերձեալին Արդար Աստուած հազարապատիկ պատիժ պիտի հատուցէ այդպիսիներուն: Մենք դատաւորներ չենք, իսկ եթէ մեր կատարած բարեգործութիւնը, նուիրատուութիւնն ու ողորմութիւնը դատողութեամբ պիտի կատարենք, ապա երբեք չենք յաջողիր բարեգործութիւն, նուիրատուութիւն եւ կամ ողորմութիւն կատարելու: Մենք պարտաւոր ենք մեզի բաժին հասած օգնութիւնը ցուցաբերելու, մնացածը Ամենատես Աստուծոյ դատաստանին յանձնենք:
Ուրիշ տեսակի դատաւորութիւն մըն ալ կայ, այս անգամ եկեղեցիներէն ու ժողովարաններէն դուրս, անհատական գետնի վրայ: Մարդիկ կ՚ուզեն, կը փափաքին ողորմութիւն կատարել, օգնութիւն տրամադրել, սակայն մինչեւ այդ ողորմութիւնը կամ օգնութիւնը տրմադրելու, հազար ու մէկ հարցաքննութիւն կը կատարեն, կը հետաքրքրուին օգնութեան հասցէատիրոջ վիճակին, եւ այլն, եւ այլն, ու նոր միայն որոշում կը կայացնեն օգնելու կամ ոչ: Այս ուղղութեամբ կարդանք Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայարապետին գրածը այս մասին.
«Մենք չենք կոչուած՝ ուրիշներուն կեանքին դատաւոր ըլլալու, այլապէս ո՛չ ոքի ողորմութիւն կու տանք: Երբ Աստուծոյ կ՚աղօթես, միթէ չե՞ս ըսեր. “Մի՛ յիշեր մեղքերս” (Սղ 24.7): Այդպէս ալ աղքատի մասին, եթէ ան նոյնիսկ մեծ մեղաւոր մըն է, տո՛ւր անոր եւ մի՛ յիշեր անոր մեղքերը: Մարդասիրութեան եւ ողորմութեան ժամը այսօր է, այլ ոչ դատելու եւ դատաստանի խստութեան: Ան կ՚ուզէ ուտել, եթէ կը փափաքիս՝ տուր անոր, եթէ չես փափաքիր՝ հրաժարէ առանց քննելու, թէ ան ինչու աղքատ ու դժբախտ է: Ինչո՞ւ համար չես տար եւ ուրիշներն ալ կը մղես այդ բանին: Որովհետեւ, եթէ ոեւէ մէկը քեզմէ լսէ, թէ այս աղքատը խաբեբայ է, կեղծաւոր, վաշխառու, այդ ատեն ո՛չ ատոր ողորումութիւն կու տայ, ոչ ալ միւսներուն, մտածելով թէ անոնք բոլորն ալ այդպիսին են: Յայտնի է, թէ ի՜նչ դիւրութեամբ կը հաւատանք վատ բաներուն, եւ ի՜նչ դժուարութեամբ՝ լաւ բաներուն: Մենք ո՛չ միայն պէտք է ողորմած ըլլանք, այլ՝ այնպէս, ինչպէս մեր երկնաւոր Հայրն է (Մտ 5.48): Ան նաեւ կը սնէ անառակները եւ շնացողները: Ձգենք այդ անտեղի, սատանայական, կործանարար խտրականութիւնը: Եթէ ոեւէ մէկը սնունդ կը խնդէ, ապա մի՛ քններ, այստեղ դուն այնքան չես տար, ինչքան դուն կը ստանաս»:
Աւարտենք դարձեալ մէջբերելով Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետին գրութենէն հատուած մը, ուր կը խօսի Եղիա մարգարէին հիւրընկալած աղքատ այրի կնոջ մասին, որ նոյնքան կը վերաբերի Աւետարանին մէջ յիշատակուող այրի կնոջ.
«Մարմնաւոր ձեռքերդ ջուրով լուացի՞ր, հոգեւոր ձեռքերդ ողորմութեամբ լուայ: Աղքատութիւնդ մի՛ պատճառաբաներ: Այրի կինը իր ծայր աստիճան աղքատութեան մէջ Եղիային իր տուն հրաւիրեց, եւ աղքատութիւնը արգելք չհանդիսացաւ անոր, այլ՝ մեծ ուրախութեամբ ընդունեց եւ արժանի պտուղը ստացաւ՝ ողորմութեան հունձքը հաւաքելով: Ի՞նչ է, Եղիան կը փնտռես: Եղիային Տէրը կու տամ քեզի, եւ չես կերակրեր զԻնք: Քրիստոս Տէրը ըսաւ. “Ով որ այս փոքրիկներէն մէկուն տուաւ, Ինծի տուաւ”: Եթէ թագաւորը ընթրիքի կանչէ ինչ որ մէկուն եւ իր ծառաներուն ըսէ՝ “շնորհակալ եղէք իմ փոխարէնս, ամէն կերպով գոհացուցէք այս մարդուն, քանի որ ան կերակրեց եւ ընդունեց զիս իր տունը, երբ ես աղքատութեան մէջ կը գտնուէի, ան ինծի մեծ բարիքներ ըրաւ՝ կարիքաւորութեանս ժամանակ”: Ամէն մէկն ալ իր հարստութիւնը կը դնէր եւ իր բոլոր դրամները կը ծախսէր անոր համար, որուն թագաւորը իր երախտագիտութիւնը յայտնած է: Միթէ՞ բոլորն ալ չէին փափաքիր մօտնալ ու բարեկամանալ անոր հետ: Եւ եթէ թագաւորը, մարդ ըլլալով, այդպիսի պատիւ ունի, դուն քեզ պատկերացուր, թէ Քրիստոս այն օրը՝ բոլոր հրեշտակներն ու բոլոր զօրութիւնները կանչելով, կ՚ըսէ. “Այս մարդը երկրի վրայ զիս իր տունը ընդունեց, անիկա ինծի բազմաթիւ բարեգործութիւններ ցոյց տուաւ, ան ընդունեց զիս՝ Օտարականիս”: Այդ ատեն պատկերացուր անվեհերութիւնդ հրեշտակներուն մէջ, խնդութիւնդ՝ հրեշտակներու դասերուն հետ: Այսպէս, եղբայր, ողորմութիւնը մեծ գործ է: Սիրէ՛ զայն, որու հաւասար ոչինչ կայ, ան կարող է ե՛ւ հարթել մեղքերը, ե՛ւ դատաստանէն ազատել: Դուն լուռ կանգնած ես, իսկ Ան կանգնած ու կը պաշտպանէ քեզ, երբ դուն դեռ կը լռես, հազարաւոր բերաններ շնորհակալ կ՚ըլլան քեզմէ: Ինչքա՜ն բարիք կ՚ըլլայ ողորմութենէն, իսկ մենք կը ծուլանանք եւ հոգ չենք ըներ: Հնարաւորութեան չափով հաց տուր: Հաց չունի՞ս, գրոշ մը տուր: Ա՞յդ ալ չունիս, բաժակ մը պաղ ջուր տուր: Ա՞յդ ալ չկայ՝ տարաբախտին հետ լաց եւ պարգեւ կը ստանաս, քանի որ պարգեւը ստիպողաբար տալու ժամանակ չի տրուիր, այլ՝ բարի կամեցողութեան ժամանակ»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
2 հոկտեմբեր 2022, Վաղարշապատ
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024