ԹԱՐԳՄԱՆԻՉ ՎԱՐԴԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ԱՆԳՆԱՀԱՏԵԼԻ ՎԱՍՏԱԿԸ

Երբ այս տողերը կը գրենք հայերէն տառերով, եւ դուք, սիրելի՜ ընթերցողներ, կը կարդաք զանոնք, ասիկա կը պարտինք Ս. Սահակ Պարթեւի եւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի, եւ երբ կ՚ընթերցենք Սուրբ Գիրքը հայերէն լեզուով, կը պարտինք Թարգմանիչ վարդապետներու՝ որոնք կը յիշենք երախտալից սրտով եւ կը խոնարհինք անոնց այս կենարար ժառանգութեանը առջեւ։

Գիտէ՞ք սիրելիներ, ի՞նչ է մեր յատկանշական թերութիւններէն մին։ Մենք, ընդհանրապէս, կը ձեռնարկենք եւ կը սկսինք բարեբեր գործի մը՝ մեծ ոգեւորութեամբ, մեծ խանդավառութեամբ կ՚ընդունինք զայն, բայց անիկա տեւականացնելու մէջ կը թերանանք։ Զոր օրինակ, պատմական կարեւոր դէպք մը կը յիշատակենք, մեծ խանդավառութեամբ կը տօնենք… եւ յետոյ կը մոռնանք, մինչեւ յաջորդ անգամ որ առիթ մը ներկայանայ։ Ի՞նչ կը խորհիք, կը սխալի՞մ արդեօք։

Երբեք չեմ մոռնար, օր մը երբ իմ մտերիմ եւ սիրելի բարեկամներէս մէկուն, հաւանաբար ինքն ալ պիտի յիշէ, անուան տօնը շնորհաւորելու նպատակով ըսած էի. «Անունդ կը շնորհաւորեմ», եւ ան իմաստալից շեշտով մը պատասխանած էր. «Ամէն օր իմ անունս է…». կարծես շառաչիւն ապտակ մըն էր երեսիս այդ ազդու պատասխանը։ Անմիջապէս անդրադարձայ՝ ո՛չ թէ անունը, այլ «անուան յիշատակի օր»ը պէտք էր որ շնորհաւորէի, քանի որ «անուն»ը ամէն օրուան է։

Բայց հարցը սա է, սիրելիներ, մենք պէ՞տք է որ որեւէ դէպք կամ անձ յիշենք միայն որոշ օրերու, չըսելու համար «պարտադրուած օրերու»։

Ինչպէս յայտնի է, կը մատնանշենք «Հայ տառերու գիւտին եւ գիւտարարներուն նուիրուած» եւ «թարգմանութեան եւ Ս. Թարգմանիչներու նուիրուած» տօներուն, այդ առթիւ ապրուած արդար ոգեւորութեան եւ տպաւորիչ խանդավառութեան։

Երախտապարտ ենք անոնց, շա՜տ բան կը պարտինք անոնց մեր մտային եւ հոգեկան զարգացման եւ ազնուացման տեսակէտէ։ Տարակոյս չկա՛յ անշուշտ։ Բայց հարցը սա է սիրելիներ, տարին միայն երկու օ՞ր, երկու անգա՞մ. չէ՛ որ այդ դէպքը ամէն օր, ամէն պահ կ՚իրականանայ, կը ներկայանայ մեզի, ամէն անգամ որ տող մը կը գրենք եւ էջ մը կը կարդանք։

Ճաշելէ առաջ եւ ճաշի աւարտին կ՚աղօթենք. բարեպաշտական սքանչելի՜ երեւոյթ։ Բայց արդեօք կը խորհի՞նք աղօթել գրութեան մը կամ ընթերցումի մը սկսելէ առաջ եւ երբ կ՚աւարտենք զանոնք։ Եւ երբ երախտագիտութիւն կը յայտնենք եւ կ՚աղօթենք մեր «ստամոքս»ին համար, այլապէս ինչո՞ւ երախտապարտութիւնը չենք յայտներ մեր մտքին եւ հոգւոյն համար։ Որովհետեւ, մարդուս համար ինչ որ է ստամոքսը, նոյնն է միտքը եւ հոգին։ Գրելէ կամ կարդալէ առաջ, եւ վերջաւորութեան, ո՛չ թէ երկար աղօթք, այլ պարզապէս «փառք տալ», եւ այդքան։ Ստամոքսի անօթութիւնը շատ բնական է, եւ ամէն մարդ որ կ՚ապրի, կը զգայ այդ, եւ ինչպէս ծարաւը, բայց մտքի եւ հոգիի անօթութեան եւ ծարաւին, դժբախտաբար, չեն անդրադառնար ոմանք, եւ մտքով եւ հոգւով միշտ անօթի եւ ծարաւի կը մնան, եւ չեն զգար իսկ իրենց անօթութիւնը եւ ծարաւը։

Մենք վկայած ենք մարդոց, որոնք, երբ կը տօնուի «Հայ Գիրերու Գիւտի յիշատակութիւն»ը կամ «Թարգմանիչ Վարդապետներու յիշատակ»ը, զարմացած հարցուցած են, թէ ինչո՞ւ է այդ ոգեւորութիւնը, խանդավառութիւնը, եւ անոնք իրենք զիրենք «Հայ քրիստոնեայ» կը կարծեն։ Վերացական երեւոյթ եւ ո՛չ թանձրացեալ ճշմարտութիւն…։

Ինչպէ՞ս չոգեւորուին, ինչպէ՞ս չխանդավառուին «Հայ քրիստոնեայ»ներ, երբ «գիրը գտնուեցաւ» եւ «Գիրքը հայացա՛ւ» գիրերու գիւտով եւ Սուրբ Գիրքի թարգմանութեամբ։ Հայ գիրին արժէքին եւ կարեւորութեան գիտակցութիւնը ունեցողներ միայն կրնան հասկնալ անոնց անհրաժեշտութիւնը՝ հայ մշակոյթի գոյապահպանման եւ գոյատեւման կենսական հարցին նկատմամբ։

Դողը՝ սրտին, կասկածը՝ մտքին, տակաւին կը յամառինք անտարբեր վարուիլ մեր գիրին հանդէպ եւ չըսելու համար «կը ստորադասենք», կարեւորութիւն եւ արժէք չենք տար Հայ գիրին, անոր գիւտին, եւ կատարուած թարգմանութիւններուն, որոնք բխեցան մեծ միտքերէ, ազնիւ հոգիներէ։

Եւ մենք վկայած ենք ի՜նչ դէպքերու, ի՜նչ անձերու, որոնք թէեւ հեռու գիրէն եւ գիրքէն, պաշտելու աստիճան փարած են Գիրին եւ Գիրքին, սուրբ նկատած են Գիրը եւ Գիրքը եւ անոնք դրած են իրենց արժանի տեղը՝ իրենց սրտերուն մէջ, ընդունած են անոնք իբրեւ «Սուրբ Մասունք»։

Գիրը եւ Գիրքը բաւարար չեղան Հայ Թարգմանիչ Վարդապետներուն համար։ Անոնք անհրաժեշտ նկատեցին գործի՝ կեանքի վերածել Գիրը եւ Գիրքը, քանի որ ա՛յս կը պահանջէր թէ՛ բանականութիւնը եւ թէ՛ խիղճը։ Առանց գործադրելու եւ օգտագործուելու որեւէ արժէք չէր կրնար ըլլալ ճշմարիտ «արժէք»։ Արդարեւ, մա՛րդն էր կարեւորագոյնը անոնց համար՝ ապագան եւ անշուշտ ապագայ սերունդը։ Եւ ահաւասիկ այս մտադրութեամբ եւ դիտաւորութեամբ անոնք լծուեցան թարգմանութեան մեծ եւ արդիւնալի գործին։ Հեռատես իմացողութեամբ առաջնորդուած թարգմանիչներ, այս կերպով ոգիով սկսան «թարգմանչական առաքելութեան»։ Մասունքը (relique) պէտք էր տարածուեր, եւ փոխանակ «relique»ի՝ մասո՛ւնք ճանչցուէր։

Արդար եւ անկեղծ ըլլանք՝ հաշուեյարդար մը կատարենք մենք մեզի, եւ տեսնենք, թէ այս տարի քանի՞ օր հայերէն թերթ կարդացեր ենք - հետեւելով արուեստաբանական նորութիւններու՝ թէ՛ իբրաւ լրագիր եւ թէ՛ համացանցի վրայ, որու ստիպուած երբեմն մե՛նք ալ կը հետեւինք - եւ քանի՞ հայերէն գիրք ենք կարդացեր։ Անշուշտ ասիկա շատերու տարօրինակ հարցում մը կ՚երեւի, քանի որ լուրեր արդէն ուրիշ աղբիւրներէ կը ստացուի, քանի որ հեռացոլ եւ համացանց կայ, որոնցմէ լուրեր կ՚առնուին իր իսկ պահուն, իսկ գալով ինքնատիպ, բնագիր գրութիւններու… «կ՚արժէ՞ արդեօք անոնց համար հայերէն թերթ առնել եւ կարդալ…», պիտի խորհէին ոմանք, չեմ գիտեր, դո՛ւք ի՞նչ կը խորհիք անոնց մասին, քանի որ սա պահուս հայերէն թերթ մը ունիք ձեր ձեռքը կամ համացանցի վրայ՝ ձեր դէմը։

Սիրելի՜ներ, հայերէն կարդալ կը սկսուի հայերէն թերթ կարդալով, հոգ չէ որ ան շատ ալ շահեկան չգայ ընթերցողին. հայ գիրին ծանօթանալու «սպասման սրահ»ն է հայերէն թերթը. տեսէ՛ք, այս գրիչն ալ քայլ յարմարցնելով արդիականացումի տակաւ առ տակաւ կը հետեւի հայ գիրին՝ համացանցի վրայով նաեւ, ան որ նորութիւններու քայլ չի կրնար յարմարցնել՝ ամլութեան կը մատնուի եւ դասալիք կ՚ըլլայ, եւ ուրեմն, ո՛ւր որ է հայ գիրը եւ հայ գիրքը, հո՛ն պէտք է ըլլայ թէ՛ մեր միտքը, թէ՛ մեր սիրտը…։

Երբեմն բարեմտօրէն կը յորդորենք մեր շուրջիններուն՝ հայերէն թերթ եւ գիրք կարդալ. շատ բարենպատակ շարժում մը… բայց գիտէ՞ք թէ ի՛նչ կ՚ընենք, ո՛չինչ, որովհետեւ մենք չենք կատարեր ա՛յն՝ ինչ որ կ՚ուզենք որ ուրիշները կատարեն, եւ կը նմանինք այն հօր, որ տղուն կը յորդորէ չծխե՛լ՝ իր մատներուն միջեւ ծխախոտի գլանիկով մը։ Եւ դարձեալ այն մօր, որ կը պատուիրէ իր տղուն հայերէն խօսիլ, բայց այդ պատուէրը կու տայ ո՛չ հայերէնով՝ տարբեր լեզուով…։

Հայ գիրը եւ գիրքը փառաբանելու համար, ուրեմն բաւարար պէտք չէ ըլլայ երկու օր զանոնք յիշել, եւ ո՛չ ալ «մշակոյթի շաբաթ» մը ապրիլ առանց մշակոյթի գիտակցութեան՝ մեքենաբար, միայն ըսուածները ընելով…։ Պէ՛տք է այդ ոգին ներշնչել. թէ ինչպէ՞ս։ Ծանօթացնելով հայ գիրը, անոր նա՛խ ինք ծանօթանալով։ Մարդ կրնայ քարոզել բան մը՝ որ արդէն իրեն անծանօթ եւ օտար է։ Ծանօթանալով սիրենք եւ սիրելով ծանօթանանք. Հայ գիրը կ՚արժէ այս բոլորին։

Թարգմանչաց տօնը Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի տօնն է, եւ տօնն է բոլոր իր ընկերներուն, գործակիցներուն, լծակիցներուն, որոնք յետագային «Թարգմանիչներ» կոչուեցան, Եզնիկ Կողբոցին, Յովսէփ Պաղնացին, Կորիւն Սքանչելին, Ղեւոնդ Վանանդեցին, Յովհան Եկեղեցացին, իրենց անկրկնելի առաջնորդովը եւ ղեկավարովը՝ Սահակ Պարթեւ Կաթողիկոսովը։

Արդարեւ, մշակոյթի գործիքը՝ հայերէն լեզո՛ւն է, ոսկեղնիկ լեզուն, եւ եթէ Աստուած փառաբանուի, աղօթք արտասանուի, օրհնութիւն տրուի, ամէն բանէ աւելի քաղցր է։

Թարգմանիչներ իրենց անգնահատելի վաստակով, այսօր մեզի սա յստակ պատգամը կու տան. առանց Քրիստոսի մշակոյթը «դատարկ մշակոյթ» է, ուստի, հայերէն գիրերը գտնուեցան որպէսզի Սուրբ Գիրքը թարգմանուի եւ ո՛չ թէ Աստուծոյ դէմ անտարբերութիւն, ըմբոստութիւն եւ թշնամութիւն արտայայտուի։ Արդարեւ, բոլորիս ծանօթ է. Սուրբ Գիրքի թարգմանուած առաջին խօսքն է. «Իմաստութեան սկիզբը Տէրոջը վախն է». (ԱՌԱԿ. Ա 7)։ Այստեղ, «վախ» բառին տեղ կը գործածուի «երկիւղ» բառը, որ շատ աւելի իմաստալից է եւ խորունկ նշանակութիւն մը ունի։ Այդ «վախ» չէ՛ իր ընդհանրապէս գործածուած իմաստով, այլ՝ ակնածանք, սիրով եւ յարգանքով մօտեցում մը Անձի մը, որ կը ճանչնաք իբրեւ Հա՛յր։ Ուրեմն, ինչպէս որ հօր մը հետ կը խօսուի մտերմաբար, անկեղծ եւ հարազատ լեզուով, պէտք է խօսինք եւ աղօթենք նաեւ մե՛ր լեզուով, աղօթք կարդանք եւ արտասանենք մե՛ր լեզուով, քանի որ անիկա աւելի՛ հարազատ հանգամանք մը կը ստանայ…

Հետեւի՜նք Թարգմանիչ Վարդապետներու՝ գիտութեան, իմաստութեան եւ լոյսի հասնելու համար։

Աղօթք բոլոր թարգմանիչներուն…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 6 2022, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 8, 2022