ԱՆՇՆՈՐՀԱԿԱԼ ՉԸԼԼԱՆՔ

Կը կասկածիմ որ աշխարհի վրայ գոյութիւն ունենայ մարդ՝ որ հաճոյք կը ստանայ ապերախտութիւն տեսնելէ եւ հաւանաբար հազուագիւտ երեւոյթներէն մէկն է ապերախտութիւնը, որ մարդոց միջեւ կը մնայ որպէս հասարակաց կէտ՝ ի տարբերութիւն միւս երեւոյթներուն:

Մեզմէ իւրաքանչիւրը Ատըրպետի գրած «Տժվժիկ»ի Նիկողոս աղան է, որ կ՚ուզէ յիշուիլ նոյնիսկ իր կատարած մէկ աննշմար արարքին համար, որովհետեւ մարդկային ԵՍը սիրահար է այդ ցուցադրական փաղաքշանքին: Սակայն տարօրինակը այն է, որ հակառակ մարդուն ապերախտութեան հանդէպ ունեցած ատելութեան նոյնքան կառչած կը մնայ այդ ախտին, որովհետեւ ապերախտութեան հանդիպիլն է որ զիրենք կը նեղացնէ եւ ո՛չ թէ ապերախտութիւն ի գործ դնելը:

Մարդ արարածը ապերախտութեան հանդէպ իր ունեցած ատելութեամբ հանդերձ ապերախտ է նախ թէ՛ իր նմանին եւ թէ՛ արարիչին հանդէպ. համատարած այս ապերախտութեան պատճառը ինքնասիրութիւնն է, որովհետեւ մարդ արարածը, մանաւանդ ներկայ դարուս շնորհակալութեան մէջ ստրկութիւն մը կը տեսնէ, ինչ որ ինքնաբերաբար զինք կ՚առաջնորդէ ապերախտութեան:

Այս նիւթերուն մասին աւելի մտածել սկսած եմ, երբ հանդիպած եմ իրարմէ ամբողջութեամբ տարբեր երկու ընտանիքներու. առաջին ընտանիքը նիւթապէս աղքատ ընտանիք մըն է, զուրկ մարդկային ամենէն պարզ պայմաններէն, իսկ միւս ընտանիքը առաջինին հակառակ հարուստ եւ ունեւոր՝ մեծ գումարներու եւ հարստութեան տէր: Նման երկու ընտանիքներու մասին գրած կամ կարդացած ժամանակ հաւանաբար առաջինը որպէս դժբախտ, իսկ երկրորդը որպէս բախտաւոր ներկայանայ մեր մտապատկերին մէջ, որովհետեւ աշխարհը այդպէս համոզած է մեզ, թէ հարստութեան տէրը բախտաւոր է: Կեանքի այս սխալ ուսուցումին հակառակ վերոյիշեալ երկու ընտանիքներուն մօտ տեսած եմ հակառակ պատկեր մը. նիւթապէս աղքատ ընտանիքը իր կարելին կ՚ընէ նոյնիսկ առանց առիթի տունին մէջ երգելու եւ համեստ քէֆ մը կազմակերպելու, պարելու եւ ժպտալու, մինչ այս «դժբախտներուն» հակառակ հարուստ ընտանիքը կ՚ապրի ճահճացած, անկենդան կանքով մը՝ ուր ո՛չ ժպիտ եւ ո՛չ ուրախութիւն գոյութիւն ունի:

Երկու ընտանիքներուն հետ հաղորդակցելու ժամանակ պիտի նշմարէք, որ հարստութեան տէր եղող ընտանիքը կեանքէն շա՛տ աւելի բողոքներ, տրտունջներ ունի՝ քան աղքատ ընտանիքը եւ այս առեղծուածն է, որ մարդոց յաճախ մտածել կու տայ, թէ դրամն ու հարստութիւնը իրապէս երջանկութիւն կը բերե՞ն:

Մարդ արարածը կեանքի ուրախութիւնը կը կապէ հարըստութեան, որովհետեւ կեանք մը ամբողջ կը պայքարի մի միայն այդ հարստութեան հասնելու համար եւ անոր տիրանալը կը դարձնէ կեանքի նպատակ, մոռնալով որ կեանքը ունի տարբեր առաջնահերթութիւններ, որոնք կ՚իմաստաւորեն մարդուն կեանքը:

Վերջին տասնեամեակին տեսերիզի աշխարհը իր բոլոր ոլորտներով ուժ տուաւ մարդ արարածին ցոյց տալու համար հարուստ ընտանիքներու մէջ գոյութիւն ունեցող վիշտերն ու տխրութիւնները, ըսել ուզելու որ հարստութիւնը չէ՛ որ մարդուն ուրախութիւն կը բերէ. աչքէ անցուցէք թրքական, արաբական, հնդկական եւ այլ երկիրներուն յայտնի ժապաւէնները եւ պիտի նկատէք որ հարուստ ընտանիքներու մէջ գոյութիւն ունեցող թշուառ պատահարներու մէկ ամփոփումն են:

Բոլոր անոնք որոնք աղքատ են, կը կարծեն որ հարստութեան տիրանալով տարբեր գերերջանիկ կեանք մը պիտի ապրին, սակայն անոր հասնելէ ետք կը նկատեն, որ իրականութեան մէջ այդ նիւթականը չէ որ կեանքը կ՚իմաստաւորէ եւ որոշ ժամանակ ետք «տեսած չըլլալ»ու ժամանակաւոր ուրախութիւնը անցնելէ ետք ինքզինք կը գտնէ ա՛յն վիճակին մէջ՝ ինչի մէջ կը գտնուէր նախապէս:

Նման նիւթերու պարագային մարդիկ կը բաժնուին տարբեր խումբերու. գոյութիւն ունի խումբ մը, որ հակառակ բոլոր բարիքներուն դժգոհելու եւ տրտնջալու առիթ մը ունի. այս մէկը շատ անգամ ծնունդն է «աչքով կ՚ուտեն»ի համոզումին, որ կարծել կու տայ, թէ յաջողութիւններու յայտարարութիւնը զանոնք ձախողութեան կ՚առաջնորդեն: Լիբանանի մէջ հանդիպած եմ արհեստաւորի մը, որ առիթ բաց չէր թողեր բողոքելու անգործութեան եւ տնտեսական տագնապին մասին, սակայն նոյնպէս բաց չէր թողեր առիթը եւրոպական եւ ամերիկեան երկիրներու մէջ արձակուրդ մը անցընելու, որովհետեւ որոշ ժամանակ ետք այդ «լալ»ը կը վերածուի սովորութեան եւ մաս կը կազմէ իր բնական առօրեային:

Կայ այլ խումբ մը, որ ամէն տեսակ դժուարութեան կ՚ուզէ ինքզինք ապահով ցոյց տալ. այս մէկը եւս ունի իր տարօրինակութիւնը, որովհետեւ մարդ արարածը ամօթ կը զգայ ձախողութենէն եւ հակառակ իր ահռելի տնտեսական ու մարդկային դժուարութիւններուն կ՚ուզէ, որ մարդիկ զինք տեսնեն կանգուն վիճակի մէջ. օրինակը տամ այսպէս. մի քանի տարի առաջ լիբանանահայ ընտանիք մը դժուարութիւն ունեցաւ իր տան ծախսերը հոգալու եւ ելեկտրականութիւն վճարելու, սակայն երբ ծանօթներով որոշուեցաւ դաշտագնացութեան երթալ, ամէ՛ն ջանք ի գործ դրաւ երթալ մասնակցելու, պարզապէս մարդոց բամբասանքին չենթարկուելու համար. ահաւասիկ առաջին խումբին ամբողջութեամբ հակառակ բնաւորութիւն մը:

Թէ՛ առաջինը եւ թէ՛ վերջինը կ՚ապրին ո՛չ թէ իրենց՝ այլ մարդոց համար, որպէսզի առաջինին հարստութիւնը աչքով չուտեն, իսկ երկրորդին աղքատութիւնը չբամբասեն: Արդեօք աշխարհի վրայ պիտի գա՞յ ժամանակ, երբ մարդիկ ամբողջութեամբ հասկնան, որ նիւթականը պարզապէս ժամանակաւոր միջոց մըն է եւ ժամանակաւորը միա՛յն ժամանակուան մը համար կրնայ ուրախութիւն պատճառել մարդուն:

Հարստութիւն ունեցող մարդը կրնայ աշխարհի ամենէն հարուստ հարսանիքներէն մէկը կազմակերպել, սակայն ա՛յնքան ուրախ ժամանակ չանցընել ինչքան աղքատ զոյգ մը, որովհետեւ նիւթականը այդ բոլորին պարզապէս արտաքինն է որ կրնայ ապահովել, մինչ ոգին ու մթնոլորտը այդ բոլորէն աւելի վեր ու բարձր կը մնան:

Ի՜նչ առեղծուած է կեանքը. հանդիպած եմ հարուստներու, որոնք երանի կարդացած են աղքատի մը համար եւ նոյն ժամանակ այդ նոյն աղքատէն երանի՜ մըն ալ լսած եմ փոխադարձ՝ հարուստին հասցէին ուղղուած, որովհետեւ ո՛չ հարուստը իր հարստութեանը մէջ եւ ո՛չ ալ աղքատը իր աղքատութեանը մէջ հանգիստ է եւ այս անշնորհակալ ընթացքն է, որ մարդս կը դարձնէ դժբախտ, որովհետեւ ամէն մէկը իր ունեցածին համար շնորհակալ չ՚ըլլար:

Մեր մաղթանքն է, որ մարդ արարածը սկսի գիտակցիլ, որ դժբախտութիւնը սկիզբ կ՚առնէ հոն՝ երբ ժամանակաւորին համար կը զոհենք ժամանակաւորը եւ աւարտին կը կորսնցնենք թէ՛ ժամանակաւորը եւ թէ՛ անժամանակը:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -66-

Դպրոցական օրերուն մեզի կը սորվեցնէին մրցիլ ու համեմատուիլ մեզմէ լաւերուն հետ, որովհետեւ կը հաւատային թէ այդպիսով աշակերտը աւելի լաւ պիտի սերտէ ու պատրաստէ իր դասերը՝ ինքզինք մրցակից ընտրելով իրմէ աւելի լաւ ու իմաստուն մէկը:

Ցաւ ի սիրտ, դպրոցական գրասեղաններէն բաժնուելէ ետք եւս մարդ արարածը կը շարունակէ ինքզինք որպէս մրցակից տեսնել իրմէ լաւին ու հարուստին. նման մարդիկ մի՛շտ կը բողոքեն, որովհետեւ իրենց ունեցածը գնահատելու անկարող՝ կը հետեւին մրցիլ իրենցմէ աւելի բարձրին հետ։ Նմաններուն յաճախ կը յորդորեմ պակասներու փոխարէն տեսնել առաւելութիւնները, ինչ որ ուրիշներ չունին եւ ինք պարտաւոր է այդ բոլորը նկատել որպէս բախտաւորութիւն:

Անցեալները տուն տեղ ունեցող մարդ մը կը բողոքէր կեանքի դժուարութիւններուն համար. յիշեցուցի իր բարեկամներէն մէկը եւ խնդրեցի ինքզինք համեմատութեան դնէ ա՛յդ բարեկամին հետ՝ որ տուն ու տեղ չունենալով երանելիի դիրքին մէջ կը տեսնէ բողոքողը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2022