ՀՐԱՉԵԱՅ ԱՃԱՌԵԱՆԻ ԸՆՏԻՐ ԹՐՔԵՐԷՆՈՎ ԶԵԿՈՅՑԸ՝ ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ

1926 թուականին, օր մը պոլսահայ մեծ լեզուաբան ու բանասէր Հրաչեայ Աճառեանը (որ արդէն հաստատուած էր Հայաստան) կը կանչեն այդ ժամանակուայ Հայաստանի պետական կառոյցներէն մէկը, որ կը կոչուէր Լուսաւորութեան ժողովրդական վարչութիւն, իսկ այդ վարչութեան ղեկավարն էր Ասքանազ Մռաւեան: Մռաւեան կը յայտնէ, որ Աճառանը պէտք է մեկնի Պաքու՝ այնտեղ կայանալիք համագումարին որպէս Հայաստանը ներկայացնող երեսփոխան: Կը ձեւակերպուի գործուղղում, Աճառեանին որպէս ծախս կը տրամադրեն 50 ռուբլի գումար եւ ան կը մեկնի Պաքու: Աճառեան կ՚իջնէ իր կնոջ հօրենական տունը եւ մինչեւ վերադարձը կը մնայ այնտեղ: Համագումարին բացման օրը անուանի լեզուաբանը կը շտապէ համագումարին վայրը, մոռնալով սակայն իր հետ վերցնել հրաւիրատոմսը: Կը մօտենայ դահլիճի դրան, իսկ հսկիչներ կ՚ուղղորդեն զայն դէպի դահլիճի ետեւի մուտք, կը ստիպեն ներս մտնել հոնտեղէն, իսկ ներս մտնելու համար ալ ան պէտք է ծռէր եւ մուտքը փակելու համար դրուած տախտակի տակէն անցնէր: Աճառեան կը զայրանայ.

-Քանդեցէ՛ք այդ տախտակը, մա՞րդը պէտք է ենթարկուի տախտակին, թէ՞ տախտակը մարդուն։

Ապա գրութիւն մը կը գրէ համագումարի նախագահութեան եւ կը յայտնէ, թէ այսպիսի վերաբերմունքը չի կարծեր, որ Հայաստանին վերաբերի, այլ կը վերաբերի իրեն, ուստի ներկայ պիտի չըլլայ համագումարին։ Գրութեան մէջ ան կը նշէ նաեւ տունին հասցէն, ուր որ կը մնայ եւ կ՚երթայ տուն: Ճանապարհին կը հանդիպի ծանօթի մը եւ կը պատմէ եղածը: Վերջինս կ՚ըսէ. «Դուք քաղաքական լուրջ սխալ գործած էք»։ Աճառեան շատ կը վախնայ, կ՚երթայ տուն եւ կը սպասէ, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ: Մէկ ժամ չանցած երկու մարդ կ՚այցելեն եւ զայն կառքով կը տանին համագումարին վայրը: Դահլիճի մուտքին իրմէ ներողութիւն կը խնդրեն, որ չեն ճանչցած, ներս կը տանին եւ կ՚առաջարկեն նստիլ նախագահութեան սեղանի շուրջը։ Բայց Աճառեան կը խնդրէ եւ կը նստի դահլիճին մէջ: Երբ իր կարգը կը հասնի, վեր կը կենայ եւ Պոլսոյ ընտիր թրքերէնով կը կարդայ իր զեկոյցը: Ամէն մարդ կը հիանայ, կը զարմանայ եւ կ՚ուզեն գիտնալ, թէ ո՞վ է Հայաստանի պատուիրակը, որ այդքան լաւ կը տիրապետէ թրքերէնին։ Զեկուցումէն յետոյ համագումարի նախագահութեան նախագահ Շէյխզատէն Աճառեանին կ՚ըսէ.

-Մենք (նկատի ունենալով հայերն ու թուրքերը) կենցաղով, բնաւորութեամբ, հագուստով, ճաշակով, ուտելիքով մօտ ենք իրարու: Մնացէ՛ք մեր մօտ, աշխատեցէ՛ք։ Մենք ձեզի նման մարդիկ քիչ ունինք, գրեթէ չունինք։ Ինչպիսի պայմաններ որ ուզէք, մենք կը ստեղծենք ձեզի համար, միայն համաձայնուեցէ՛ք։

Աճառեան կը պատասխանէ.

-Ես կը դասախօսեմ Հայաստանի համալսարանը, չեմ կրնար:

-Հոս ալ համալսարան կայ, հոս ալ կրնաք դասախօսել,- կ՚ըսէ առաջարկողը:

-Բայց հոն Հայաստան է,- կ՚ըլլայ Աճառեանին պատասխանը։

-Հոս ալ Հայաստանի նման բան մըն է, հայերը մեզմէ շատ են: Մենք հարազատ չունինք, օտար մշակոյթին կուլ կ՚երթանք։ Գոնէ քանի մը անգամ եկէ՛ք, դասախօսութիւններ կարդացէ՛ք մեզի համար։

Աճառեան կտրական կերպով կը հրաժարի՝ ըսելով.

-Նախկին ուսանողներէս կը ղրկեմ: Ժամանակ չունիմ: Ես պէտք է հայոց լեզուի «Արմատական բառարան» կազմեմ, 562 լեզուներու համեմատական քերականութիւն կազմեմ…

Համագումարը կը վերջանայ, Աճառեան կը վերադառնայ Երեւան եւ կը ներկայանայ Մռաւեանին, կը զեկուցէ տրուած առաջադրանքի կատարման մասին եւ կը վերադարձնէ 50 ռուբլին։

-Այս ի՞նչ գումար է,- կը հարցնէ վարչութեան պատասխանատուն:

-Մոռցա՞ք, գործուղման ժամանակ տուած էիք,- կը յիշեցնէ Աճառեան:

-Ատիկա ձեր ծախսերուն համար էր, վերցուցէ՛ք,- կ՚ըսէ Մռաւեան:

-Ի՞նչ պիտի ծախսէի, թուրքերը զիս լաւ կը հիւրասիրէին, իսկ գիշերներն ալ կը մնայի իմ կնոջս հօրենական տունը, ծախսելու կարիք չկար։

-Բայց ես ինչպէ՞ս ետ վերցնեմ Ձեր անունով դուրս գրուած գումարը,- շուարած կ՚ըսէ Մռաւեան։

-Դրամը տալը գիտէք, իսկ ետ վերցնել չէ՞ք գիտեր,- բարկացած կ՚ըսէ Աճառեան,- ինչպէս կ՚ուզէք, վերցուցէք, միայն թէ զիս ազատեցէք այս գումարէն, ասիկա իմս չէ, ինծի դրամ պէտք չէ։

Մռաւեան ճարահատ կը կանչէ գրադարանապետը եւ կը կարգադրէ այդ գումարով գիրք գնել։ Ապա Աճառեանէն կը վերցնէ գրութիւն մը, որով Աճառեան կը փաստէ, որ իրեն պարտական չեն մնացած, իրեն ալ անդորրագիր մը կու տան՝ ետ վերադարձուցած 50 ռուբլիի համար։

-Վերջապէս այդ բեռէն ազատուեցայ,- կ՚ըսէ Աճառեան եւ հանգիստ հոգով տուն կ՚երթայ:

ՀԱՅ ԶԲՕՍԱՇՐՋԻԿՆԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԱՃԱՌԵԱՆԻՆ

Հրաչեայ Աճառեանի երկրորդ կնոջը՝ Սոֆիկին, բաժին ինկած է Աճառեանի կեանքին ամենէն դժուար շրջանը, բայց ան տոկացած է եւ նոյնիսկ կրցած է յուշերուն գիրքը շարադրել: Սոֆիկ իր յուշերուն մէջ կը գրէ, որ 1935 թուականին, օր մը իր քրոջ ընտանիքը իրենց այցելած էր՝ ճաշի: Այդ պահուն այցելութեան կու գան չորս երիտասարդ հայ զբօսաշրջիկներ։ Աճառեան սիրալիր կ՚ընդունի անոնց, կը հրաւիրէ սեղանակից ըլլալու։ Անոնք ուրախութեամբ կ՚ընդունին հրաւէրը։ Զրոյցի ժամանակ պարզ կը դառնայ, որ անոնք Ամերիկայէն հայ գործաւորներ են, մասնակցելու գացած են Հայաստանի մէջ խորհրդային կարգերու հաստատման 15-ամեակի տօնակատարութիւններուն։ Անոնք հիացած էին Երեւանով եւ շատ կ՚ափսոսային, որ իրենք Հայաստան չեն ապրիր։

-Եթէ կը փափաքիք, կրնաք գալ եւ ապրիլ Հայաստանի մէջ,- կ՚ըսէ Աճառեան,- ձեզի հետ միասին կ՚աշխատինք հայրենիքի կառուցման համար, հայ ժողովուրդի ապագայի համար ու կ՚ապրինք։ Սակայն անոնց խօսակցութենէն յայտնի էր արդէն, որ Աճառեանի ընտանիքին կեանքի պայմանները, բնակարանային դրութիւնը իրենց այնքան ալ հաճելի չեն:

-Փրոֆեսէօ՛ր,- կ՚ըսէ անոնցմէ մին,-Դուք մեծ գիտնական էք եւ կ՚ապրիք այս պայմաններուն մէջ, իսկ եթէ մենք՝ պարզ գործաւորներս գանք, ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս կրնանք ապրիլ։

-Դուք երիտասարդ էք,- կ՚ըսէ Աճառեան,- կու գաք, կ՚աշխատիք եւ ձեր սեփական հայրենիքին մէջ ձեզի համար սեփական տուն կը կառուցէք։ Ես կրնամ լաւ բնակարան ստանալ պետութենէն, բայց ասիկա մեզի բաւական է, ի՞նչ պիտի ընեմ աւելի ընդարձակ բնակարանը։

-Մենք կ՚ուզենք գալ,- կ՚ըսեն ամերիկահայերը, բայց մեր կիներն ու պզտիկները չեն համաձայնիր ապրելու այս պայմաններուն մէջ։ Մենք կը կարծէինք, թէ Ձեր անունին ու հռչակին համապատասխան՝ Դուք այնպիսի բնակարան մը ունիք, ուր մեզի ներս մտնել պիտի չարտօնէին պահակները: Բնականաբար մենք շատ ուրախ ենք, որ Դուք համեստ էք, եւ մենք դիւրութեամբ կրցանք արժանանալ Ձեր տեսակցութեան, մեզի համար անմոռանալի առիթ մը եղաւ Ձեզի հետ սեղանակից ըլլալը։

Յետոյ հիւրերը Աճառեանին կը նուիրեն անգլերէնով անոր ձօնուած քառեակներ ու գոհ կը մեկնին:

ԱՃԱՌԵԱՆԻ ԲՆԱԿԱՐԱՆԸ

Այդ ժամանակ Հրաչեայ Աճառեան կը բնակէր Աբովեան եւ Աղայեան փողոցներու հատման կէտի վրայ՝ անկիւնի թիւ 75 տանը։ Սոֆիկ Աճառեան կը նկարագրէ, որ բնակարանի մուտքը բակի կողմէն էր։ Աջ ու ձախ կողմերէն աստիճաններ էին, որոնք կը տանէին դէպի պատշգամ։ Աճառեանի տուն երթալու համար պէտք էր բարձրանալ աջակողմեան աստիճաններով։ Աճառեանի սենեակը երկրորդ յարկին վրայ էր։ Երկրորդ դուռը միաժամանակ Աճառեանի եւ գիտնական Մանանդեանի նախասենեակի դուռն էր։ Աճառեանի բնակարանի աջ կողմը կը բնակէր փրոֆեսէօր Քէչէկը, ձախ կողմը կը բնակէին փրոֆեսէօր Մանանդեանը, փրոֆեսէօր Քալանթարեանը եւ փրոֆեսէօր Տոնեանը։

Աճառեանը եւ Մանանդեանները կը բնակէին միեւնոյն միջանցքի մէջ, եւ անոնք դուռը միշտ գոց կը պահէին: Աճառեան ստիպուած միջանցքի դրան վրայ փոքր անցք մը բացած էր, կախած դատարկ կոճ մը՝ զանգի փոխարէն, եւ թելը տարած, միացուցած էր իր սենեակի ներսէն կախուած փոքրիկ զանգի մը, եւ երբ այդ թելը կը քաշէին, զանգը կը զարնէր եւ ինք կը բանար դուռը, որ չխանգարէր իր դրացիները։

Աճառեանի սենեակը նախապէս եղած էր մեծ սրահի մը կէսը։ Փողոցի կողմէն պատշգամ եւ երկու լուսամուտ ունէր։ 20 քառակուսի մեթր էր ամբողջ բնակելի տարածութիւնը, որ ան սեւ վարագոյրով բաժնած էր երկու մասի. մէկ կողմը դարձուցած էր ննջարան, միւս մասը միաժամանակ կը ծառայէր որպէս ընդունարան, ճաշարան եւ խոհանոց։ Ճաշարանի աջ կողմի պատը զարդարուած էր Աճառեանի հանգուցեալ կնոջ՝ Արուսեակի ցաքուցրիւ դիմանկարներով, որոնց մէջ աչքի կը զարնէր Արուսեակի մեծադիր դիմանկարը՝ նկարիչ Աղաճանեանի գործը, որ յետոյ սրբագրուած էր Փանոս Թէրլէմէզեանի ձեռքով։ Նկարներու ներքեւի մասը կային Աճառեանի եւ Արուսեակի դիմանկարները: Ճաշարանի ձախ կողմը դրուած էր պարզ գրապահարան մը, որ Աճառեան բաժնած էր երկու մասի. վերեւը տեղաւորած էր իր հագուստեղէնը, իսկ ներքեւը՝ սննդամթերքը։ Ամբողջ գոյքը, բնակարանին հետ միասին ան ստացած էր Պետական համալսարանէն, երբ զինք Պարսկաստանէն հրաւիրած էին՝ դասախօսելու Երեւանի նորաբաց Պետական համալսարանը։ Ննջարանին մէջ տեղադրուած էին պարզ, փայտեայ թախտ մը, մահճակալ մը, խոշոր սնտուկ մը, որուն մէջ կը գտնուէին Արուսեակին իրերը, որոնք Աճառեանը, որպէս յիշատակ եւ մասունք, աչքի լոյսի պէս կը պահպանէր։ Պատերուն տակ, յատակին դասուած էին գիրքեր, որոնք կը ծածկէին մինչեւ իսկ լուսամուտին մէկ մասը. ան չէր սիրեր գրապահարան։ Արուսեակին պատկանած թախտին տակ շարուած կը մնային անոր տասը զոյգէ աւելի կօշիկները։ Կնոջ մահէն ետք, Աճառեան անոր անկողինը ծածկած էր սեւ ծածկոցով, որ երբեք չէր վերցուցած եւ իր ըսելով՝ այդպէս ալ պէտք է մնար։ Աճառեանի թախտին տակը կը ծառայէր որպէս մառան. այնտեղ լեցուած էր գետնախնձոր եւ սոխ։ Դրան մօտ կար հասարակ տախտակէ ամպիոն մը։

Սենեակին կեդրոնական մասը՝ պահարանին կողքին, տեղաւորուած էր շատ փոքր, արծնապակեպատ լուացարան մը, տակը՝ տաշտ մը: Սենեակին կեդրոնը կար նաեւ կոտրած սեղան մը, որուն ջարդուած մէկ ոտքին փոխարէն արկղ մը դրուած էր։ Սենեակին մէջ կային նաեւ խախտած ոտքերով բազկաթոռ մը եւ չորս պարզ աթոռ։ Աջակողմեան պատին տակ դրուած էին կուժ մը եւ փարչ մը կանթերով, բայց ջարդուած գլուխներով։ Այդտեղ կար նաեւ գաւաթ մը, որ Արուսեակին վերջին անգամ ջուր խմած պահուն կոտրած էր։ Տասը տարի շարունակ պահպանուած էին Արուսեակին դեղի սրուակները, Աճառեան տակաւին չէր ուզեր զանոնք նետել: Կը մնային Արուսեակին գործածած ափսէները։ Այդ բոլորը սրբութեան նման, գուրգուրանքով կը պահէր Աճառեան։ Ան յատկապէս շատ կ՚ուրախանար բազկաթոռին համար եւ զայն կը կոչէր «թագաւորական»: Սենեակին ձախ կողմը աչքի կը զարնէր թիթեղեայ հին վառարանը, որուն տակը դրուած էր թաս մը՝ յատակը կրակէն պահպանելու համար։ Թասին մէջ կը մնային փուքսը, ունելին եւ ակիշը։ Այդ բոլոր իրերը ժամանակը ծածկած էր փոշիի թանձր շերտով, Աճառեան չէր ձգեր, որ զանոնք մաքրեն. ան կ՚ըսէր՝ հանգուցեալ Արուսեակս իրերը ինչպէս ձգած է, թող այնպէս ալ մնան. ոչ ոք իրաւունք ունի զանոնք տեղաշարժելու։ Հակառակ Սոֆիկի հանդէպ արտայայտած բուռն սիրոյն եւ խանդաղատանքին՝ Աճառեան միշտ անկեղծօրէն կ՚ըսէր, թէ անդարձ մեկնած կնոջը տեղը ոչ ոք կրնայ գրաւել: Ան կը մնայ միշտ իր սիրտին եւ յիշողութեան մէջ:

(Ըստ Սոֆիկ Աճառեանի յուշերու)

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 11, 2022