ԵՐԱՆԻ՜ ԱՊՈՒՇ ԾՆՈՂԻՆ

Մինչեւ որոշ ժամանակ խստագոյնս կը մերժէի բախտի գոյութիւնը եւ կը հաւատայի, որ բախտ ըսուածէն աւելի կարեւոր է մարդուն կամքը, իմաստութիւնն ու նուիրումը աշխատանքի մը. շատերու, նոյնիսկ ընտանիքի անդամներէն մէկ երկու հոգիի հետ ունեցած եմ բանավէճ մը՝ փաստելու համար բախտէն աւելի միւսներուն կարեւորութիւնը, սակայն վերջերս կարծես ես ալ սկսած եմ համոզուիլ որ բախտ մը գոյութիւն ունի, որ կրնայ շատ անգամ աւելի՛ն արժել՝ քան հոգիով ու սիրտով կատարուած աշխատանք մը:

Անցնող 20-րդ դարը ինչպէ՞ս էր՝ չեմ գիտեր, սակայն 21-րդ դարը ունեցաւ, ունի եւ տակաւին շա՜տ պիտի շարունակէ ունենալ իր բախտաւորները, որոնք յաճախ որպէս անարդարութիւն կը յայտնուին մեր դիմաց, ոչ արդար գոյամարտ մը ստեղծելով բախտաւորին եւ բազմատանջ բանուորին միջեւ:

Եթէ փորձէք ուսումնասիրել անցեալի մեր մեծ բարերարներու կենսագրութիւնները, այդտեղ պիտի տեսնէք բարձրագոյն կրթութիւն, տքնաջան աշխատանք ու զոհողութիւններ, որոնք միանալով իմաստութեան հետ կազմած են հարստութիւն մը՝ որպէս արդար բաժին, սակայն այսօր կեանքը այդպէս չէ. գիշերը ցերեկին խառնող բանուոր ընտանիքի հայրը այսօր զարմանքով կը նայի անոնց՝ որոնք ապուշութեան մը որպէս հետեւանք տարուան մը ընթացքին յաջողած են դիզել այնքա՛ն գումար՝ ինչքան չէ կրցած ընել տաժանելի աշխատանքներու դատապարտուած բանուորը: Այսօր քիչ չեն հեղինակները այդ ապուշութիւններուն, որոնք իրենց ապուշութեան որպէս արգասիք բարգաւաճ կեանք մը կ՚ապրին:

Ընտանիքի հայր մը նորակառոյց շէնքի մը մէջ յոգնաջան աշխատանքով մէկ օրուան համար կը վաստակի տաս-քսան դրամ, մինչ ուրիշ մը համացանցի մէջ տեղադրած իր 10 երկվայրկեաննոց կապիկութեան համար կը ստանայ 100-200 եւ հաւանաբար աւելի վարձատրութիւն:

Մարդկային ամբողջ պատմութեան ընթացքին հիմա ժամանակն է դիւրաւ մեծահարուստ դառնալու, որովհետեւ այսօրուան մարդը պատրաստ է ապուշութիւններու համար վճարել՝ գուցէ ինքզինք աւելի նուազ ապուշ զգալու եւ այդպիսով ոգեւորուելու համար:

Այս բոլորը բախտի գոյութենէն աւելի սպառնալիք մըն է ապագայի մեր սերունդներուն, որովհետեւ անոնք ականատես կ՚ըլլան ապուշութիւններու վարձատրումին եւ բնականաբար մէյ մէկ «ապուշ»ներ դառնալու փափաքը կ՚արթննայ անոնց մէջ. ամբողջ օրը փոշիներու եւ քրտինքներու մէջ եղող բանուորը ինք եւս պիտի չուզէ՞ր 7-8 ժամուան փոխարէն կէս վայրկեան քիթ-բերան շարժել, մէյ մը կլոր դառնալ եւ ստանալ իր 7-8 ժամուան համար ստացածին տասնապատիկն ու աւելին:

Անցեալին կար խօսք մը. «Մշակը արժանի է իր վարձքին»: Դժբախտաբար այսօր այդ վարձքը մշակներէն առնուելով կը տրուին անոնց՝ որոնք բան մը ըրած չեն եւ բան մը ըրած ալ չունին:

Այդ անարդարութիւնը շա՜տ յստակ դարձնելու համար տամ հետեւեալ օրինակը. Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ համացանցի վրայ կապիկութեամբ զբաղող անձ մը մեծահարուստէ մը հետեւեալ առաջարկը կը ստանայ. «Զաւակս քեզ շատ կը սիրէ, որ խնդրեմ կրնա՞ս իր ծննդեան տօնին առիթով 30 երկվայրկեաննոց նկարահանում մը ընել եւ իր տարեդարձը շնորհաւորել»։ Կապիկութեան հեղինակը այդ առաջարկը գործադրելու համար մեծահարուստէն կը պահանջէ 250 հազար տոլարի վճարում մը, ինչ որ մեծահարուստը ամենայն սիրով կը վճարէ: Կէս վայրկեաննոց շնորհաւորանքին համար անձը Հայաստանեան դրամով մօտաւորապէս կը ստանայ 100 միլիոն դրամ. Հայաստանի մէջ ապրող սովորական բանակային մը պէտք է աւելի քան հազար ամիս աշխատի՝ առանց ծախսելու, որպէսզի կարողանայ ձեռք բերել այդ գումարը. 83 տարի կը պահանջուի զինուորէն, որ իր ծառայութեան դիմաց ձեռք բերէ այդ գումարը, մինչ աշխարհի մէջ տեղ մը անձ մը շնորհիւ իր ապուշութեան այս գումարը կ՚աշխատի մի քանի վայրկեանի մէջ:

Այսպէս առաջնորդուող աշխարհի մէջ ապագային աշխարհ գալիք սերունդները ինչպէ՞ս համոզել դառնալ զինուորական, դառնալ բանուոր, դառնալ բժիշկ, ուսուցիչ եւ այլն, երբ աշխարհը օրէ օր աւելիով կը սկսի վարձատրել ապուշութիւնները:

Մեր անցեալի հեղինակներն ու մտաւորականները ունեցած են մեծ համբաւ ու անուն, որովհետեւ այդ ժամանակուան մարդը իմաստութիւնն ու արժէքն էր, որ կը գնահատէր։ Մերօրեայ սերունդը շա՜տ աւելի դիւրութեամբ պիտի ճանչնայ ամերիկացի, եւրոպացի եւ ամբողջ աշխարհի երեսին գտնուող այդ ապուշները՝ քան անձեր, որոնք մեր ազգին համար մեծամեծ գործեր կատարած են: Դժբախտաբար, Հայաստանի մէջ ալ պակաս չեն ապուշութիւնները. երկու զաւակներու տէր մայր մը իր զաւակներուն համար խնամակալ կը վարձէ՝ որպէսզի ինք հանգիստ դուրս գայ եւ հոստեղը հոնտեղը շարժելով, հազար ու մէկ անտրամաբանական կապիկութիւններ նկարելով շահ ապահովէ. հայ տղայ մը համբաւի սիրոյն աղջկայ հագուստներ հագուելով կը շպարուի... ուրիշ մը ի ցոյց աշխարհին իր միասեռական ըլլալը կ՚ուզէ բարձրաձայնել անընդհատ ու այսպէս ապուշութիւններու շարքը երկարելով անոնք աւելի՛ գումար կ՚աշխատին քան բանուորը, ոստիկանը, վարորդն ու հաւաքարարը:

Այնպէս ինչպէս աշխարհի, նոյնպէս ալ Հայաստանի մէջ բազմաթիւ համալսարանաւարտներ կը մնան աշխատազուրկ եւ չեն կրնար իրենց կրթութեան համաձայն աշխանքի ընդունուիլ, մինչ անդին հանրութեան դիմաց յետոյքն ու փորը շարժողը «տեղ կը հասնի»:

Շատ մը ծնողներ, ուսուցիչներ ու անձեր կը մեղադրեն նոր սերունդը՝ իրենց հեռախօսներուն գերին ըլլալնուն համար, սակայն մեղաւորը ո՛չ թէ իրենք, այլ աշխարհն ու մենք ենք, որովհետեւ այսօր անոնք աւելի կը գիտակցին հեռախօսներուն ունեցած ուժին ու կարողութեան՝ քան մենք. հաւանաբար մեզի համար այդ մէկը հաղորդակցութեան միջոց մըն է պարզապէս, սակայն ուրիշներու համար հարստանալու ճամբայ մը պարզապէս:

Այս ընթացքով կարելի է ենթադրել, որ տասնամեակներ ետք աշխարհի հարուստները ապուշներ պիտի ըլլան՝ քան իմաստուններ եւ հարստութիւն ունեցողները իրե՛նք պիտի ղեկավարեն աշխարհը. այլ խօսքով ներկայ օրերուն իմաստութիւն ունենալը անապատին մէջ առանց ջուրի շիշ մը ունենալու կը նմանի... անիմա՜ստ ու անօգուտ:

Անցեալին «ապագային ի՞նչ կ՚ուզես դառնալ» հարցումը կ՚աւարտէր բժիշկ, ոստիկան, օդաչու եւ ուսուցիչ բառերով. Ապագայի՞ն... ապուշանալու բուռն փափաք ունեցող սերունդի մը պիտի հանդիպինք։ Դպրոցին մէջ աշակերտին սորվածները անիմաստ պիտի թուի, որովհետեւ անոնք այդտեղ ապուշութեան ուսումը պիտի ուզեն տեսնել՝ որպէս աղբիւր յաջողութեան: Ապուշ չըլլալուն համար երանի տուողին թոռները երանի՜ պիտի տան ապուշ ծնողներուն:

Ծնողը զաւակին կ՚ըսէ «Հեռախօսդ մէկ կողմ դիր, դասերուդ նայէ որ մարդ ըլլաս...», սակայն վերջաւորութեան կը տեսնէ, որ հեռախօսին մէջի կապիկը շա՜տ աւելի «յաջող» մարդ դարձած է՝ քան իր զաւակը, որ բարձրագոյն ուսում ունենալով հանդերձ գործազուրկ կը շարունակէ մնալ:

Հիմա իրե՛նց դարն է... երանի՜ ապուշ ծնողին:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -67-

Այօրուան երիտասարդը հաւանաբար չգիտնայ, թէ ո՞վ է Մանթաշեան, Վրացեան, Շանթ, Նարպէյ, Սրուանձտեանց, Հրանդ Ասատուր կամ Զահրատ, սակայն անպայմանօրէն գիտէ ու կը ճանչնայ 60-65-ը անց «Վալոտ Պապիկ»ը, որ հակառակ իր յառաջացած տարիքին այլանդակ պարեր կը տեղադրէ համացանց: Հաւանաբար չճանչնան Ադամեանը, Աճէմեանն ու Այվազեանը, սակայն կը ճանչնան «Թու Թու Թու լաւա»ն՝ որ իմաստազուրկ հրապարակումներ ընելու մէջ «Աստուածատուր» յաջողութիւններ ունի:

Անոնց հարց տուր մեր ազգին համար մեծամեծ գործեր կատարած եւ մինչեւ օրս կատարող կենդանի անհատներու անուններ... եւ պիտի հասկնա՛ք որ մեր ազգին մէջ աւելի լա՛ւ է ապուշ ըլլալ՝ քան նուիրաբար ծառայել ազգին ու հայրենիքին, որովհետեւ վերջաւորութեան ամէ՛ն կատարուած զոհողութիւն աւելի աժան պիտի արժէ՝ քան ապուշութիւնները:

Ողբա՜մ զքեզ հայոց աշխարհ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 11, 2022