ԻՄ ՓՈՔՐԻԿ «ԻՆՉՈՒԻԿԸ»
Օրէ օր հարցերու տեղատարափը կը բազմանայ, իմ գործերն ալ հետը: Այլեւս Զաւէնիկը կը հետաքրքրէ ամէն բան: Կ՚ուզէ իւրաքանչիւր հարցին պատասխանը ստանալ տեղւոյն վրայ: Երբեմն ալ զիս հարցախեղդ կ՚ընէ: Լեզուն բացուեցաւ, չի լռեր՝ անդադար կը խօսի: Իսկ յոգնած օրուայ աւարտին այդ մէկը ինծի համար հեղձուցիչ է: Կ՚ուզեմ քիչ մը հանգչիլ, ինքզինքիս հետ մնալ մինակ: Սակայն այս մէկը այժմ անկատար ժամանակ մըն է, որ ունի ապակատարի հնարաւորութիւն.
-Մամա, ինչո՞ւ այս ծառը կտրեցին,- խիստ հետաքրքրական հայեացքով կը հարցնէ իմ հինգամեայ փոքրիկը, ակնկալելով յստակ ու լիարժէք պատասխան:
-Չեմ գիտեր,- մտքերով տարուած կը փորձեմ հարցէն խուսափիլ ես:
-Ո՛չ, գիտես: Ըսէ,- կիսաբարկացած, կամակորութեամբ կը պնդէ Զաւէնիկը, ստիպելով զիս այդ պահուն խորհիլ ծառի հեռացման հնարաւոր պատճառներու մասին:
-Թերեւս ծառը հիւանդացաւ, մարդիկ ալ ստիպուեցան զայն հեռացնելու,- յաղթանակած կը պատասխանեմ ես խորհելով, թէ տուած եմ սպառիչ պատասխան ու դրած վերջակէտ:
-Մամա, ծառը ինչպէ՞ս կրնայ հիւանդանալ: Ծառերը կը հիւանդանա՞ն: Բայց ծառը մարդ չէ, որ հիւանդանայ,- կը շարունակէ հարցախեղդ ընել իմ հինգամեայ փոքրիկ հետաքրքրասէրը:
-Այո՛ որդիս, ծառերն ալ կը հիւանդանան: Երբ ծառին ճիւղերը կը չորնան, երբ ծառի վրայ կ՚ըլլան բազմաթիւ միջատներ, ըսել է թէ ծառը հիւանդացած է:
-Մարդիկ ալ կը կտրեն այդ ծառը, որպէսզի լաւանա՞յ,- կը հարցնէ Զաւէնիկը:
-Մինչեւ կտրելը կը փորձեն բուժել ծառը: Զանազան դեղեր կու տան: Եթէ ծառը չբուժուի, շարունակէ չորնալ, այն ժամանակ կը կտրեն:
-Մամա, այս ծառը մահացա՞ծ է, ատոր համար կտրեցին: Հիւանդացած էր, չկրցան բուժել, մահացաւ: Հիմա այս ծառը երկինքին մէ՞ջ է, Զաւէն պապիկի մօտ գնա՞ց:
-Ճիշդ ես, ծառը մահացած է, սակայն երկինքի մէջ չէ:
-Ինչո՞ւ:
Կը դժուարանամ այս բարդ հարցին համար գտնել պատասխան մը: Կը փորձեմ շրջանցել զայն, սակայն Զաւէնիկ կը պահանջէ պատասխան:
-Շուտով պատասխանէ, ինչո՞ւ ծառերը երկինք չեն երթար:
-Որովհետեւ ծառը մարդ չէ: Երբ ծառը կը մահանայ, մարդիկ կը կըտ-րեն՝ փայտ կը սարքեն: Կը տանին տուն ու ձմեռը կը վառեն եւ կը տաքնան:
-Մամա, իսկ դուն ե՞րբ երկինք պիտի երթաս:
-Կ՚ուզես երթա՞մ:
-Ո՛չ,- կը պատասխանէ Զաւէնիկ ու կը շարունակէ, - երբ ես իմ հայրիկի պէս մեծնամ, այն ատեն պիտի երթա՞ս երկինք՝ Զաւէն պապիկի մօտ:
-Այո,- կարճ կը պատասխանեմ ես:
-Ես ալ կ՚ուզեմ քեզի հետ գալ Զաւէն պապիկի մօտ,- կամակոր կը պնդէ Զաւէնիկը:
-Ոչ, քեզի կարելի չէ:
-Ինչո՞ւ:
-Քանզի դուն շատ փոքր ես:
-Բայց ես ալ պիտի մեծնամ:
Կը տիրէ լռութիւն: Իմ արդէն իսկ գերծանրաբեռ-նըւած ու յոգնած վիճակին, դժուար է իւրաքանչիւր հարցի համար գտնել սպառիչ ու ճիշդ պատասխան: Քանի մը վայրկեան կը շարունակենք քայլել լռութեան մէջ: Զաւէնիկ որոշեց նորէն խախտել զայն.
-Մամա, Հայաստանը հիմա հիւա՞նդ է:
-Այո՛ որդիս, Հայաստանը հիմա շատ հիւանդ է:
-Արցախն ալ շատ հիւա՞նդ է:
-Այո՛, Արցախն ալ շատ հիւանդ է՝ շա՜տ, շատ:
-Մամ, Արցախն ու Հայաստանը հիմա կը մահանա՞ն:
-Ո՛չ որդիս: Այդպիսի բան այլեւս չկրկնես,- ինքնաբերաբար կը բարկանամ ես,- Արցախն ու Հայաստանը պիտի լաւանան եւ ըլլան շատ առողջ: Դուն եւ Դանիէլը, ձեր բոլոր ընկերները պէտք է շատ ուժեղ ու խելացի ըլլաք, զԱստուած շատ սիրէք, որպէսզի կարենաք օգնել Հայաստանին ու Արցախին:
Նորէն լռութիւն:
-Մամ, կ՚ուզեմ հիմա երթալ Արցախ: Զինուորական համազգեստ հագնիմ եւ օգնեմ, պաշտպանեմ Արցախը, Հայաստանը, որպէսզի մեր հակառակորդները Հայաստանը չնեղացնեն:
-Կեցցե՛ս զաւակս,- ուրախութեամբ կ՚ըսեմ ես ու կը համբուրեմ որդիիս ճակատը:
Զաւէնիկ կը գոհանայ. գոհ ու երջանիկ կը շարունակէ իր ճանապարհը, մէյ մըն ալ յանկարծ.
-Մամա, նայէ՛, այս աղօթաջո՞ւր է:
-Ի՞նչը:
-Նայէ՛, այս ցայտաղբիւրը: Աղօթաջո՞ւր է:
-Աղօթաջո՞ւր... Ինչ գեղեցիկ բառ է:
Խոշոր խաչով մը ցայտաղբիւնրը տեսնելուն պէս Զաւէնիկ հարստացուց հայոց լեզուն՝ տեղւոյն վրայ յօրինելով սքանչելի բառ մը, ածական մը՝ ԱՂՕԹԱՋՈՒՐ:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեւան