«ԱՒՐՈՐԱ»Ի ՆՈՐ ԴԱՓՆԵԿԻՐԸ

Վենետիկի Ս. Ղազար կղզիին մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ «Աւրորա» համաշխարհային մարդասիրական տարեկան մրցանակի պարգեւատրման արարողութիւնն ու յարակից կարգ մը ձեռնարկներ։ Ծրագիրը համախմբեց մարդասիրութեան բնագաւառէն բազում յառաջատարներ՝ արժանին մատուցելու համար ժամանակակից հերոսներուն եւ քաջալերելու համար մարդոց օգնութեան ձեռք երկարողներու յաջորդ սերունդը։ Մխիթարեան միաբանութեան մայրավանքի այս արարողութիւններուն մասնակցեցաւ նաեւ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։

Եռօրեայ ձեռնարկներու շրջանակին մէջ 2020 թուականի «Աւրորա» մրցանակի դափնեկիրը հռչակուեցաւ Աֆղանիստանէն Ճամիլա Աֆղանի։ Այս վերջինը 25 տարիէ ի վեր կը պայքարի այդ երկրէն ներս կանանց կրթութեան հնարաւորութեան եւ անոնց իրաւունքներու յստակ գիտակցման համար։ Ճամիլա Աֆղանի բացառիկ նուաճումներ ունեցած է Աֆղանիստանէ ներս կանանց եւ աղջիկներու իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ։ Ան կը գլխաւորէ կազմակերպութիւն մը, որ կը կոչուի «NECDO»։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 18, 2022