ՎԵՐՅԻՇԵԼՈՎ ՎԱՐՊԵՏԸ

Աշխարհահռչակ անմոռանալի լուսանկարիչ Արա Կիւլէր երէկ ոգեկոչուեցաւ՝ իր մահուան 4-րդ տարելիցին առթիւ։ Իր բարոյական զաւակն ու իրաւայաջորդը՝ Ֆաթիհ Արսլան այս առթիւ մտայղացում ունեցած էր ոգեկոչման ձեռնարկ մը կազմակերպելու։ Նախապատրաստական աշխատանքներուն համար իրեն աջակցած էին մեր համայնքէն Տայք Միրիճանեանի, Սօնա Մէնթէշէի նման անուններ։ Օրուան սկիզբին յարգանքի այցելութիւն մը տրուեցաւ Արա Կիւլէրի՝ Շիշլիի գերեզմանատան շիրիմը, ուր կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։ Ներկայ էր նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Իսկ երեկոյեան Թաքսիմի «Աթաթիւրք» մշակոյթի կեդրոնի համալիրէն ներս գեղարուեստական ծրագիր մը գործադրուեցաւ Արա Կիւլէրի ի յիշատակ։ Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան հովանաւորութեան ներքեւ կազմակերպուած այս երեկոյթը պատուեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, Պէյօղլուի քաղաքապետ Հայտար Ալի Եըլտըզ, Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան, Հայ Կաթողիկէ Արքեպիսկոպոսարանէն Հայր Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան եւ այլք։ Ընդարձակ սրահը լեցուած էր ամբողջութեամբ՝ հոգելոյս Արա Կիւլէրի ընկերներուն եւ սիրելիներուն կողմէ։

Մուտքասրահին մէջ կազմակերպուած էր Արա Կիւլէրի գործերու ցուցահանդէս մը, որու ծիրէն ներս ներկայացուած էին Արա Կիւլէրի կողմէ նկարահանուած շուրջ հինգ տասնեակ դիմանկարներ։ Այս փուլին սարքուեցաւ նաեւ ընդունելութիւն մը, որ առիթ հանդիսացաւ իսկապէս զգացական զրոյցներու, որոնց ընդմէջէն Արա Կիւլէր ոգեկոչուեցաւ եւ ներկաները արտայայտեցին իրենց կարօտը անոր նկատմամբ։

Վերյիշման երեկոյթի յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ իրաւաբան Սարօ Պենկլեանի։ Այս վերջինը բեմին վրայ կենդանի զրոյց մը վարեց Ճոշքուն Արալի եւ Նեպիլ Էօզկենթիւրքի հետ, որոնք Արա Կիւլէրի վերաբերեալ պատրաստած են յայտնի փաստավաւերագրական ժապաւէն մը։ Զրոյցը ընթացաւ թէ՛ այդ ժապաւէնի պատրաստութեան եւ թէ՛ հեղինակներու՝ Արա Կիւլէրի վերաբերեալ վկայութիւններուն շուրջ։

Երեկոյթի ընթացքին հանդէս եկաւ Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբը՝ խմբավար Յակոբ Մամիկոնեանի մականին ներքեւ եւ Ռոպէր Տողանայի դաշնամուրի ընկերակցութեամբ։

Հուսկ, ձեռնարկի կազմակերպիչներուն եւ պատուոյ հիւրերուն յանձնուեցաւ՝ Ֆաթիհ Արսլանի կողմէ պատրաստուած գիրքեր։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 18, 2022