ՏՔԹ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱՐՄԷՆԵԱՆ. «ԻՄ ԳՈՐԾՍ ՄԱՐԴՈՑ ՅՈՅՍ ՏԱԼՆ Է»
Տքթ. Յարութիւն Արմէնեանի հետ ունեցանք բովանդակալից հարցազրոյց մը, որուն սղագրութիւնը կը ներկայացնենք ստորեւ։
*
-Ներկայիս ի՞նչ ոլորտի մէջ կը գործէք։ Ձեր վաղ ուսումնառութեան առանցքը համաճարակաբանութիւնն է, բայց նաեւ ունիք բազմակողմանի հետաքրքրութիւններ։ Ի՞նչ գործունէութիւն կը ծաւալէք թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ։
-Հայաստանի մէջ ներկայիս կը շարունակեմ երկու ծրագիր. առաջինը, որ տասնհինգ տարիներէ ի վեր կայ, «Թըրփանճեան գիւղական զարգացման ծրագիր»ն է, որ հինգ շրջաններու մէջ իր գործունէութիւնը եւ ներկայութիւնը ունի։ Անոր մասին կրնաք մանրամասն տեղեկանալ AUA-ի կայքէջէն։ Հինգ շրջաններն են՝ Ջաւախք, Շիրակ, Տաւուշ, Վայոց Ձոր եւ Արցախ։ Ամէն Հայաստան գալուս այդ շրջանները կ՚այցելեմ եւ զարգացած հին եւ նոր նախաձեռնութիւններուն կը հետեւիմ։ Այս անգամ Արցախ չկրցանք երթալ, բայց միւս չորս շրջանները այցելեցի։ Երկրորդ ծրագիրը, որ նաեւ մէկ ճիւղն է «Թըրփանճեան գիւղական ծրագիր»ի «Առողջապահական ոլորտի ձեռներէցներ» (Entrepreneurs in health care) ծրագրէն։ Այդ մէկը կազմակերպուած է Երեւանի Պետական համալսարանի (ԵՊՀ) առողջապահական ֆաքիւլթէի գործակցութեամբ եւ աւելի ընդարձակ շրջաններու՝ համայնքներու մէջ կը փորձենք նոր որակ հաստատել, գործունէութիւններ, սպասարկութիւններ առաջ տանիլ, որոնք անհատական են։ Փաստը տրուեցաւ, որ վերջին երեսուն տարիներու ընթացքին այն բոլոր երկիրներէ եկած ներդրումները, գիւղական բժշկական խնամքի եւ առողջապահական խնամքի ուղութիւններով, ըլլայ ատիկա մարզերու հովանաւորութեամբ, որովհետեւ մարզերու առողջապահական հաստատութիւնները կապուած են մարզի կեդրոնին եւ ոչ Առողջապահութեան նախարարութեան, հիմնականին մէջ մեծ բարեփոխութիւններ չեն բերած։ Այստեղ պէտք է շեշտել նաեւ, որ Հայաստանի պարագային, եթէ գիւղական յառաջդիմութիւն պիտի ըլլար, ապա այդ պիտի ըլլար գիւղի մարդուն առողջապահական որակաւոր սպասարկութիւններ տրամադրելով։ Կարեւոր էր նաեւ հսկողութիւն բանեցնել որակի առումով, նկատի ունենալով, որ շատ մը շրջաններու մէջ, բժշկութիւնը, հակառակ որ պետական ոլորտի մէջ կը գործէ, բայց դժբախտաբար նաեւ ունի «սեղանի տակէն», կամ ուրիշ ձեւերով, վճարովի ծառայութիւններ։ Անպէս որ նախընտրելի է այդ մէկը ընել բաց, «սեղանին վրայ» եւ պատուով կամ արժանաւոր ձեւով իրագործել։ Բաց աստի Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի (AUA) Հոգաբարձութեան խորհուրդի անդամ եմ, եւ այդ առումով ալ ունիմ բազմաթիւ յանձնառութիւններ։ Գալով Ամերիկայի պարագային, ապա ըսեմ, որ UCLA-ի (Լոս Անճելըսի համալսարան) համալսարանէն, իբրեւ դասախօս հանգստեան կոչուելէս ետք, կը շարունակեմ նկարել, որուն քառասուն տարի առաջ սկսած եմ։ Նկարչութիւնը, որպէս ոլորտ, իմ երկրորդ նախասիրութիւնն է։ Այս երկու-երեք շաբթուան ընթացքին ունինք ցուցահանդէս եւ գիրքերու շնորհահանդէս։ Մէկը, որ քիչ առաջ տեսանք միասին, զարգացաւ 1980-ական թուականներուն, երբ Պէյրութ էի եւ տեղի Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցիներու տոմարներու հիման վրայ առաջին անգամ ըլլալով, հոն ուսումնասիրութիւններ կատարեցի։ Այդ հետազօտութիւնը շարունակեցի Ամերիկայի մէջ հայ ծննդաբանութեան արխիւներէն օգտուելով։ 16 երկիրներու մէջ հայկական արխիւները ուսումնասիրեցի, ուր շատ հետաքրքրական նորութիւններ գտայ։ Ընդհանրապէս մեր պատմաբանները եւ պատմագիրները, թէ՛ Ամերիկայի եւ թէ՛ Հայաստանի մէջ, զբաղած են իրենց նախորդներուն գիրքերը ուսումնասիրելով, բայց նախկին տուեալներու հիման վրայ, ինչ որ մեր եկեղեցիներն են 250 տարուան ընթացքին, ուսումնասիրող չկայ։ Վիճակագրական ուսումնասիրութիւն չէ եղած։ Օրինակ՝ Լիբանանի մէջ, իմ կատարած ուսումնասիրութիւս հիմնուած է Պէյրութի Ս. Նշան եկեղեցւոյ տոմարներուն վրայ, ուր հարիւր տարուայ տուեալներ կային։ Պուրճ Համուտի շրջանը, ուր գաղթականներ կային, կը տեսնէք, որ մանկական մահացութիւնը 1920-էն մինչեւ 1940 երկու-երեք անգամ աւելի եղած է։ Մենք կը խօսինք նահատակերու թիւի մասին, բայց կը մոռնանք, որ այս ձեւով արհաւիրքը շարունակուած է քսանէն մինչեւ քառասուն տարի եւս։ Այդ բոլոր տուեալները կան։ Օրինակ՝ Յունաստանի մէջ ի՞նչ եղած է Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին, երբ իտալացիներուն ձեռքէն գերմանացիները իշխանութիւնը առին եւ ինչպէս գնդակահարած են շատ մը հայեր եւ եկեղեցին այդ ամբողջը արձանագրած է։ Միեւնոյն ժամանակ սնունդի պակասի պատճառով սով եղած է եւ շատ մը տեղեր յիշուած է, որ մարդիկ մահացած են սովի պատճառով, նոյն այդ սովի բարձրացումը կը տեսնենք նաեւ ժողովուրդի ընդհանուր մահացութեան թիւին մէջ։ Շատ մանրամասնութիւններ կան գիրքին մէջ, որ պէտք է կարդալ։ Ցուցահանդէսը տեղի ունեցաւ վերջերս, իսկ շնորհահանդէսին ցուցադրեցինք նաեւ այն գիրքը, որ երեք տարի առաջ Կլենտէյլի մէջ հրատարակած էինք։ Տիկինս՝ Սոնան եւ ես 700 քմ. քալեցինք դէպի իտալական ուխտավայր՝ Քամինօ տի Սան Տիակօ։ Ինքն էր ղեկավարողը, ես իրեն կը հետեւէի։ Ուխտագնացութիւն մըն է, որ այս գիրքին մէջ ներկայացուած է նաեւ, որպէս հայկական դիմագիծ, որովհետեւ միջնադարուն մեծ թիւով հայեր Կիլիկիայէն այս ուխտագնացութիւնը կատարած են։ «Թիակօ»ն սպաներէն Յակոբն է։ Ս. Յակոբը սպանացիներուն համար այն կարեւորութիւնը ունի, ինչպէս Թադէոս եւ Բարթողիմէոսը մեզի համար։ Երբ վերադարձած է Երուսաղէմ, հոն հռոմէացիները գլխատած են զինք։ Գլուխը կը մնայ Ս. Յակոբ վանքին մէջ, իսկ մարմինը, որպէս մասունք կը գտնուի Իտալիոյ մէջ։ Այս ուխտագնացութեան, տարեկան կտրուածքով մօտաւորապէս կէս միլիոն մարդ կը մասնակցի։ Այդ ճանապարհը ներկայացուցած եմ բանաստեղծութեամբ եւ կազմած եմ գիրք մը։ Հիմա կարդամ հատուած մը գիրքէն առնուած ՝
«Քամինոն միայն ֆիզիքական ճանապարհ չէ,
«Քամինոն նախ եւ առաջ մարդիկ են, տարբեր պատումներ, հաղորդակցութեան, իրար խաչաձեւող, բայց նաեւ իրար ամբողջացնող բազմաթիւ ալիքներ եւ հաւասարութիւններ։
«Քամինոն յարափոփոխ ընթացք է, Քամինոն երթ է ու փնտռտուք ոգեկանի ներքին անջրպետին մէջ, ուր պէտք է կարենալ թիավարել։ Քամինօ չես վերադառնար։
«Քամինոն կը շարունակես ամէն անգամ նոր մեկնակէտէ մը սկսելով, առանց յստակ նպատակակէտի։ Ճանապարհը միշտ իր անակնկալները պիտի ներկայացնէ եւ այդպէս պիտի շարունակէ ըլլալ հետաքրքրական։
«Հակառակ, որ մեր կապոյտ մոլորակը հազարաւոր ճանապարհներու ըմբոշխման սքանչելի կարելիութիւնը կ՚ընծայէ։ Այս մարդիկ ետ կու գան կիսանապատային Քամիոյի այս աշխարհը։ Վերադարձը այս մարդոց համար առիթ է վերանորոգուելու, առիթ է ինքնափոխութեան»։
Մենք երկրորդ Քամինօ մըն ալ «ըրինք»՝ այսինքն քալեցինք քանի մը տարի ետք։ Առաջինը Ֆրանսայէն սկսած էինք, իսկ երկրորդը սկսանք Փորթուգալէն։ Տասը ճանապարհ կայ Քամինօ ուխտագնացութեան։ Մինչեւ իսկ Անգլիայէն կրնաս սկսիլ։ Մարդիկ կան, որ տասն անգամ քալած են, տարբեր ճանապարհներով։ Շարունակեմ կարդալ՝
«Քամինոն այս բոլորէն անկախ երեւոյթ է, իր պատմութեամբ եւ իր ջերմութեամբ դարբնուած։ Ան չի պատկանիր ոչ մէկ եկեղեցիի կամ ծիսակատարութեան։ Ան ինքնուրոյն երեւոյթ է, ոգեշնչուած հազարաւոր տարիներու ուխտաւորներու հաւատքով։ Ուխտաւորներ, որոնք հազարներով միջնադարուն հոս հասած են Հայաստանէն ու Արեւելքէն. ուխտաւորներ՝ Եւրոպայի բոլոր անկիւններէն, ամէն մէկը իր հաւատքի ճանապարհը ստեղծելով։ Այսօր այդ ուխտաւորները կը հասնին Ծայրագոյն Արեւելքէն։ Այսօրուան Քամինոյի ճանապարհորդները նոր՝ համամարդկային իմաստ կու տան Քամինոյի ուխտագնացութեան հասկացողութեան։ Քամինոն պայմանաւորուած չէ՝ ո՛չ ընտրուած ճանապարհով, ո՛չ կրօնականով, ո՛չ լեզուով ու ո՛չ մշակոյթով։ Քամինոն ինքնուրոյն կառոյց է, հաւատքով սերմանուող ու ինքնիրմով սնանող։ Ամէն մարդ կը փորձէ կառուցել իր Քամինոն։ Իր Քամինոն, որ երբեք չ՚ամբողջանար եւ որ մեզ կը մղէ հոն վերադառնալու»։
-Ուրկէ՞ ծագեցաւ այս ուխտագնացութեան գաղափարը։
-Մենք լեռնագնաց ենք։ Մեր շուրջը լեռներ են։ Ինչպէս վերն ալ նշեցի կինս՝ Սոնան լծուած է այդ գործին։ Քովիտէն առաջ, ինք 20-25 հոգի մարզած էր, որպէսզի Արարատ լեռը բարձրանան։ Այս տարի 5-6 հոգին բարձրացան։ Մեծ մարզիկներ չեն, բայց Սոնային մարզումներոն արդիւնքով կրցան բարձրանալ։ Մենք ամէն տարի կը փորձենք քալել։ Այս տարի Իտալիա քալեցինք, երկու-երեք շրջան, երեք շաբաթ։ Երկու անգամ Իտալիոյ մէջ երկար ճանապարհով քալած ենք։
-Ձեզի համար, հոգեկան բաւարարութիւն կու տայ աս բոլորը։
-Այո՛, այդ ալ կայ։ Մանաւանդ երբ ուխտագնացութիւն է։ Ուրեմն քիչ ետք ցուցահանդէսը պիտի քակենք, վերցնենք։ Այս նկարներուն մէկ մասն է։ «Փորթուգալեան» Քամինոն է, այսինքն Փորթուգալէն ընթացք առած մեր ճանապարհորդութիւնը։ Շատ ընկերներ ու բարեկամներ պատրաստած կտաւներուս արդէն մեծ մասը գնեցին։ Ուզած էի հետս Երեւան բերել, բայց չսպասեցին եւ ուզեցին ունենալ կտաւները։
-Եթէ չեմ սխալիր, այս այցը պատերազմէն ետք եղած ձեր առաջին այցն դէպի Հայաստան։
-Այո՛։
-Ինչպէ՞ս գտաք Հայաստանը։ Քանի որ դուրսը ապրողները տարբեր տեսանկիւնէ կը դիտեն։
-Ես ինծի թոյլ չտուի, ձեւով մը, մարդոց վէրքերը «պեղելու»։ Անշուշտ որոշ մարդոց հետ խօսած եմ, բայց իմ հիմնական նպատակս մարդոց յոյս տալն է։ Նոր գործերու որ կը սկսին, անոնց շարունակութիւնը ապահովել, անուղղակի ձեւով զիրենք խրախուսել։ Շատ դիւրին է պատերազմի մասին խօսիլը, այս կամ այն ձեւով։ Հոս կարծես երկու երկիր կայ։ Մէկ երկիրը Երեւանն է, ուր առաւօտներուն փողոցները լեցուն են եւ մեծ թիւով օտարերկրացիներ, զբօսաշրջիկներ կան, որոնք երեւանցիին չեն զգացներ, որ ինչ որ խնդիր կայ, մանաւանդ երբ կը տեսնէ խճողուած ճաշարանները։ Բայց երբ մակերեսը քիչ մը գրգռես, ի յայտ կու գայ վէրքը ու կը սկսին հարցումներ ուղղել՝ արդեօք հոս ապրիլը ապահո՞վ է, պէ՞տք է հոս մնանք, եւ այլն։ Կը ճանչնամ նաեւ մարդիկ, որոնք հոս հաստատուած էին, պիտի ձգեն ու երթան, եթէ այս պայմանները շարունակուին։ Օրինակ՝ մէկը որուն հետ կ՚աշխատիմ, որ այստեղացի է եւ իր ծնողքը 20 տարիէ Լոս Անճելըս է, հակառակ որ հոս գործ ունի, կացութեան պատճառով որոշած է ծնողներուն միանալ։ Ես այս մարդոց հետ միշտ կապի մէջ եմ, բայց այսպիսի որոշումներ չէի տեսած նախապէս, նախքան պատերազմը։ Սփիւռքահայեր, որոնք տարիներէ ի վեր հոս հաստատուած են իրապէս մտահոգ են։
-Դուք ի՞նչ կը մտածէք, ո՞ւր կ՚երթայ Հայաստանը։
-Ա՜հ, երանի գիտնայի։
-Բայց ի վերջոյ, պատկեր մը կայ չէ՞ ձեր մտքին մէջ։
-Պատկերը այն է, որ Հայաստանի շուրջ մեծ գործընթացներ կ՚ընթանան։ Երեւանը այսպէս կը շարունակէ։ Այն ինչ կը վերաբերի Երեւանի շուրջ, հոն ալ, չեմ կարծեր, որ մեծ հարցեր կ՚ըլլան։ Հայաստան մը կ՚ըլլայ, բայց ինչ Հայաստան է, Աստուած գիտէ։ Ի՞նչ կ՚ըլլայ հարաւը՝ մեծ հարցը այդ է։ Երբ տարիներ առաջ Արցախ շատ կ՚այցելէի, ես ինծի կ՚ըսէի, որ այդ գրաւեալ հողերը աւելի կարեւոր են Հայաստանին, քան Արցախին, որովհետեւ լերան միւս կողմը անոնք նստած են։ Հարաւ իջած ատեն Մեղրիով գացինք, ճանապարհին, ըսին, որ այս ճամբուն դարձուածքը ազէրիներու իշխանութեան տակ եղած է։ Եթէ այդ ճամբան յանձնես, այդ ճամբան, յստակ է, որ պիտի գոցուէր։ Հոն եթէ հակառակորդի զինուոր մը գայ եւ հրացանով կրակէ, Պարսկաստան-Հայաստան սահմանը կը փակուի։ Ասոր հաշիւը ղեկավարութիւնը չըրաւ։ Հաւանաբար վստահած էինք ռուսին, որ պիտի պաշտպանէ մեր սահմանը։
-Այս երեսուն տարուան ընթացքին մեր սխալը ի՞նչ էր, որ այս օրուան հասանք։ Կարծես մորեմերկ վիճակի մէջ ենք, եւ կը սպասենք հեղ մը Իրանին, հեղ մը Ամերիկային, հեղ մը ռուսին։ Կարծես, թէ մենք ալ չենք գիտեր, թէ ինչ կ՚ուզենք։
-Երեսուն տարուան ընթացքին, ըստ իս, կազմակերպուած ոչ մէկ աշխատանք եղաւ հարաւը, Արցախը հայացնելու, հայերով լեցնելու։ Հեռուները չերթանք, ուրիշներուն մէջ սխալ չփնտռենք։ Մտածենք, որ նախ եւ առաջ մենք ի՞նչ ըրինք, մենք որքանո՞վ կազմակերպուեցանք եւ գործի լծուեցանք։ Այսպիսի առիթ մը հազար տարին անգամ մը չէինք ունենար եւ առիթը փախցուցինք։
-Իսկ այսօրուան մեր հաւաքական ընելիքներուն մասին ի՞նչ կը խորհիք։
-Այսօր, ներքին կազմակերպուածութիւն մը պէտք է մէջտեղ գայ։ Մեր հաստատութիւնները մաքրազտման պահանջք ունին։ Նոր ուղութիւններ փնտռելու, նոր արիւն, նոր վերակազմութիւն, եւ այլն։ Անկէ անդին նաեւ անհրաժեշտ է որոշ աշխատանք մը, որ ներքին լարուածութիւնը կը նուազեցնէ։ Բեւեռացում մը կայ ահռելիօրէն, որ նոյնիսկ պետական աստիճանի վրայ կը գործադրուի։ Այդ բեւեռացումով տեղ պիտի չհասնինք։ Ամենէն սխալ գործունէութիւնն է, եւ այդ ուղղութեամբ մենք պիտի կորսնցնենք այն ներուժը, որ պիտի գայ սփիւռքէն։ Այս առաւօտուայ լուրերուն մէջ լսեցի, որ Էտուարտ Աւետիսեանը, որուն հետ բաւական մօտ եղած եմ, Պոսթընի համալսարանին 100 միլիոն տոլար նուիրած է։ Բժշկական համալսարանն ալ հիմա կը կոչուի՝ Էտուարտ Աւետիսեան եւ Արամ Չոպանեան անունով, որ իր մանկութեան ընկերը եղած է եւ ասկէ առաջ Պոսթընի համալսարանին նախագահն էր։ Ինք շատ օգնած է Հայաստանին, հոս Աւետիսեան դպրոցը կառուցած է։ 8 միլիոն տոլար, որ տուած էր այս շէնքը կառուցելու, որպէսզի իր մեծ եղբօրը՝ Փարամազի անունով կնքուի։ Այս, սփիւռքի կարեւոր ներուժներէն մէկու մը օրինակն է միայն։ Բայց եթէ երկրին մէջ բեւեռացումներ տեսնեն, մարդիկ կը խուսափին, կը հեռանան եւ վստահութիւն չեն ունենար։ Ներքին միասնականութիւնը ամենէն կարեւորն է։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան