«ՄԻԱՍԻՆ ՅԱՆՈՒՆ ԱԶԳԻ ԱՌՈՂՋՈՒԹԵԱՆ»

Ե­րե­ւա­նի մէջ այս օ­րե­րուն տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Հա­յաս­տա­նի չոր­րորդ մի­ջազ­գա­յին բժշկա­կան հա­մա­գու­մա­րը, որ իր ա­ւար­տին պի­տի հաս­նի վա­ղը։ Մի­ջազ­գա­յին համ­բա­ւի տէր մաս­նա­գէտ­նե­րու, բժիշկ­նե­րու եւ բոյժ-քոյ­րե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ տե­ղի կ՚ու­նե­նան հա­մա­գու­մա­րի աշ­խա­տանք­նե­րը։ Հա­յաս­տա­նի Ա­ռա­ջին տի­կին Ռի­թա Սարգ­սեա­նի բարձր հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ կեան­քի կը կո­չուի այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը։ Յատ­կանշա­կան է, որ այս հա­մա­գու­մա­րի նա­խըն­թաց օ­րուան բաց­ման հան­դի­սու­թիւ­նը  զու­գա­դի­պե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի բժշկա­կան կալ-ւա­ծի աշ­խա­տող­նե­րու օ­րուան։

Հա­յաս­տա­նի Ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան նա­խա­րար Ար­մէն Մու­րա­տեան նշեց, թէ այս տա­րուան հա­մա­գու­մա­րի գե­րա­կա­յու­թիւն­նե­րուն շրջագ­ծով յա­ռաջ կը քշուին հան­րա­յին ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան խնդիր­նե­րը՝ հա­շուի առ­նե­լով, որ հան­րա­յին ա­ռող­ջու­թիւ­նը ազ­գի մը հարս­տու­թիւն­նե­րէն մին է եւ անհ­րա­ժեշտ է ա­մէ­նօ­րեայ ու­շադ­րու­թեան կեդ­րո­նին պա­հել հի­ւան­դա­նո­ցա­յին եւ ար­տա­հի­ւան­դա­նո­ցա­յին ծրագ­րե­րը։ Նա­խա­րա­րը ընդգծեց, որ այդ ծրագ­րե­րը ի­րենց ար­դիւն­քին կը հաս­նին տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին։ Հե­տե­ւա­բար, ի­րենք չեն ակն­կա­լեր ա­րանգ եւ դրա­կան ար­դիւնք։ «Կը յու­սամ, որ այդ ծրագ­րե­րը ի­րենց ու­րոյն տե­ղը պի­տի գտնեն մեր այ­սօ­րուան աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ ու պի­տի պսա­կուին յա­ջո­ղու­թեամբ։ Մեր գե­րա­կայ խնդիր­նե­րու շար­քին են՝ մօր եւ ման­կան ա­ռող­ջու­թիւ­նը, ծխե­լու դէմ պայ­քա­րը, դե­ղե­րու մա­սին նոր օ­րէն­քը, դի­մադ­րու­թեան ծրա­գի­րը», ը­սաւ Ար­մէն Մու­րա­տեան։

Հա­յաս­տա­նի չոր­րորդ մի­ջազ­գա­յին բժշկա­կան հա­մա­գու­մա­րին ըն­թաց­քին կը քննար­կուին երկ­րի ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան վե­րա­բե­րեալ բարդ խնդիր­ներ, նե­րա­ռեալ Ար­ցա­խը։ Օ­րա­կար­գի վրայ կու գան քաղց­կե­ղի բուժ­ման եւ վե­րար­տադ­րո­ղա­կան ա­ռող­ջու­թեան նո­րա­գոյն ձեռք­բե­րում­նե­րը, փոր­ձա­գի­տա­կան յա­ռա­ջըն­թա­ցը։ Ու­շադ­րու­թեան կեդ­րո­նին կը գտնուին նաեւ թե­րի եւ գերս­նուց­ման հա­մընդ­հա­նուր խնդի­րը։ Հա­մա­գու­մա­րին շրջագ­ծով կը կազ­մա­կեր­պուին 17 ար­բա­նեա­կա­յին գի­տա­ժո­ղով­ներ՝ ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան ո­լոր­տի նո­րա­գոյն մօ­տե­ցում­նե­րը երկ­րի մար­զե­րուն մէջ աշ­խա­տող բժիշկ­նե­րուն փո­խան­ցե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։

1980 թուա­կա­նէն ի վեր այս հա­մա­գու­մա­րը կ՚ի­րա­կա­նա­ցուի չորս տա­րին ան­գամ մը՝ աշ­խար­հի զա­նա­զան եր­կիր­նե­րուն մէջ։ Հա­յաս­տա­նի մէջ մի­ջազ­գա­յին ա­ռա­ջին հա­մա­գու­մա­րը տե­ղի ու­նե­ցած էր 2003 թուա­կա­նին։ Յա­ջոր­դած էին 2007-ի եւ 2011-ի հա­մա­գու­մար­նե­րը։ Իսկ այս տա­րի Ե­րե­ւան կը հիւ­րըն­կա­լէ ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան ո­լոր­տի հայ կամ օ­տար շուրջ եր­կու հա­զար մաս­նա­գէտ։

Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան հար­ցե­րու մշտա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Ա­րա Բաբ­լո­յեան նշեց, թէ այս հա­մա­գու­մա­րի կար­գա­խօսն է՝ «Միա­սին յա­նուն ազ­գի ա­ռող­ջու­թեան»։

Հա­յաս­տա­նի Ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան եւ Հայ­կա­կան բժշկա­կան մի­ջազ­գա­յին կո­մի­տէի բարձր հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ կը կա­յա­նայ այս հա­մա­գու­մա­րը, ո­րու շրջագ­ծով բա­նա­խօս­նե­րը եւ մաս­նա­կից­նե­րը կ՚անդ­րա­դառ­նան մեր օ­րե­րու ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան վե­րա­բե­րեալ կա­րե­ւոր հիմ­նախն­դիր­նե­րուն։ Ա­նոնք կը լու­սա­բա­նեն ընդ­հա­նուր բժշկու­թեան, սրտա­բա­նու­թեան, վի­րա­բու­ժու­թեան, ա­տամ­նա­բու­ժու­թեան, բոյժ-քոյ­րա­կան գոր­ծի, ա­ռող­ջա­պա­հա­կան կրթու­թեան, բա­րո­յա­գի­տու­թեան, այ­լընտ­րան­քա­յին բժշկու­թեան ո­լոր­տէն ներս ար­ձա­նագրուած յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րը, նաեւ կ՚ար­ծար­ծեն յա­րա­կից բազ­մաբնոյթ խնդիր­ներ։ Հա­յաս­տա­նի ա­ռըն­թեր Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րէն, Ֆրան­սա­յէն, Ռու­սաս­տա­նէն, Անգ­լիա­յէն, Ար­ժան­թի­նէն եւ Լի­բա­նա­նէն մաս­նա­գէտ­ներ փու­թա­ցած են Ե­րե­ւան՝ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րե­լու հա­մար հա­մա­գու­մա­րի ծրագ­րին։

Ե­րե­ւա­նի Օ­փե­րա­յին մէջ հան­դի­սա­ւոր ե­րե­կոյ­թով մը բա­ցուած այս հա­մա­գու­մա­րին ա­ռըն­չու­թեամբ Հա­յաս­տա­նի Ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան փոխ-նա­խա­րար Գա­գիկ Մի­րի­ճա­նեանն ալ ընդգ­ծեց, որ միայն Բժշկա­կան հա­մալ­սա­րա­նի հի­ման վրայ կա­րե­լի է գնա­հա­տել այս հա­մա­գու­մա­րի դրա­կան ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րը երկ­րին վրայ։ Նա­խորդ հա­մա­գուր­մա­նե­րու ար­դիւն­քին Բժշկա­կան հա­մալ­սա­րա­նէն ներս ստեղ­ծուած են զա­նա­զան նոր կեդ­րոն­ներ։ Այս տա­րի եւս Ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը ակն­կա­լու­թիւն­ներ ու­նի այս հա­մա­գու­մա­րէն։

Ուրբաթ, Յուլիս 3, 2015