«ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԱՐՀԱՒԻՐՔՆԵՐԸ»

Չեխ գրող ու ճանապարհորդ Քարել Հանսայի կողմէ հեղինակուած «Արեւելքի արհաւիրքները» գիրքը այս շրջանին հայերէնի թարգմանուած է՝ Փրակի «Օրեր» համաեւրոպական ամսագրի համահիմնադիր Աննա Կարապետեանի կողմէ։ Այս գործը, որ 1915-ի մասին կը պատմէ, առաջին անգամ թարգմանուած է հայերէնի։ Երէկ, Երեւանի մէջ, Ծիծեռնակաբերդի թանգարան-կաճառի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ այս գիրքին շնորհանդէսը։

Աննա Կարապետեան յայտնեց, որ հեղինակը մասնագիտութեամբ գրող չէ եղած ու որոշած է ճամբորդել դժբախտ սիրոյ պատճառով։ «Արեւելքի արհաւիրքները» գիրքին մէջ ան վաւերագրած է իր տեսածները։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 21, 2022