«ԺԱՄԱՆԱԿԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ. ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ» ԽՈՐԱԳՐԵԱԼ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ՝ ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԻ ԵՐԴԻՔԻՆ ՏԱԿ

Երեւանի Մատենադարանին մէջ այս օրերուն բացուած է «Ժամանակին ընդառաջ. վերականգնումը Հայաստանի մէջ» խորագրեալ ցուցահանդէս մը, որ կ՚արժանանայ թէ՛ հետաքրքիրներու եւ թէ՛ մասնագիտական շրջանակներու ուշադրութեան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս ցուցահանդէսը կ՚ընդգրկէ իրեր, որոնք վերականգնուած են հայ մասնագէտներու կողմէ։ Ներկայացուած են պրոնզ, սեւ ու կարմիր խեցեղէն, ճենապակի, բանուածք, թուղթ, մագաղաթ, իւղանկար եւ այլն։ Լայն է նաեւ ժամանակային եւ աշխարհագրական ընդգրկումը՝ վաղ պրոնզէ դարէն մինչեւ 20-րդ դարու կէսերը։ Ստեղծման ու պեղման աշխարհագրութիւնն ալ ընդարձակ է՝ Պոլիս, Մատրաս, Ռուսաստան, Նոր Ջուղա, Սուրիա, Թուրքիա, Հայաստան։

Մատենադարանի տնօրէն Վահան Տէր-Ղեւոնդեան ցուցահանդէսի բացման ժամանակ յայտնեց, որ սա եզակի ձեռնարկ մըն է, որով յարկի մը տակ համախմբուած են ութ մշակութային հարստութիւններ։

Այս ցուցահանդէսը բացուած է Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան «Թանգարանային ծրագրեր եւ միջոցառումներ» անուանակարգի դրամաշնորհային ծրագրով։ Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 9 յունիս 2023 թուականը։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 21, 2022