ԸՆԴԼԱՅՆՄԱՆ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան վերջին օրերուն աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Հնդկաստան։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ան մասնակցեցաւ «Հնդկական ովկիանոսի տարածաշրջան եւ գործընկերներ» ձեւաչափով կազմակերպուած պաշտպանութեան նախարարներու համաժողովի մը։ Հնդկաստանի Կանտինակար քաղաքին մէջ Սուրէն Պապիկեան այցելեց նաեւ «DEFEXPO 2022» ցուցահանդէսը, ուր տաղաւարները շրջելով ծանօթացաւ ներկայացուած ցուցանմոյշներուն եւ զրուցեց շարք մը ընկերութիւններու ղեկավարներուն հետ։ Իսկ յիշեալ համաժողովի ընթացքին քննարկուեցան միջազգային անվտանգութեան արդի խնդիրներն ու անոնց լուծման հեռանկարները։

Կեցութեան օրերուն Սուրէն Պապիկեան հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Հնդկաստանի Պաշտպանութեան նախարար Շրի Ռաժնաթ Սինկհի հետ։  Զրոյցի ընթացքին կողմերը գոհունակութիւն յայտնեցին համագործակցութեան ներկայ մակարդակին համար։ Քննարկուեցան համագործակցութեան ընդլայնման հնարաւորութիւնները, երկկողմանի ռազմական ու ռազմաթեքնիք համագործակցութեան վերաբերեալ շարք մը հարցեր։ Պապիկեան ներկայացուց Ատրպէյճանի բռնութեան հետեւանքով ստեղծուած դրութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց միջազգային ատեաններու մէջ Հնդկաստանի յստակ դիրքորոշման համար։

Վերջին շրջանին հայկական լրահոսին մէջ հետզհետէ աւելի ուշադրութիւն կը գրաւեն այն լուրերը, ըստ որոնց Հայաստան կը պատրաստուի զէնք ու զինամթերք ներածել Հնդկաստանէն։ Պապիկեանի վերջին այցելութեան զուգահեռ ալ հաղորդուեցաւ, որ Հայաստան կը դիտարկէ Հնդկաստանէն «Աքաշ» զենիթահրթիռային համակարգեր եւ «Քամիքածէ» տրոններ ձեռք բերելու հնարաւորութիւնը։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 21, 2022