ԴԷՊԻ ՄԱԼԱԹԻԱ ԵՒ ՍԵԲԱՍՏԻԱ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս օրերուն այցելութիւն մը կու տայ գաւառի մեր համայնքներուն։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ուղեւորութեան ծրագիրը կ՚ընդգրկէ Մալաթիան ու Սեբաստիան։ Նորին Ամենապատուութեան կ՚ընկերանայ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։
Ուղեւորութեան առաջին փուլին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շփումներ ունեցաւ Մալաթիոյ մէջ։ Իրեն միացան նաեւ գաւառի տեսուչ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան եւ շրջանի բնակիչ հայեր։
Մալաթիոյ մէջ երէկ առաւօտ երբեմնի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան։ Այժմ «Թաշխորան» մշակոյթի կեդրոնի վերածուած այս եկեղեցւոյ արարողութեան նախագահելու առընթեր Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Ս. Պատարագի ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը այցելեց նաեւ տեղւոյն գերեզմանատունը, ուր հոգեհանգստեան պաշտօն տեղի ունեցաւ։
Օրուան տեւողութեան Ամենապատիւ Ս. Պատրիարք Հայրը քաղաքավարական այցելութիւններ տուաւ Մալաթիոյ կուսակալ Հուլուսի Շահինին եւ գլխաւոր քաղաքապետ Սելահատտին Կիւրքանին։
Այս բոլորէն վերջ Մալաթիոյ մերձակայ Վանք գիւղի երբեմնի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին այցելեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։ Հարկ է նշել, որ այս եկեղեցին աղօթատունն էր երբեմնի համանուն վանքին։ Այժմ նորոգուած եւ փլուզումէ փրկուած է քաղաքապետութեան ջանքերով։ Շրջապատն ալ բարեզարդուած ըլլալով կը պարզէ ներկայանալի տեսք մը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր գլխաւորութեամբ կարճ աղօթք մը տեղի ունեցաւ այստեղ։ Աղօթքով վերյիշուեցան նաեւ տեղւոյն վախճանեալ վանահայրերն ու միաբանները, ինչպէս նաեւ գիւղաբնակ ննջեցեալները։
Երեկոյեան ալ քաղաքապետարանի հիւրանոցի սրահին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ի պատիւ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան մը, որ կազմակերպուած էր շրջանի բնակիչ հայերուն կողմէ։ Ճաշկերոյթի աւարտին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հանդէս եկաւ օրհնութեան խօսքով։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ուղեւորութիւնը պիտի շարունակուի դէպի Սեբաստիա այցելութիւնով։