ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆԻ ԵՒ ԷՍԱԵԱՆԻ ՍԱՆԵՐԸ ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ԲԱՑՕԹԵԱՅ ՀԱՄԵՐԳԻ ՄԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ՄԷՋ

Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած «Beyoğlu Kültür Yolu» փառատօնը կը շարունակէ անմիջական ուշադրութեան արժանանալ։ Երէկ, Թիւնէլի մէջ, այս ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ Պէյօղլուի Բ. երիտասարդ արժէքներու համերգը։ «Թարըք Զաֆէր Թունայա» բաց բեմահարթակին վրայ կազմակերպուած այս համերգին մասնակցութիւն բերին նաեւ Էսաեանի եւ Կեդրոնականի աշակերտները՝ այլ վարժարաններէ խումբերու առընթեր։

Երաժշտութեան ուսուցիչ Մուրատ Իչլինալչայի հսկողութեան ներքեւ՝ Էսաեանի խումբին մաս կազմեցին՝ Արտէն Իւնսալ (դասական կիթառ) եւ Ժերոմ Պորան Շիմշէքչաք (դաշնակ)։ Երաժշտութեան ուսուցիչ Յակոբ Մամիկոնեանի հսկողութեան տակ Կեդրոնականի խումբին մաս կազմեցին Արթուն Արծիւեան, Սեսիլ Սերենկիլ, Սերա Արագիլեան, Նորա Էօզան, Արման Էօզտեմիր, Արէս Լիսան, Լիա Վարդանեան, Լարա Չընար եւ Աւետիս Տողանայ։ 40 վայրկեան տեւեց այս համերգը, որ ունկնդիրներու ջերմ ծափոյջոյններուն արժանացաւ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 22, 2022